Ֆաթիմայի Աստուածամօր երեւումներուն 100 ամեակին առթիւ, «Լիբանանը Ֆաթիմայի մէջ» նշանաբանով, լիբանանեան պատուիրակութիւն մը, նախագահութեամբ մարոնիթներու Պատրիար Մար Պշարա Ալ-Ռաիին, ընկերակցութեամբ Ասորի կաթողիկէ Պատրիարք՝ Իգնատիոս Եուսէֆ Եունանի, Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի Փոխանորդ ՝ գերպ. Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներէ ժամանած լիբանանցի հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը, ուղղուեցաւ Ֆաթիմա (Փորթուկալ) Լիբանանը անգամ մը եւս նուիրելու համար Աստուածամօր Անարատ Սրտին:
Այս առթիւ, Պատրիարք Ալ Ռաի ուխտատեղիին նուիրեց արժէքաւոր քանդակ մը՝ ոսկեզօծ Ջահ մը, պատրաստուած լիբանանահայ արուեստագէտ եւ քանդակագործ Ռաֆֆի Ետալեանին կողմէ: Մարիամի Անարատ Սրտին Լիբանանի եւ Արեւելքի նուիրումը խորհրդանշող ջահին գաղափառը յղացաւ Պատրիարքական յանձնախումբը, որդեգրելով «Լիբանանը Ֆաթիմայի մէջ» բնաբանը: Ետալեանին ազատութիւնը տրուեցաւ ստեղծագործելու այս քանդակը: Ան միացուց Հարիսայի Տիրամօր թագը եւ Ֆաթիմայի Տիրամօր թագը Աստուածամօր սրտին շուրջ, փորձելով կապ մը գտնել Լիբանանի եւ Ֆաթիմայի Տիրամայրներուն միջեւ: Ջահը կը բաղկանայ եօթը կրօնական եւ խորհրդանշական տարրերէ՝
2- Հարիսայի Աստուածամօր թագը:
3- Ֆաթիմայի Աստուածամօր թագը, որ կը բաղկանայ եօթը կտորներէ, նշելու համար Աստուածամօր եօթը երեւումները Ֆաթիմայի մէջ,՝ Իւրաքանչիւր կտորի վրայ կը գտնուի խաչ մը:
4- Ջահին կեդրոնը քանդակուած է նաեւ Մայրիի ծառը, որ կը խորհրդանշէ Լիբանանը:
5- Ետալեան ջահին վրայ քանդակեց նաեւ 100 խաչեր, նշելու համար 100 ամեակը Ֆաթիմայի Աստուածամօր երեւումներուն:
6- Ջահին հասակը 85 սանթիմեթր է, որովհետեւ Հարիսայի Աստուածամօր հասակը 8,5 մեթր է:
7- Ջահը անպակաս չմնաց հայկական հետքէ: Ետալեան ըսաւ թէ որպէս լիբանանցի եւ հայ, ուզեցի որ այս ջահը նաեւ կրէ Հայ Եկեղեցին խորհրդանշող տարր մը, որ հայ այբուբենի եօթներորդ տառն է՝ «Է», եւ որ կը խորհրդանշէ կատարելութիւնը, որ է Աստուած:
Ետալեան նշեց թէ այս ջահէն պատրաստած է երկու օրինակ, որոնցմէ մին Պատրիարք Ռաի՝ Պատրիարքական յանձնախումին եւ Լիբանանի Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն անունով նուիրեց Ֆաթիմայի Աստուածամօր ուխտատեղիին, որպէսզի յետագային զայն զետեղեն ուխտավայրին թանգարանը, իսկ միւսը՝ Լիբանանեան պատուիրակութիւնը իր հետ տարաւ Ֆաթիմա, ուր աղօթքի ընթացքին վարուեցաւ, եւ ապա վերադարձաւ Լիբանան, որպէսզի զետեղուի Հարիսայի ուխտատեղիին մէջ: Ետալեան իր աշխատանքը աւարտեց 13 յունիսին, որ կը զուգադիպի Ֆաթիմայի Աստուածամօր երկրորդ երեւման թուականին: