Նահատակ Ինգնատիոս Մալոյեանի ձեռագիր նամակը պահպանուած` Ս. Բարթողոմէոս Պազիլիքային մէջ

Նահատակ Ինգնատիոս Մալոյեանի ձեռագիր նամակը պահպանուած` Ս. Բարթողոմէոս Պազիլիքային մէջ

«Ձեզ կը խրախուսեմ ամէնէն առաջ խարսխուած պահել ձեր հաւատքը  Պետրոսի ժայռին վրայ, ու ամրապնդել ձեր յոյսը Սուրբ Խաչին վրայ… Թող որ Ամենակալին ծրագիրները իրականանան մեր մէջ, որեւէ ձեւով, նոյնիսկ տարհանումով կամ մարտիրոսութեամբ։ Իմ ամենամեծ բաղձանքս է տեսնել իմ հօտս` որ կը հետեւի օրինակիս, մնալով հնազանդ Առաքելական Աթոռի հրահանգներուն։ Ձեզ, սիրելի որդեակներ, կը յանձնեմ Աստուծոյ ու կը խնդրեմ որ աղօթէք Անոր` որպէսզի ինծի ուժ եւ քաջութիւն պարգեւէ, այս կեանքը ապրելու իր շնորհքով ու իր սիրոյ մէջ, մինչեւ արեան հեղումը»։ Ասիկա է նահատակ ու երանելի Իգնատիոս Եպիսկոպոս Մալոյեանի կտակը, զոր ան փոխանցած է իր շուրջ հաւաքուած իր վարդապետներուն, 1915-ի Մայիս մէկին,  Մարեմեան ջերմեռանդութեան աւարտին, նախքան իր եւ կղերական դասին նահատակութիւնը Մեծ Եղեռնի օրերուն` 1915-ի յունիս 10-ին։

Վերոնշեալ նամակի Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 2009-ի մարտ 5-ին, ի ներկայութեան երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Ժամասացութեան արարողութեան աւարտին ՚՚մասունքը՚՚ թափօրով տարուած է Ասիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Ովկիանեան ցամաքամասի նուիրուած մատուռ ու զետեղուած է մատրան խորանին վրայ ուր մինչեւ օրս կը պահպանուի։ 

Նշենք որ Հռոմի Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքային  տիտղոսաւոր կարդինալներէն մին եղած է երջանկայիշատակ կարդինալ Աղաճանեանը։ Պազիլիքան 2000-ի Յոբելենական տարւոյն առթիւ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի կամքով, դարձած է 20-րդ դարու նահատակներու յիշատակումի վայր, ուր պահպանուած են այդ նահատակներէն մի քանիներուն մասունքները, որոնց շարքին է նաեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի` Մարտինի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդին մէկ ձեռագիր նամակը։