Հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, Այնճարի վերանորոգ «Աղաճանեան Սանուց Տան» մէջ տեղի ունեցաւ 2017-ի մանկապատանեկան անվճար ամառնային ճամբարը, որուն նպատակն էր պատանիներու հոգեւոր, բարոյական եւ ընկերային դաստիարակութիւնն ու կազմաւորումը:
Այս իւրայատուկ ճամբարը տեղի ունեցաւ երեք հանգրուաններով (իւրաքանչիւրը՝ 12 օրերէ բաղկացած) յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն, առաջնորդութեամբ՝ հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեանի, գործակցութեամբ՝ Տէր Ալիշան քհնյ. Աբարդեանի եւ աջակցութեամբ՝ Զմմառու վանքի ժառանգաւորներուն եւ խումբ մը կամաւոր երիտասարդներու: Ճամբարին մասնակցեցան 7-էն 13 տարեկան 60 պատանիներ Պուրճ Համուտէն եւ շրջակայքէն:
Ճամբարին ընդհանուր յայտագիրը ընդգրկեց հոգեւոր պահեր, դաստիարակչական ու զարգացման նիւթեր, մարզական եւ սկաուտական այլազան խաղեր (քայլարշաւներ, rally paper…), գեղարուեստական ու ձեռային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ ընկերային հանդիպումներ ճոխ մթնոլորտի մը մէջ: Երեք հանգրուաններուն ընթացքին, ճամբարին մասնակիցները հաճելի ամառնային պահեր անցուցին «Նարեկ» եւ «Շամս Փալաս» լողաւազաններուն մէջ: Անոնք նաեւ շրջապտոյտ մը կատարեցին դէպի Զահլէ: Զահլէի «Ֆաթիմայի Տիրամօր» հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան սուրբ Պատարագի, զոր մատուցանեց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Տէր Ալիշան քհնյ. Աբարդեան, որ իր խօսքին մէջ հակիրճ պատմական մը ներկայացուց Զահլէի հայ կաթողիկէ համայնքին մասին: Շրջապտոյտին ընթացքին, ճամբարին մասնակիցները սուրբ Վարդարան աղօթեցին Զահլէի Տիրամօր աղօթատեղիին մէջ եւ այցելեցին Քսարայի հանրածանօթ գինետունը: Երկրորդ հանգրուանին, մանչ պատանիները առիթը ունեցան նաեւ այցելելու «Master Chips» գործարանը:
Իսկ երրորդ հանգրուանին, որ յատկացուած էր 10-էն 13 տարեկան աղջիկներուն, անմոռանալի շրջապտոյտ մը կատարեցին դէպի հարաւային Լեռնալիբանան, ուր այցելեցին Շուֆի «Պէյթըտտին» պատմական պալատը, Մաղտուշէի «Սայիտաթըլ Մանթարա» սրբատեղին, Սայտա քաղաքի ծովային բերդն ու հին շուկան եւ «Քարաուն» տեսարժան լիճը: Անոնք նաեւ երկրորդ օրապտոյտ մը ունեցան, որուն ընթացքին այցելեցին Ֆարայայի մէջ «Տէյրըլ Քիյամա» վանքը, ապա անցան Զմմառու Տիրամօր վանք, ուր մասնակցեցան սուրբ եւ անմահ Պատարագի, զոր մատուցանեց նորօծ վարդապետ՝ հայր Տիգրան Փիլիպոսեան: Մասնակիցները նաեւ իւրայատուկ հանդիպում մը ունեցան ամենատապիւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ, որ ճամբարի բոլոր մասնակիցներուն փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնն ու ջերմ բարեմաղթութիւնները:
Իւրաքանչիւր հանգրուանի աւարտին, ճամբարի մասնակիցները ստացան իրենց գնահատականները եւ վկայագիրները, որպէս քաջալերանք իրենց ցուցաբերած օրինակելի վարքին ու բացառիկ ձիրքերուն տարբեր մարզերուն մէջ: Պատասխանատուները յայտնեցին իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը նախ ամենակալ Աստուծոյ, ապա Հոգեգոր Տիրոջ որ փափաքեցաւ եւ նախաձեռնեց այսպիսի օգտաշատ ծրագրի մը, որ մեծապէս կը նպաստէ նոր սերունդի առողջ մարդակերտման ու կազմաւորման:
Լիայոյս ենք, որ մեր այս առաքելութիւնը եւ իւրայատուկ ծրագիրը պիտի կրկնուի 2018 ամրան:
Յիշենք, որ Այնճարի «Աղաճանեան Տան» սաներուն հետ ամառնային ծրագիր մը արդէն իսկ մեկնարկած էր 2013 թուականէն սկսեալ, նախաձեռնութեամբ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի եւ աջակցութեամբ խումբ մը կամաւոր երիտասարդներու: