ՎԱՏԻԿԱՆ-ՄՈՍԿՈՒԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ԿԱՐԵԼԻ ՊԻՏԻ ԴԱՐՁՆԷ՞ ՊԱՊԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ

ՎԱՏԻԿԱՆ-ՄՈՍԿՈՒԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ  ԿԱՐԵԼԻ ՊԻՏԻ ԴԱՐՁՆԷ՞ ՊԱՊԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ

Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի Ռուսաստան կատարած չորս օրեայ (20-24 Օգոստոս) պաշտօնական այցելութիւնը յայտնապէս տրամաբանական շարունակութիւնն էր Մոսկուայի եւ համայն Ռուսաստանի Պատրիարք Կիւրեղի (Քիրիլ) եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին միջեւ 2016-ի Փետրուարի 12-ին (1054-ի եկեղեցական մեծ բաժանումէն գրեթէ հազար տարի անց) Հաւանայի մէջ (Քուպա) տեղի ունեցած պատմական հանդիպումին, եւ ասով՝ Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն միջեւ յառաջացած «նոր մթնոլորտ»ին, ինչպէս ըսաւ Վատիկանի դիւանագիտութեան պետը, եւ որ ամրագրուեցաւ այնուհետեւ Սուրբ Նիկողայոսի մասունքներու փոխադրութեամբ Պարիէն Ռուսաստան միեւնոյն տարուան մայիսին եւ անոնց ցուցադրութեամբ Մոսկուայի եւ Սան Փեթերզպուրկի մէջ, ուր արժանացան հաւատացեալներու բարեպաշտական մեծարանքին։ Քուպայի մէջ, երկու հոգեւոր պետերը ստորագրած էին Միացեալ Յայտարարութիւն մը որով կը հաստատէին իրենց յանձնառութիւնը աշխատելու ի խնդիր խաղաղութեան եւ Աստուծոյ կողմէ ուզուած միութեան վերահաստատումին։

Պարզ այն իրողութիւնը որ ուղղիղ 18 տարիէ ի վեր առաջին անգամն է որ Պապին մէկ ներկայացուցիչը Մուսկուայի մէջ կը յայտնուի հանդիսաւորապէս՝ ցոյց կու տայ Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն միջեւ շրջադարձային հանգրուանի մը սկզբնաւորութիւնը։ Արդարեւ, Փարոլինը կանխած էին կարդինալ Ակոսթինօ Քազարոլի 1988-ի յունիսին, Պերլինի Պատի անկումէն առաջ, Ռուսաստանի քրիստոնէացման հազարամեակին առթիւ, երբ ան Քրեմլինի մէջ ընդունուած էր Միխայիլ Կորպաչեւին կողմէ, ապա 11 տարի ետք, 1999-ին, կարդինալ Անճելօ Սոտանոն՝ Անարատ Յղութեան Եկեղեցւոյ օծումին առթիւ։ Այս շրջադարձային հանգրուանին բացումը արդիւնքն է նաեւ երկու կողմերուն այն համոզումին որ Եկեղեցիները շինիչ դերակատարութիւն կրնան ունենալ համայն մարդկութիւնը յուզող հոգեւոր, մշակութային, քաղաքական եւ նոյնիսկ անվտանգութեան բարդ խնդիրներու լուծումին մէջ, ինչ որ հրամայական կը դարձնէ ոչ միայն կաթողիկէներու եւ ուղղափառներու միջեւ, այլ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն ու համագործակցութեան ընդլայնումն ու զարգացումը։

 

ԷՕՔԻՒՄԵՆԻԶՄԸ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԶՈՒԳԱՀԵՌ

Էօքիւմենիզմը եւ դիւանագիտութիւնը զուգահեռաբար հանդիսացան ընդհանուր խորագիրը այն հանդիպումներուն զորս կարդինալ Փարոլին ունեցաւ Ռուսաստանի եկեղեցական եւ պետական գերագոյն իշխանութիւններուն հետ, որոնց հրաւէրով կը գտնուէր Մոսկուա։ Արդարեւ, Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ եկեղեցական արտաքին յարաբերութիւններու Բաժանմունքի նախագահ Մետրոպոլիտ (Արքեպիսկոպոս) Հիլարիոնին եւ ապա Կիւրեղ (Քիրիլ) Պատրիարքին հետ Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղարին ունեցած երկարատեւ հանդիպումները առաւելաբար էօքիւմենիք բնոյթ ունէին, իսկ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին եւ ապա նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ հանդիպումները՝ դիւանագիտական։ Այսուհանդերձ, այս հանդիպումներու ընթացքին արծարծուած բոլոր նիւթերը, էօքիւմենիք թէ դիւանագիտական, ուղղակի կամ անուղղակիօրէն կը հպէին միջազգային հասարակութիւնը յուզող հրատապութիւններու, որոնց արծարծումը կամայ֊-ակամայ դուրս կու գար էօքիւմենիզմի կամ դիւանագիտութեան շրջագիծէն՝ զգենալով քաղաքական բնոյթ, հակառակ անոր որ Սուրբ Աթոռը եւ Սրբազան Քահանայապետը միշտ խուսափած են քաղաքականութենէ։ Անոնց վարած քաղաքականութիւնը հիմնուած է մարդկայնականութեան վրայ։ Մարդկայնականութեան քաղաքականութիւն է։ Մարդկայնականութենէ առաջնորդուելով է որ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, որ Սրբազան Պապին անմիջական տեղակալն է, Ռուսաստան այցելութեան նախօրեակին իտալական մամուլին կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ ըսած էր թէ «այս պահուն երբ ականատեսն ենք տագնապներու եւ հակամարտութիւններու աճին աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ ինծի համար անձնապէս՝ խաղաղութիւնը կը հանդիսանայ անշրջանցելի եւ յստակ առաջնահերթութիւն մը»։ Իրաւամբ, Կարդինալին ռուս հոգեւոր թէ քաղաքական պատասխանատուներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն օրակարգերուն առանցքը կազմեց խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը, «որոնք հոգեւոր մեծ արժէքներ են որոնցմով պէտք է տոգորուի ամբողջ մարդկային կեանքը եւ մասնաւորաբար Պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները» ըսած է Փարոլին Մոսկուա ժամանումին ռուսական Նովոսթի գործակալութեան շնորհած հարցազրոյցի մը մէջ, աւելցնելով որ Ռուսաստան կ’երթայ «քննարկելու համրար աշխարհի շատ ու շատ շրջաններ տառապեցնող հակամարտութիւններու վերաբերեալ խնդիրներ, որպէսզի ամէն ճիգ թափուի ամէն մարդու արժանապատուութեան եւ անբռնաբարելիութեան ի խնդիր արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար»։

 

ՌՈՒՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԸ ՀԱՄԱԿԱՐԾԻՔ

Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցին կարդինալ Փարոլինի Ռուսաստան այցելութեան առաջին վայրկեանէն իսկ զգացուց որ միջազգային հրատապութիւններուն Սուրբ Աթոռին մօտեցումէն տարբեր չէ նաեւ իր կեցուածքը։ Արդարեւ, կարդինալ Փարոլինին եւ Հիլարիոն Արքեպիսկոպոսին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, որ առաջինն էր Փարոլինի այցելութեան, Մոսկուայի Պատրիարքութեան կողմէ լոյս ընծայուած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է թէ «քաղաքականութիւնը պէտք չէ միջամուխ ըլլայ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Այս մասին Մոսկուայի Պատրիարքութիւնը եւ Սուրբ Աթոռը համակարծիք են»։ Առաւելաբար Ուքրանիոյ մէջ Եկեղեցիներէն ակնկալուած խաղաղարար դերակատարութեան ուղղուած այս ակնարկութիւնը սակայն արգելք չէ եղած որ Փարոլին եւ Հիլարիոն արծարծեն Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ հակամարտութիւնները միաժամանակ, համաձայն գտնուին Սուրիոյ հողամասին վրայ նախ ահաբեկչութեան վերջ դնելու եւ խաղաղութիւն իրագործելու անհրաժեշտութեան, եւ միայն անկէ ետք խօսուի երկրի քաղաքական ապագան ճշդելու մասին, խօսին Մոսկուայի Պատրիարքութեան եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ Միջին Արեւելքի շուրջ նոր խորհրդակցութիւններու օգտակարութեան եւ այս մարզէն ներս մարդասիրական գործակցութիւնը շարունակելու մասին, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ողբերգական վիճակը նկատեն ամէնէն հրատապ խնդիրներէն մէկը։

 

ԿԻՒՐԵՂ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Վատիկանի եւ Ռուս Ուղղափառ Պատրիարքութեան միջեւ սառցահալը խորհրդանշող իրադարձութիւն մը հանդիսացաւ Պապի ներկայացուցչին եւ համայն Ռուսաց Կիւրեղ Պատրիարքին հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ 22 օգոստոսին Սուրբ Դանիէլ վանքի Պատրիարքական ապարանքին մէջ։ Հանդիպումին օրակարգը գրեթէ կրկնութիւնն էր Մետրոպոլիտ Հիլարիոնին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին.- Երկու եկեղեցիներուն միջեւ յարաբերութեանց զարգացումը, մարդասիրական օգնութիւն Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութիւններուն զոհ բնակչութեանց, օգնութիւն մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, ուքրանական տագնապը։ Հանդիպումէն ետք, Կիւրեղ Պատրիարքը հաստատեց թէ «Վատիկանի պետական քարտուղարի մը այս առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Ռուսաստան վկայութիւնն է Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Սուրբ Աթոռին, ինչպէս նաեւ մեր երկու Եկեղեցիներուն միջեւ յարաբերութեանց զարգացումին»։ «Իրաւամբ, նոր հանգրուան մը սկսաւ մեր յարաբերութիւններուն մէջ» ըսաւ ան։

Vatican Secretary of State Pietro Parolin, right, meets head of the Russian Orthodox Church Patriarch Kirill, at the St. Danilov monastery, Russian Patriarch's residence in Moscow, Tuesday, Aug. 22, 2017. (AP Photo/Alexander Zemlianichenko)

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Ռուսաստանի հոգեւոր առաջնորդներուն հետ հանդիպումներուն զուգահեռ՝ Ռուսատանի նախ դիւանագիտութեան պետին՝ Սերկէյ Լաւրովին, ապա նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ երկարատեւ հանդիպումները ցոյց տուին Պապի ներկայացուցչին այցելութեան ոչ-֊էօքիւմենիք, չըսելու համար քաղաքական բնոյթը, որքան ալ Սուրբ Աթոռը փորձէ մարդկայնականութեան տեսանկիւնէն մօտենալ միջազգային հրատապ խնդիրներուն, որոնց անդրադարձան անոնք իրենց աւելի քան 90 վայրկեան տեւած խօսակցութեան աւարտին իրենց տուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին։ Այդ խնդիրներու շարքին Լաւրով եւ Փարոլին յիշատակեցին վենեզուելլական տագնապը, «որուն մէջ Ռուսաստան մեծ դեր մը ունի խաղալիք» ըսաւ Կարդինալը, Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի հակամարտութիւնները։ Դէտեր նկատեցին որ հակառակ իրենց ցուցաբերած տարբեր մօտեցումներուն, Ռուսաստան եւ Սուրբ Աթոռը յաճախ համակարծիք կը յայտնուին։ Այսպէս, անոնք կը բաժնեն աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու մէջ քրիստոնեաներու հալածանքներուն պատճառած մտահոգութիւնը։ Այս կապակցութեամբ, Կարդինալը յիշեցուց Սուրբ Աթոռին կառչումը կրօնական ազատութիւնները յարգուած տեսնելու պահանջին։ Ան գոհունակութեամբ հաստատեց որ իր խօսակիցը ուշադրութիւն ցուցաբերած է Ռուսաստանի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դիմագրաւած կարգ մը դժուարութիւններուն մասին իր կատարած նկատողութիւններուն։

P1

ՓՈՒԹԻՆԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ԴՐԱԿԱՆ, ՍԻՐԱԼԻՐ ԵՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԵՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՆԵՐՔԵՒ

Այս հաստատումը կատարեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ կարդինալ Փարոլինին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Սուրբ Աթոռին կողմէ լոյս ընծայուած հաղորդագրութիւնը։ Հանդիպումը՝ որով եզրափակուեցաւ Կարդինալին Ռուսաստան այցելութիւնը, տեղի ունեցաւ 23 օգոստոսին, Սոչիի նախագահական ապարանքին մէջ, ուր կաթողիկէ բարձրաստիճան հոգեւորականը գնաց ռուսական մասնաւոր օդանաւով մը։ Այս առթիւ լոյս ընծայուած ռուսական հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը եղած է կարծիքներ փոխանակելու միջազգային այժմէական խնդիրներու շուրջ եւ յատկապէս քննարկելու Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի քրիստոնեաներուն վիճակը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ կացութիւնը։

Փութին ողջունած է Սուրբ Աթոռին եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ զարգացող «շինիչ երկխօսութիւնը»։ Ան յիշեցուցած է Վատիկանի մէջ գտած ջերմ ընդունելութիւնը եւ Պապին հետ ունեցած խօսակցութիւնը։ «Տեւապէս կ’աշխատինք գործադրութեան դնելու համար Պապին հետ 2015-ի յունիսին մեր հանդիպումներու ընթացքին կնքուած համաձայնութիւնները» ըսած է ան, աւելցնելով որ ինք շատ ուրախ է Սուրբ Աթոռին եւ Մոսկուայի օրթոտոքս Պատրիարքութեան միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութեան եւ Վատիկանի ու Ռուսաստանի միջեւ հաստատուած յարաբերութիւններուն համար, «որոնք հիմնուած են կաթողիկէներուն եւ օրթոտոքսներուն բաժնած հասարակաց մարդկային արժէքներուն վրայ»։

Վատիկանի պետական քարտուղարը իր կարգին գոհունակութիւնը յայտնած է Սուրբ Աթոռին եւ Ռուսաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններուն համար, որոնք կը զարգանան շփումներով, փոխադարձ նախաձեռնութիւններով եւ զանազան հանդիպումներով։ Ան յիշատակած է յատկապէս կաթողիկէ հոգեւորականներուն դիւանագիտական վիզաներէ զերծ կացուցման մասին Մոսկուայի եւ Վատիկանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը, որ պիտի դիւրացնէ կաթողիկէ հոգեւորականներուն մուտքը Ռուսաստան։ Ասիկա կը նկատուի Փարոլինի այցելութեան գլխաւոր արդիւնքներէն մէկը, որովհետեւ կը նշանակէ թէ ռուսական կառավարութիւնը դադրած է կաթողիկէ օտար հոգեւորականները անպայմանօրէն «կասկածելի» նկատելէ։

Ռուսաստանի նախագահին կողմէ Պապի ներկայացուցչին հանդէպ ցուցաբերուած սիրալիր ընդունելութիւնը դէտերուն յիշել տուաւ որ Փութին եղած է Վատիկան ամէնէն աւելի այցելող ղեկավարներէն մէկը։ Արդարեւ, առաջին անգամը չէ որ ան կը հանդիպէր Սուրբ Աթոռի բարձրագոյն մէկ ներկայացուցչին։ 1999-ին երբ Ռուսաստանի երիտասարդ վարչապետն էր, ինքն է որ Մոսկուայի մէջ ընդունած էր կարդինալ Սոտանոն։ Քանի մը օր ետք յաջորդած էր Պորիս Ելցինին եւ այդ օրէն սկսեալ, հինգ անգամ այցելեց Վատիկան, 2000 յունիսին եւ 2003-ին տեսակցելու համար Յովհաննէս Պօղոս Բ․ին հետ, 2007-ի մարտին՝ Բենեդիկտոս ԺԶ․ին, ապա 2013-ի նոյեմբերին եւ 2015-ի յունիսին՝ Ֆրանչիսկոսին։ 2009-ի դեկտեմբերին, Բենեդիկտոս ԺԶ․ ընդունած էր նաեւ նախագահ Մետվետեւը։ Միայն նախագահ Ժորժ Պուշ եւ Գերմանիոյ վարչապետը՝ Անկելա Մերքել նոյնքան անգամ այցելած են Վատիկան։ Մոսկուայի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւնները սկսած էին ջերմանալ 2013-ի սեպտեմբերին երբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախագահ Փութինին ուղղուած բաց նամակով մը անկէ խնդրած էր շարունակել պայքարիլ ի խնդիր սուրիական տագնապին քաղաքական լուծումի մը, մինչ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսա կը պատրաստուէին ռմբակոծել Սուրիան։ 2015-ին Ֆրանչիսկոս եւ Փութին Վատիկանի մէջ քննարկած էին Մերձաւոր Արեւելքի կացութիւնը եւ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած՝ շրջանի քրիստոնեայ բնակչութեանց ճակատագրի մասին։ Քաջածանօթ ըլլալով Ֆրանչիսկոս Պապի վայելած ժողովրդականութեան յատկապէս Արեւմուտքի մէջ, Սուրբ Աթոռին հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը պատահական չէ անշուշտ, Մուսկուա համոզուած ըլլալով որ Սուրբ Աթոռին հետ լաւ յարաբերութիւնները կրնան նպաստել Ռուսաստանին շատ դրական դերակատարութիւն մը վերապահելու ընդհանրապէս միջազգային եւ մասնաւորաբար եւրոպական բեմին վրայ։

P3
ՊԱՊԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ ՉԷՐ, ԲԱՅՑ․․․

Հակառակ անոր որ Ֆրանչիսկոս Պապին Ռուսաստան այցելութեան մը հաւանականութիւնը կարդինալ Փարոլինի շփումներու պաշտօնական օրակարգին վրայ չէր գտնուեր, սակայն դժուար է մտահան ընել այն համոզումը որ Կարդինալին այցելութիւնը ինքնին կը միտէր Պապին այցելութեան մը կարելիութիւնը շօշափել կամ նախապատրաստել։ Նովոսթի գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադառնալով Ֆրանչիսկոսին եւ Քիրիլին միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումին, Վատիկանի պետական քարտուղարը ըսած էր որ «շատ դժուար է եւ բարդ ենթադրութիւններ ընել այս մասին ապագայ նախաձեռնութիւններու շուրջ։ Սակայն կը խորհիմ եւ կը յուսամ որ իւրաքանչիւր հանդիպում կրնայ նպաստել օր ըստ օրէ աւելի դրական եւ աշխոյժ շփումներու զարգացումին»։ Իսկ Մոսկուա այցելութեան նախօրեակին իտալական «Քրրիերէ տելլա Սերա» օրաթերթին հրատարակած հարցազրոյցին մէջ, Փարոլին կը յիշեցնէր շրջանէն ներս կատարած շրջագայութիւնները ըսելով յատկապէս․- Մինչեւ օրս շրջանի տարբեր երկիրներ կատարածս այցելութիւններէն ետք, յատկապէս ուղեկցելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անոր առաքելական ճաբորդութիւններու ընթացքին Պիելոռուսիայէն Կովկաս, պալթեան երկիրներ եւ մինչեւ Ուքրանիա, Ռուսաստան այցելութիւնս պիտի հանդիսանայ այս շրջագայութեան ամբողջացումը»։

Քաղաքական եւ կրօնական պատճառներով՝ Յովհաննէս Պօոս Բ․ին երբեք չարտօնուեցաւ Ռուսաստան այցելել, սակայն պատկերը աստիճանաբար փոխուեցաւ։ Վատիկան եւ Մոսկուա 2009-ին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեցին եւ ասոնք երբեք այսքան լաւ եղած չէին։ Սակայն պաշտօնական մակարդակի վրայ արձանագրուած յարաբերութիւններու այս զարգացումը բաւարա՞ր է համոզելու համար Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պետերը որպէսզի հաւանութիւն տան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետին հովուական այցելութիւն մը տալու Ռուսաստանի 600․000 կաթողիկէ հաւատացեալներուն։

03 / 09 / 2017

 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ