Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը երիտասարդներուն.- Աշխարհը փոխելու համար, բացէ՛ք ձեր սրտերը

Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը երիտասարդներուն.-  Աշխարհը փոխելու համար, բացէ՛ք ձեր սրտերը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկրորդական վարժարանի աշակերտներու հետ վերջերս իր ունեցած հանդիպումին, պատասխանեց երեք հարցումներու, որոնք կը համառօտեն այն մարտահրաւէրները զորս կը դիմագրաւէ այսօրուան իւրաքանչիւր աշակերտ: Անոնք մեկնելով իրենք կեանքի փորձառութիւններէն, իրենց առօրեայ մտահոգութիւններէն, դիմեցին Սրբազան Քահանայապետին, որ որպէս հովիւ եւ որպէս հայր, խրատեց, թելադրեց ու քաջալերեց զիրենք:

 

Մարթա.- Սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապ, անունս Մարթա է: Ես այս տարի կ՛աւարտեմ ուսումս, եւ զիս կը տառապեցնէ այն միտքը որ յաջորդ տարուընէ սկսեալ լաւագոյն բարեկամներուս մեծամասնութիւնը այլեւս պիտի չի տեսնեմ, եւ կը վախնամ ոստումէն զոր պիտի կատարեմ վարժարանէն դէպի համալսարան: Շատ հանգիստ եմ իմ այսօրուայ վիճակովս, իմ այսօրուայ բարեկամներուս հետ: Ինչո՞ւ համար պէտք է ամէն բան փոխել: Ինչո՞ւ կը վախնամ մեծնալէ: Չեմ կրնար երեւակայել կեանքս առանց այս բարեկամներուս, որոնք կը սիրեմ: Ի՞նչ ընել: Ի՞նչ ընել ետքը:

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Շնորհակալութիւն Մարթա: Քեզի հետեւեալը պիտի ըսեմ. Կեանքը շարունակական «բարեւ» մըն է եւ «ցտեսութիւն» մը: Փոքրիկ իրականութիւններ են ասոնք, սակայն յաճախ «ցտեսութիւն» մըն է տարիներու համար եւ կամ առ յաւէտ: Կը մեծնանք իրարու հանդիպելով եւ իրարու հրաժեշտ տալով: Եթէ չի սորվիս հրաժեշտ տալ, երբեք պիտի չի սորվիս նոր անձերու հանդիպիլ: Այն ինչ որ կ՛ըսես՝ մարտահրաւէր մըն է, կեանքի մարտահրաւէրն է: Ճիշդ է, բարեկամներդ նոյները պիտի չըլլան, թերեւս ալ հանդիպիս անոնց, խօսիս անոնց հետ, սակայն նոր բարեկամներ եւս պիտի ըլլան, որոնց պիտի հանդիպիս, եւ ասիկա է մարտահրաւէրը: Եւ մենք, մեր կեանքին մէջ, պիտի վարժուինք այս ճանապարհին՝ թողուլ բան մը եւ հանդիպիլ ուրիշ բաներու: Եւ ասիկա նոյնիսկ վտանգ է: Մարդիկ կան որոնք շատ կը վախնան, եւ դուն օգտագործեցիր այս եզրը ըսելով. «կը վախնամ»: Անոնք որոնք կը վախնան քայլ մը ընելէ, միշտ իրենց տեղերը կը մնան, շատ հանգիստ, եւ չեն մեծնար: Երբ տղայ մը, աղջիկ մը, մարդ մը, կին մը ըսէ «բաւ է», եւ նստի բազմոցին վրայ, երբեք չի մեծնար: Կը փակէ կեանքին հորիզոնը: Եւ հոս, կ՛ուզեմ գործածել ուրիշ բառ մը…Տես, նայէ այս պատին, ի՞նչ կայ պատին ետեւ: Չես տեսնէ՞ր ինչ կայ պատին ետեւ: Ըսէ ինծի, ըսէ ինծի…:

Մարթա.- Չեմ գիտեր:

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Չես գիտեր: Այսպէս կը պատահի երբ մարդ չ’ուզեր մեծնալ: Իր առջեւ պատ մը կ՛ունենայ, չի գիտնար ինչ կայ անոր ետին: Սակայն պահ մը երեւակայէ երբ դուրսը ըլլաս, դաշտի մը մէջ, ի՞նչ պիտի տեսնես: Հոն ուր պատ չկայ, ի՞նչ կը տեսնես:

Մարթա.- Ամէն բան կը տեսնեմ:

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Ամէն բան: Կը տեսնես հորիզոնը: Մենք պիտի սորվինք կեանքին նայիլ դիտելով հորիզոնները, միշտ աւելին, միշտ աւելին, միշտ յառաջ: Եւ այս կը նշանակէ հանդիպիլ նոր անձերու, հանդիպիլ նոր կացութիւններու: Չմոռնալ միւսները, ոչ: Միշտ գեղեցիկ յիշատակ մը կայ, եւ ընդհանրապէս կը հանդիպինք նախկին բարեկամներու, զիրար կը բարեւենք: Սակայն պէտք է միշտ քալենք մեծնալու համար: Ճիշդ է որ «վախ» բառը օգտագործեցիր՝ «կը վախնամ մեծնալէ», «կը վախնամ յառաջ երթալէ», սակայն աւելի լաւ է որ գործածես «մարտահրաւէր մը ունիմ» արտայայտութիւնը. արդեօք կը յաղթահարե՞մ մարտահրաւէրներուս, թէ՞ կը թողում որ մարտահրաւէրները յաղթեն ինծի: Հասկցա՞ր: Տես պատը եւ երեւակայէ ինչպիսին է դաշտը, հորիզոնը: Ընտրանք մը պիտի ընես: Պատի ետին բան չենք տեսներ, մինչդեռ հորիզոնին հետ աւելի կը յառաջանաս, որքան հորիզոն ըլլայ այնքան աւելի յառաջ կ՛երթաս: Հորիզոնը երչեք չի վերջանար: Եւ մենք պէտք է մեծնանք հորիզոնին դիմաց: Չեմ գիտեր եթէ կրցայ բացատրել: Եւ խօսք մը ըսի՝ յիշել նախկին բարեկամները, բոլոր անոնք որոնցմէ պիտի հեռանաս երթալու համար դէպի տարբեր ճանապարհ: Յիշել զիրենք, երբեմն հարցնել իրենց մասին, հանդիպիլ անոնց հետ, սակայն հարկ է ապրիլ նորերուն հետ, ճամբայ կտրել նորերուն հետ: Եւ այսպէս կը մեծնանք: Բայց դուն քաջ եղար: Որովհետեւ չյաջողեցար ինծի ըսել թէ պատին ետեւ ինչ կայ, եւ ասիկա շատ գեղեցիկ բան մըն է, որովհետեւ պատին ետեւ չենք տեսներ, եւ յաջողեցար ինծի ըսել որ երբ դաշտին մէջ գտնուիս եւ նայիս հորիզոնին, ամէն բան կը տեսնես: Ապրիս: Յառաջացիր:

Մարթա.- Շնորհակալութիւն:

Ճիւլիա.- Սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապ, անունս Ճիւլիա է, եւ կ՛ուզեմ հարց տալ ձեզի թէ շօշափելի ի՞նչ կրնանք ընել մենք` պատանիներս, քիչ մը փոխելու համար աշխարհը որ մեզ կը շրջապատէ, տեսնելով ամէն ինչ որ կը պատահի:

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Կրնանք մտածել պարիկի մը դիմելու մասին որպէսզի իր կախարդական գաւազանով աշխարհը փոխէ: Կրնա՞նք ասիկա ընել: Ի՞նչպէս կրնանք փոխել աշխարհը: Կարելի՞ է փոխել աշխարհը: Պատասխանեցէք դուք բոլորդ։ Կարելի՞ է: (Երիտասարդները՝ «Այո»): Դիւրի՞ն է աշխարհը փոխել: (Երիտասարդները՝ «Ոչ»): Դժուա՞ր է աշխարհը փոխել: (Երիտասարդները՝ «Այո»): Եթէ դժուար է մեծ մարդոց համար, մարդիկ որոնք ուսանեցան, մարդիկ որոնք կարող են կառավարելու երկիրը, ուրեմն որքան աւելի դժուար պիտի ըլլայ պատանիի մը կամ պարմանուհիի մը համար: Դժուար է: Սակայն կ՛ուզեմ ձեզի հարց տալ, բոլորիդ. դուք կրնա՞ք աշխարհը փոխել: (Երիտասարդները՝ «Այո»): Կարծես շատ վստահ չէք, կրնա՞ք թէ ոչ: (Երիտասարդները՝ «Այո»): Շատ լաւ, բայց ի՞նչպէս: Ձեր շուրջ գտնուող բաներով: Օրինակի համար, միշտ երբ հանդիպիմ մանուկներու հետ, յաճախ այս հարցումը կ՛ուղղեմ իրենց. Եթէ երկու շաքար ունենաս, եւ բարեկամդ հասնի, ի՞նչ կ՛ընես: Ընդհանրապէս բոլորը կ՛ըսեն. «Մէկը իրեն կու տամ, միւսը ինծի կը պահեմ»: Ոմանք չեն պատասխաներ այսպէս, բայց կը մտածեն. «Երկուքը գրպանս կը պահեմ, եւ երբ մեկնի, կ՛ուտեմ զանոնք»: Առաջինը դրական վերաբերմունք մըն է՝ մէկը քեզի, միւսը ինծի: Երկրորդը անձնասէր, ժխտական վերաբերում է՝ բոլորը ինծի: Նայինք մեր ափերուն: Թող իւրաքանչիւրը նայի իր ձեռքին եւ դրական կեցուածքի նշան ընէ: (Երիտասարդները իրենց ափերը լայն կը բանան), ժխտական կեցուածքի նշան ընենք (Երիտասարդները իրենց ափերը կը փակեն): Աշխարհը փոխելու համար, փա՞կ ափեր կ՛ուզենք: (Երիտասարդները կը պատասխանեն. «Ոչ»): Ի՞նչպիսի ափերու կարիքն ունինք: (Երիտասարդները ցոյց կու տան իրենց ափերը՝ զանոնք բանալով ): Այո՛, բաց ափեր կ՛ուզենք: Բաց ափը սրտին պատկերն է. ուստի չենք կրնար այս ամէնը ընել եթէ մեր սրտերը փակենք: Կրնաք աշխարհը փոխել սկսիլ բաց սրտով։

Ապա մանուկներուն կ՛ուղղեմ երկրորդ հարցումը. «Եթէ մէկ շաքար ունենաս, եւ բարեկամդ հասնի, ի՞նչ կ՛ընես: Հեշտ չէ անշուշտ: Մեծամասնութիւնը կը պատասխանէ. «Կէս֊-կէս»։ Ուրիշներ կ՛ըսեն. «Գրպանս կը դնեմ եւ յետոյ առանձինս կ՛ուտեմ»: Աշխարհը կը փոխենք մեր սրտերը բանալով, ուրիշներուն լսելով, ուրիշները ընդունելով, մեր ունեցածը կիսելով ուրիշին հետ: Եւ դուք կրնաք ընել ասիկա: Եթէ ունենաս ընկեր մը, բարեկամ մը, բարեկամուհի մը, դասընկեր մը, դաս ընկերուհի մը, զոր չես սիրեր անգամ, քիչ մը հակակրելի է… չես սիրեր, որովհետեւ քիչ մը հակակրելի է… եւ եթէ երթաս միւսներուն մօտ այդ քիչ մը հակակրելի ընկերոջդ մասին բամբասելու, ի՞նչպիսի կեցուածք կը համարուի ասիկա, բա՞ց թէ գոց ափ: (Երիտասարդները գոց ափի նշան կ՛ընեն): Ապրի՛ք, եւ եթէ ըսես դուն քեզի. «Չեմ սիրեր զինքը բայց պիտի չի բամբասեմ», ինչպիսի կեցուածք է: (Երիտասարդները բաց ափի նշան կ՛ընեն): Ապրի՛ք: Հասկցաք։ Աշխարհը փոխեցէք առօրեայ փոքրիկ շարժումներով, առատաձեռնութեամբ, բաժնեկցելով, եղբայրսիրական կեցուածքներ ցուցաբերելով: Եթէ մէկը զիս անարգէ, եւ ես ալ անարգեմ զինքը փոխադարձաբար, ի՞նչ կը պատահի։ Փոխարէն, եթէ մէկը զիս անարգէ սակայն ես չպատասխանեմ, ի՞նչ կը պատահի։ Դրական կեցուածք ցուցաբերած կ՛ըլլամ: Չարին չարիքով մի փոխադարձէք երբեք: (Երիտասարդները կը ծափահարեն): Երբեք: Դուն գէշութի՞ւն ըրիր ինծի: Յիսուս ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի այս մասին: Աղօթեցէք, աղօթեցէք բոլորին համար, աղօթեցէք ձեր բարեկամներուն համար, ինչպէս նաեւ ձեր թշնամիներուն համար, բոլոր անոնց համար որոնք ձեզի նեղութիւն կը պատճառեն: Յիսուս կ՛ըսէ. «Ինչպէս մեր Հայրը որ երկինքն է կը ճառագայթէ արեւը բարիներուն վրայ եւ չարերուն վրայ:» Այո՛, աղօթեցէք բոլորին համար: Աղօթքը բոլորին համար է, եւ երբեք գէշ բան չի ցանկանք ուրիշին: Այսպէս է որ կրնանք փոխել աշխարհը: Կախարդական գաւազան չկայ, բայց կան առօրեայ փոքրիկ շարժումներ զորս պէտք է սորվինք: Ձեզի առաջարկ մը պիտի ընեմ: Երբ խմբուիք, կէս ժամ մը, այս մասին խօսեցէք: Փոքր խումբերով, երբ հաւաքուած ըլլաք: Եթէ այս բանը ընէ ինծի, ի՞նչ պէտք է ընեմ: Եթէ այս ընտրանքին առջեւ գտնուիմ, ի՞նչ պէտք է ընեմ: Խօսեցէք բաներու մասին, որոնք «այսպէս» կամ «այնպէս» են ըսելով Քահանայապետը բաց եւ գոց ափերը ցոյց կու տայ, այսինքն սրտերուն բաց կամ գոց ըլլալը: Շնորհակալութիւն հարցումիդ համար:

Դանիօ.- Սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապ, անունս Դանիօ է, ծնած եմ Պուլկարիա, եւ իմ կեանքիս առաջին ամիսներուն իսկ, ծնողքս զիս դրին որբանոց: Հինգ տարեկանիս, իտալացի ընտանիք մը զիս որդեգրեց: Սակայն մէկ տարի ետք, իմ նոր մայրս կը մահանայ: Մինչեւ հիմա ապրեցայ հօրս եւ մեծ ծնողքներուս հետ: Այս տարի, մեծ ծնողքներս ալ մեռան: Ասպետները (Les Chevaliers) պարգեւ մըն են, մեծ պարգեւ մը ինծի համար, որովհետեւ անոնք մօտ են ինծի, եւ թիկունք կ՛ըլլան ինծի կեանքիս բոլոր վայրկեաններուն:

Սակայն հետեւեալ հարցումը ունիմ. ի՞նչպէս հաւատալ որ Տէրը քեզ կը սիրէ, երբ քեզ կը տառապեցնէ անձերու բացակայութենէ եւ կամ երբ կ՛արտօնէ որ պատահին դէպքեր, զորս երբեք չէիր փափաքեր որ պատահէին:

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Ի՞նչպէս հասկնալ որ Տէրը քեզ կը սիրէ, երբ քեզ կը տառապեցնէ անձերու բացակայութենէ եւ կամ երբ կ՛արտօնէ որ պատահին դէպքեր զորս երբեք չէիր փափաքեր որ ըլլան: Մտածենք քիչ մը, բոլորս միասին, մեր երեւակայութեամբ, որեւէ մանուկներու հիւանդանոցի մը մասին: Ի՞նչպէս կրնանք ընդունիլ որ Աստուած կը սիրէ այս մանուկները, եւ թոյլ կու տայ որ անոնք հիւանդանան, յաճախ մեռնին: Մտածեցէք այս հարցումին շուրջ: Ինչո՞ւ մանուկները կը տառապին: Ինչո՞ւ համար աշխարհին մէջ մանուկներ կան որոնք կը տառապին անօթութենէ, մինչ ուրիշ տեղեր չափազանց մսխում կայ: Ինչո՞ւ: Հարցումներ կան, նման քու հարցումիդ, որոնց չենք կրնար բառերով պատասխանել: Դանիօ, դուն ուղղեցիր հարցում մը, որուն պատասխանելու համար յարմար բառեր չենք գտներ: Կրնաս միմիայն որոշ բացատրութիւններ գտնել քեզ սիրողներուն եւ քեզի թիկունք կանգնողներուն սիրոյն մէջ, սակայն ոչ «ինչու»ին, այլ՝ «ինչ նպատակի համար» հարցումին: Բացատրութիւնը չի կայանար «ինչո՞ւ կը պատահին այս բաները» հարցումին մէջ, այլ՝ քեզի ընկերակցող անձերուն մէջ: Անկեղծ-օրէն քեզի պիտի ըսեմ եւ պիտի հասկնաս ասիկա. երբ ես ինծի հարց տամ, աղօթքի ընթացքին, թէ «ինչո՞ւ մանուկները կը տառապին», այս հարցումը կ’ուղղեմ ընդհանրապէս երբ մանուկներու հիւանդանոց կ՛այցելեմ եւ հիւանդանոցէն դուրս կու գամ, քեզի ճշմարտապէս կ՛ըսեմ, տառապած սրտով, Տէրը պատասխան չի տար ինծի: Միայն Խաչեալին կը նայիմ: Եթէ Աստուած արտօնեց որ իր Որդին այնքան տառապի մեզի համար, ուրեմն անպայման հոս ալ պատճառ մը պիտի ըլլայ որ իր բացատրութիւնը ունի։ Բայց սիրելի Դանիօ, չեմ կրնար քեզի իմաստը բացատրել: Դուն անձամբ պիտի գտնես զայն, աւելի ուշ կեանքիդ մէջ, եւ կամ հանդերձեալ կեանքին մէջ: Սակայն բացատրութիւններ՝ ինչպէս որ կու տանք թուաբանական կամ պատմական հարցի մը շուրջ, չեմ կրնար քեզի տալ ոչ ես ոչ ալ ուրիշ մը: Կեանքին մէջ կան հարցեր եւ վիճակներ զորս չենք կրնար բացատրել: Ասոնցմէ մէկն է այն ինչ որ դուն հարցուցիր, տառապանքին մասին: Սակայն ասոր ետին, միշտ Աստուծոյ սէրը կայ: Եւ եթէ մէկը քեզի ըսէ. «Եկուր, եկուր, ես քեզի կը բացատրեմ», կասկածէ: Միայն անոնք որոնք քեզի թիկունք կը կենան, քեզի կ՛ընկերանան եւ քեզի կ՛օգնեն մեծնալու անոնք կրնան զգացնել քեզի Աստուծոյ սէրը: Շնորհակալ եմ որ այս հարցումը ուղղեցիր, որովհետեւ կարեւոր է որ դուք, տղաք եւ աղջիկներ, ձեր տարիքին, սկսիք հասկնալ այս բաները, որովհետեւ ասոնք կ՛օգնեն ձեզի որ լաւ մեծնաք եւ յառաջ երթաք: Շնորհակալութիւն Դանիօ:

եւ քիչ մը առնելով վերջին հարցումին պատճառած տառապանքը, դառնանք դէպի մեր մայրը, մեր երկնաւոր Մայրը, մե՛ր Մայրը: Ան կը հասկնայ տառապանքը, նման բոլոր մայրերուն, եւ աղօթենք միասին:

Եւ փակելէ առաջ, կեանքին մէջ առաջ կարենալ երթալու եւ առատաձեռն սիրտ ունենալու համար, ի՞նչպէս պէտք է ըլլայ սիրտը: Ձեռքի շարժումով…։

Երիտասարդները.- Բաց։

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Ետեւ երթալու համար, ետեւ երթալու համար, ի՞նչպէս կրնանք ետ երթալ: Ի՞նչպիսի սրտով:

Երիտասարդները.- Գոց

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Գոց: Ուրիշ հարցում մը եւս: Կեանքի բոլոր կացութիւնները կրնա՞ն բացատրուիլ:

Երիտասարդները.- Ո՛չ։

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Չի՛ հասկցայ…: Չի՛ լսեցի…։

Երիտասարդները.- (աւելի ուժգին)՝ Ո՛չ

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Ուրեմն, դէպի յառաջ:

Նման այս աշակերտներուն, վստահ որ մեր վարժարաններուն երկրորդականի աշակերտներն ալ, քիչ թէ շատ, միեւնոյն մտահոգութիւնները ունին: Բաժանում, կեանքի նոր ճանապարհ, տառապանք, աշխարհի յեղաշրջում:

 

ՀԱՅՐ ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ