Այս գրութեամբս կը փափաքիմ անդրադառնալ Ֆաթիմայի երեւումներուն, որոնք տեղի ունեցան 13 Մայիս -13 Հոկտեմբեր 1917 ամսաշրջանին մէջեւ իրենց վրայ արագ կենդրոնացուցին ուշադրութիւնը ոչ միայն հաւատացեալներուն, այլ եկեղեցական իշխանութիւններուն:
Այս տեսիլքներուն նկատելին եւ աչքառուն է ամէնէն աւելի նաեւ կրօնական ու հոգեւոր մեծ ազդեցութիւնը Ֆաթիմայի պատգամին, որ թէ՛ արձագանգ գտաւ հաւատացեալներուն լայն զանգուածին մէջ եւ թէ՛ ազդու կերպով ներգործեց ու կը ներգործէ բարեպաշտութեան վրայ:
Ֆաթիմայի երեւումներուն համայնական ազդեցութիւնն ու ներգործութիւնը, անկասկած, կը պարտինք անոնց ժամանակային մօտաւորութեան, մէկ կողմէ, եւ, վստահաբար, արդի աշխարհին մէջ հաւատքի կեանքին տենչերու, խնդրանքներու, փափաքելիներու, բացականերու եւ թերիներու ճիշդ համապատասխանումին, միւս կողմէ:
Ֆաթիմա կը ծանուցանէ Աստուծոյ ողորմութիւնը խառնաշփոթութեան մատնուած, ինքնաքանդումէն վտանգուած աշխարհին վրայ ու Քրիստոսի փրկագործութեան տիեզերականութիւնը, ինչպէս ալ կու տայ յորդորական խրախոյսը հատուցանող քաւութեան՝ հաւատացեալներու մասնակցութեան:
Աստուածամօր երեւումներէն յառաջացած այս շարժառիթներն ու ներմղումները, վերջերս զօդուած Ս. Եկեղեցիին կոչին՝ նոր աւետարանումին համար, արդի ժամանակներու,ընդհանրապէս, եւ մեր ժամանակաշրջանին, մասնաւորապէս, հաւատքի վիճակին կը համապատասխանեն այնքան, որ անոնք կը բացատրեն Ֆաթիմայի պատգամին դրական ընկալումը կամ արձագանգը հաւատացեալներու գիտակցութեան մէջ:
Նոյնպէս, երբեք նուազ եւ փոքր նկատելու չենք պատգամին ուղղուածութիւնը ժամանակակից աշխարհապատմութեան՝ յատկապէս ինչ կը հայի Ռուսաստանի ներառումին, որ սիրագութ Տեսլամօր խոստումներուն տուաւ ուրոյն այժմէականութիւն մը:
Հոս է, որ կը հասկցուի ֆրանսացի նշանաւոր իմաստասէրին եւ գրողին՝ աղօթող, հաւատացեալ ու մարեմասէր Paul Claudel-ի (1868 – 1955) այս ուղիղ սահմանումը. «Ֆաթիմա Ի. դարուն առաջին կէսին մեծագոյն կրօնական պատահարն է, Գերբնականին յորդած պոռթկումը նիւթէն ներբռնուած այս աշխարհին մէջ»:
Առաւել, Ֆաթիմայի արտասովոր երեւոյթին նպաստաւոր է հաւատքի ճշմարտութեան հետ նմանատիպ հանգամանքը, թէ պատգամին պարունակութիւնը յատկանշուած է որոշ «վարդապետական տարողութեամբ», որուն մէջ կարելի է ընել հաւատքի փոքր համադրում մը:
Ճիշդ է, որ Ֆաթիմայի պատգամները թէ՛ կրնան ըլլալ շատ ամփոփ ու թեթեւ ուսուցում մը ամբողջ Աւետարանին եւ թէ՛ կրնան օժանդակել հովուականին, հոգհոգւոցին: Անոնց խորքը կազմող վարդապետական պարունակը կու տայ հոգեկան աստուածաբանութեան մասնաւոր ներքին մղում մը ուսուցողական եզրակացութիւններուն:
Վերջապէս, ոչ նուազ են երեւումներուն հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւնն ու զօրաւոր մասնակցութինը Սրբազան Պապերուն, ինչպէս ալ անոնց յայտարարած ճանաչումը պատգամներուն, որոնք փոխանցեցին իւրայատուկ նշանակութիւն մը «Ֆաթիմա» արտակարգ երեւոյթ-ֆէնոմէնին:
Հոս յիշուած Քահանայապետներուն առաջինն է Պիոս ԺԲ. (1939 – 1958), որ տեսիլքներուն առաջին օրը, 13 Մայիս 1917-ին, ստացաւ եպիսկոպոսական օծումը եւ այդ պատճառով զարգացուց ինքնուրոյն հակամիտում մը, ինչպէս ալ որոշապէս ծանուցանեց իր հաւանութիւնն անոնց հանդէպ, ա՛յնքան, որ կարելի է զինքը յորջորջել «Ֆաթիմայի Պապ»ը:
Երեւումներուն 25 ամեակին, 31 Հոկտեմբեր 1942-ին՝ երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն տուայտած աշխարհը նուիրեց Մարիամի Անարատ Սրտին՝ այսպէս ընդառաջելով Տեսլամօր փափաքին: 1948-ին՝ նոյնը կատարելու կոչն ուղղեց երկրագունդին բոլոր եպիսկոպոսներուն:
Երկու տարի առաջ, 13 Մայիս 1946-ին՝ թագադրեց Տեսլամօր սրբանկարը եւ այս առիթով ձայնասփիւռէն խօսած պատգամին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը Ֆաթիմայի պատահարին՝ վերհանելով անոր «հրաշքը», որ գործն է «մայրենի եւ կարեկից Սրտին երանելի Մարիամ Կոյսին՝ Անարատ Դշխոյին»:
Հուսկ, աշխարհադղորդ եւ զգայացունց եղաւ Պիոս ԺԲ. Պապին 1952-ին հրապարակած «Sacro Virgente Anno» Շրջաբերականը, որ ուղղուած էր Ռուսաստանի ժողովուրդներուն՝ այս համատարած երկիրը նորէն նուիրագործելով Տիրամօր Անարատ Սրտին:
Երկրորդ «ֆաթիմայասէր» Քահանայապետը հանդիսացաւ Պօղոս Զ. (1963 – 1978), որ, Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովին երկրորդ նստաշրջանին փակման, 21 Նոյեմբեր 1964-ին արտասանած իր ճառին մէջ, նախ՝ Աստուածածնի Անարատ Սրտին նուիրեց Եկեղեցին ու մարդկութիւնը, զանոնք վստահելով անոր խանդաղատանքին. երկրորդ՝ Մարիամը հռչակեց «Մայր Եկեղեցւոյ», ասոր կեանքն ու առաքելութիւնը, ինչպէս ալ Տիեզերական Ժողովը յանձնելով մայրական հոգատարութեան. երրորդ՝ «Ոսկեվարդն» ուղարկեց Ֆաթիմայի ուխտավայրին:
Երեւումներուն 50-ամեայ յոբելեանին, 13 Մայիս 1967-ին՝ սրբաշնորհ Պօղոս Զ., «աղօթքի ու խաղաղութեան ուխտաւորը», ուղեւորուեցաւ դէպի Ֆաթիմա, որով սրբավայրին տուաւ քահանայապետական մասնաւոր հաստատում մը: Նոյն ոսկետառ առիթին հրատարակած «Signum Magnum» Առաքելական Յորդորին մէջ վերանորոգեց երեք տարիներ առաջ հանդիսադրած նուիրումը՝ այս անգամ հրաւիրելով աշխարհի բոլոր կաթողիկէները, որ անոնք ալ կատարեն իրենց անձերուն ընծայումն Եկեղեցամօր Անարատ Սրտին եւ ջանան նմանիլ անոր առաքինութիւններուն:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ