Զմմառու Տիրամօր առաջին մատուռ մը Հայաստանի Փանիկ գիւղին մէջ

Զմմառու Տիրամօր առաջին մատուռ մը Հայաստանի Փանիկ գիւղին մէջ

Կիրակի 17 սեպտեմբեր 2017-ին, Ս. Խաչի տօնին, Հայաստանի հիւսիսը գտնուող Փանիկ գիւղին մէջ, Զմմառու Տիրամօր մոմավառութեան նուիրուած մատրան բացումը կատարուեցաւ ձեռամբ՝ տեղւոյն ժողովրդապետ հայր Գառնիկ ծ.վ. Յովսէփեանի, ներկայութեամբ՝ Զմմառու միաբան՝ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանին, որ կը ներկայացնէր Զմմառու Վանքը, որ նեցուկ հանդիսացաւ այս մատրան ծրագրի իրականացման աշխատանքներուն:

1992 թուականին, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին սկսաւ իր հոգեւոր գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի մէջ: Արդ, անմիջապէս առաքեալներ ուղղարկուեցան որպէսզի ոգի ի բռին, գիւղէ գիւղ, հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն հոգեւոր ծառայութիւններ մատուցանեն: Մեծ էր նուիրումը անոնց, որոնց գունդին մաս կը կազմէին անպատճառ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան հայրերէն մի քանի նուիրեալներ, որոնք հոգեւոր այս վսեմ առաքելութիւնը կարեւոր նկատած էին։ Ուստի զոհելով իրենց անձնական հանգիստը ու հնազանդելով իրենց մեծաւորներուն թելադրանքներուն՝ անոնք մեծ նուիրումով կը ծառայէին սովետականութեան պարտադրանքով հոգեւոր կեանքէ զրկուած հաւատացեալ հայորդիներուն: Առաջին հերթին, կարեւոր էր անշուշտ ծառայութիւնը առաւելաբար հոգեւոր մարզէն ներս:

Արդ, երկար տարիներ լքուած մատուռներն ու եկեղեցիները վերստին լայն բացին իրենց դռները հաւատացեալներուն ընդառաջ: Պատարագներն ու Խորհուրդներու մատակարարումը, Աւետարանի հատուածներու բացատրութիւնն ու ժամասացութիւնները, Վարդարանի ու զանազան ջերմեռանդական աղօթքները նպաստեցին անոնց հոգեւոր վերազարթօնքին ու բարոյական արժէքներու վերականգնումին ու պահպանման: Այսպէս, հաւատացեալները դիմեցին առ ամենակալն Աստուած, որպէսզի երկնային շնորհները անպակաս ըլլան ու անոնց զօրութեամբ կարենան դիմագրաւել ամենօրեայ դժուարութիւնները: Այսուհանդերձ, այդ յարաճուն դժուարութիւնները յաճախ պատճառ կը դառնային հաւատացեալներու ակամայ հեռացումին Եկեղեցիէն:

Զմմառու հրաշագործ Ցաւագին Տիրամօր նուիրուած մատրան մը գոյութիւնը միայն պիտի կարենար բարեշրջել վերոնշեալ հասարակութեան կեանքը։ Արդարեւ, Ցաւագին Տիրամօր հրաշագործ ձեռքերուն բարիքները վայելող մը պիտի դառնար հեղինակը Տիրամօր նուիրուած մատուռ մը կանգնեցնելու գաղափարին, որովհետեւ Տիրամայրը ամենուրեք կը հասնի մեզի, հաւատացեալներուս բոլոր խնդրանքներուն՝ միջամտելով իր Որդւոյն՝ Քրիստոսի մօտ: Առ այս, այսօրուայ կեանքի պայմաններուն ընդառաջ, յոյժ կարեւոր է անոր բարեխօսութիւնը մարմնացնող այն մատուռը՝ ուր հաւատացեալ հայը պիտի կարենայ իր հաւատքը արտայայտող մոմ մը վառել Տիրամօր պատկերին դիմաց ու իր աչքերը թեքելով առ Տիրամայր, որդիաբար խնդրել անոր անմիջական միջամտութիւնը:

Այսպէս, Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի հայրական օրհնութեամբ, գերյ. հ. Գառնիկ ծ. վ. Յովսէփեան, ժողովրդապետը Փանիկ գիւղի եկեղեցւոյ, ձեռնարկեց այս ծրագրին ու զայն հաւատարմօրէն հասցուց իր դրական աւարտին: Ձեռնարկին նեցուկ հանդիսացաւ Զմմառու վանքը, որպէս Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ փարոս, Զմմառու Տիրամօր բարիքներու աղբիւր, ուր 1940-էն ի վեր, երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կարդինալի բարերարութեամբ կառուցուած եւ ուխտաւորներուն ընդառաջ կանգնած է Տիրամօր նուիրուած մատուռը, որու խորանին կեդրոնը՝ Զմմառու Տիրամայրը՝ մայրական գուրգուրալի աչքերը սեւեռած իւրաքանչիւր դիմողի, պատրաստ է ունկնդրելու բոլոր ուխտաւորներուն աղաչանքները:

Այսպէս, Հայաստանի թեմի 25 ամեակին, դէպի նոր ամեակներ ընթացող այս հոգեւոր առաջնորդութիւնը ու անոր հօտը նոր էջ մը կը բանայ իր հոգեւոր պատմութեան գրքին մէջ, ուր առաւել եւս պիտի արձանագրուին Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր նորօրեայ բազում շնորհքները, միջնորդութիւններն ու հրաշքները:

Յետ այսու, հաւատացեալները իրենց ամենօրեայ աղօթքներուն ընթացքին պիտի դիմեն անոր կրկնելով՝ «Տիրամայր Զմմառու աղօթեա վասն մեր»:

Երեւան, սեպտեմբեր 2017

ՄԱՇՏՈՑ ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ