Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան 20 – 22 օգոստոս 2017-ին հովուական այցով կը գտնուէր Մոսկուա: Մոսկուայի եւ յարակից շրջաններու հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ հոգշն. Հ. Պետրոս վրդ. Եսայեանի խնդրանքով օգոստոսի 20-ին Առաջնորդ Հայրը Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Մոսկուայի Անարատ Յղութեան կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ: Սբ. Պատարագին կը մասնակցէին հայ համայնքի հարիւրաւոր հաւատացեալներ: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ Աստուածամօր Վերափոխման վսեմ խորհուրդի մասին՝ հաւատացեալներուն հայրաբար յորդորելով նմանիլ Սուրբ Կոյսին՝ խորհրդածելով Աստուծոյ կամքին անոր անվերապահ հնազանդութեան, վստահութեան եւ հաւատարմութեան շուրջ։
Յաջորդ օրը Արհի. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան հանդիպում ունեցաւ այդ օրերուն (օգոստոսի 21-24) պետական այցելութեամբ Ռուսաստան գտնուող Հռոմի Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար Վսեմաշուք կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ՝ Մոսկուայի Սուրբ Աթոռի նուիրակութեան կեդրոնին մէջ: Սրբազանը Ռուսաստանի հայ կաթողիկէներու համայնքին անունով իր ողջոյնները փոխանցեց Վսեմաշուք Կարդինալին եւ եղբայրական ջերմ զրոյց ունեցաւ անոր հետ՝ ներկայացնելով Ռուսաստանի հայ համայնքի արդի մարտահրաւէրներն ու հոգեւոր ձեռքբերումները:
Յաջորդ օրը Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան՝ Ռուսաստանի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հետ մասնակցեցաւ Մոսկուայի Անարատ Յղութեան կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ Վսեմաշուք կարդինալ Փարոլինի ձեռամբ երեկոյեան մատուցուած Սուրբ Պատարագին: Եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներու բազմութեամբ: Ինչպէս մի քանի օր առաջ իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ նշած էր Մոսկուայի լատին ծէսի կաթողիկէներու Առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Փաւել Փեցցին, ասիկա առաջին անգամն է, որ Հռոմի Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղարը Ռուսաստան կ՚այցելէ պետութեան՝ ի դէմս նախագահ Փութինի հրաւէրով: Ասիկա մեծ նշանակութիւն ունի տեղւոյն կաթողիկէներուն համար՝ թէ լատին եւ թէ հայ ծէսի համար, որովհետեւ Սուրբ Աթոռի երկրորդ բարձրաստիճան պաշտօնատարին այցելութիւնը Մոսկուա կը նշանակէ նաեւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին ներկայութիւնը իր հաւատացեալ ժողովուրդի կողքին:
31 օգոստոսին, Սբ. Պատարագէն ետք Վսեմաշուք Կարդինալը նաեւ ընդհանուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսաստանի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հետ, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանը:
Կարդինալի այցելութիւնը Մոսկուա պատմական յոյժ կարեւոր նշանակութիւն ունի Կաթողիկէ եւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցող պատնէշները, տարաձայնութիւնները հարթելու, առողջ երկխօսութիւն զարգացնելու իմաստով: Ասիկա տրամաբանական շարունակութիւնն է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի եւ Պատրիարք Քիրիլի պատմական հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ փետրուար 2016-ին՝ Քուպայի մէջ, եկեղեցական մեծ բաժանումէն (1054) գրեթէ հազար տարի ետք: