ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿՂԵՐԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿՂԵՐԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը կը յայտարարեն, թէ յետ եռօրեայ հոգեւոր ամփոփումի, գումարուեցաւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը Զմմառու վանքին մէջ, 3-էն 5 օգոստոս 2017-ին:

Մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ սոյն ժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ եւ մասնակցութեամբ 22 միաբան հայրերու, վերընտրուեցաւ գերպծ. հ. Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանը` իբրեւ միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ: Անոր հետ, ըստ միաբանութեան կանոնագիրին, ընտրուեցան նաեւ չորս վարչականներ` գերյ. հ. Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան, գեր. հ. Մովսէս վրդ. Տօնանեան, գեր. հ. Անտոն վրդ. Նորատունկեան եւ գեր. հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, որ իր հերթին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան դպրեվանքի տեսուչ նշանակուեցաւ:

Առ ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին` ժողովական հայրերը քննարկեցին կարեւորագոյն հարցեր, որոնք կը հային միաբանութեան ներկային եւ ապագային: Ընդհանուր ժողովը փակուեցաւ աղօթքով շաբաթ, 5 օգոստոս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ի փառս Աստուծոյ եւ ի շինութիւն Զմմառեան միաբանութեան:

Զմմառ, 7 օգոստոս 2017

 

ԴԻՒԱՆ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻ