Սրբազան Քահանայապետը միակն էր, որ գործուն քայլերով բողոքեց հայերու զանգուածային բնաջնջման դէմ
Ինչպէս կը տեղեկացնէ tert.am լրատուական կայքը, 2017 մայիսի 31-ին Պապական արեւելագիտութեան ինստիտուտի եկեղեցական կանոնագիտութեան ամպիոնի դեկան Հայր Ժորժ Անրի Ռուիյսէն եւ Մխիթարեան միաբան գերյ. հ. Վահան ծ.վրդ. Օհանեան Երեւանի Մատենադարանին մէջ հայ ուսումնասիրողներուն եւ լայն հանրութեան ներկայացուցած են Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող վատիկանեան փաստաթուղթերու եօթ հատորեակը: Շնորհահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան՝ ուղեկցութեամբ Տ. Մաշտոց քհն. Ղազարեանի, որ թարգմանած է Հ. Ռուիյսէնի խօսքը:
Հաստափոր 7 հատորներուն մէջ հաւաքուած են Վատիկանի ու Սրբազան Քահանայապետի դիւանագիտական ջանքերուն բոլոր ապացոյցները: Անգլերէն, իտալերէն ու նաեւ հայերէն փաստաթուղթերը 1915 թուականի դէպքերու պաշտօնական վկայութիւններն են:
Հ. Ժորժ Անրի Ռուիյսէնի հեղինակած եօթ հատորեակի վատիկանեան շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է երկու տարի առաջ՝ 2015-ին, Վատիկանի մէջ: Երկու հատորներուն մէջ հաւաքուած են 1894-96 թուականներու դէպքերու վկայութիւնները, միւս հինգ հատորները 1908-30-ական թուականներու փաստաթուղթերն են եւ յատկապէս` 1915-18 թուականներու: Այդ տարիներուն Բենեդիկտոս 15-րդ Պապը ակտիւ նամակագրութեան մէջ էր բոլոր կողմերուն հետ:
«Այս փաստաթուղթերը շատ կարեւոր են յատկապէս այն պատճառով, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ Պապը միակն էր, որ հակազդեց, միջամտեց: Ներգրաւուած տէրութիւնները, անշուշտ, բոլորն ալ տեղեակ էին` Գերմանիայի, Հունգարիայի կայսրերը, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու նախագահները, բայց ոչ ոք չհակադարձեց», – ըսած է Հ. Ժորժ Անրի Ռուիյսէն:
Ան ընդգծած է՝ այս հատորները ցոյց կու տան ամբողջ ժողովուրդի մը մտադրուած լիակատար բնաջնջումը, զոր կը կատարէին թուրքերը։ Հատորները կը վկայեն, որ առնուազն մէկ պետութիւն` Սուրբ Աթոռը, իր ձայնը բարձրացուցած է համատարած «սառ անտարբերութեան» մէջ ու փորձել օգնել:
Հեղինակը իր աշխատութիւնը անուանած է մեծ «փազլի» եւս մէկ կտոր. ներառուած են ամբողջական հատուածներ այն նամակներէն, զորս կը գրէր կամ կը ստանար Բենեդիկտոս 15-րդ Պապը:
Ան մէջբերած է հատուած մոնսէնիէօր Դոլչէի՝ Պապին ուղղուած նամակէն, ուր ան մանրամասն կը նկարագրէ 1915 թուականի իրադարձութիւնները. «Բնաջնջում է, որոշները կոտորուած են, ուրիշները մահացած են սովէն, ճանապարհին: Շատ հայ մայրեր վաճառած են իրենց երեխաները` զանոնք մահէն փրկելու համար»։
«Ասոնք փաստաթուղթեր են, որոնք պէտք է գործածել ճիշդ բնագրով` հաւաստիութիւնը պահելու համար: Կարելի է թարգմանել որոշ կտորներ, բայց ամբողջական թարգմանութիւնը իմաստ չունի, քանի որ կրնան ըսել` այս նամակը սխալ թարգմանած էք», – ըսած է աշխատութեան հեղինակը, որ նամակ առ նամակ կը յիշէ՝ ով, որուն գրեց, ինչպէս արտայայտուեցաւ 1915 թուականի դէպքերու մասին: Ան, սակայն, բացառիկ ու յոյժ կարեւոր կը նկատէ յատկապէս Պապին երկու նամակները Սուլթանին:
«Հայոց ցեղասպանութեան դէմ բողոքը, մարդասիրական օգնութիւնը, ջանքերը ապարդիւն են, ամբողջովին անօգուտ, եթէ միջազգային հանրութիւնը չճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը», – Բենեդիկտոս 15-րդ Պապի խօսքերն է որ կը մէջբերէ Հ. Ժորժ Անրի Ռուիյսէն:
Պապական արեւելագիտութեան ինստիտուտի դեկանը շեշտած է՝ այս եօթ հատորներով չեն սպառիր վկայութիւններն ու կարեւոր փաստաթուղթերը և յորդորած է հայ պատմաբաններուն ու ցեղասպանագէտներուն երթալ եւ ուսումնասիրել Վատիկանի արխիւները, որոնք բաց են հայ գիտնականներուն համար, յատկապէս, որ քիչ չեն նաեւ հայերէն արխիւային վկայութիւնները:
Նոյն օրը Էջմիածնի մէջ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի դասախօսներու եւ ուսանողութեան հետ հանդիպած է Սուրբ Աթոռի գլխաւոր արխիւի եւ գրադարանի տնօրէնը՝ Արհի. Եպս. Ժան-Լուի Պրիւկէս: Ան բացառիկ դասախօսութիւն տուած է յիշողութեան ու գիրքերու մասին։ Վատիկանի գլխաւոր գրադարանավարն ու արխիւավարը յայտարարած է՝ Վատիկանի հայկական արխիւները բաց են հայ գիտնականներուն համար:
Հարցին, թէ քանի գիրք ու փաստաթուղթ կը տնօրինէ, Արհի. Եպս. Ժան-Լուի Պրիւկէս դժուարացած է պատասխանել՝ ըսելով, որ աւելի հեշտ է հաշուել, թէ քանի քիլոմեթր կը գրաւեն անոնցմով լեցուն գրադարակները։ Ճիշտ 87 քմ, որուն միայն մէկ հատուածն է ուսումնասիրուած ու դասակարգուած:
Ամէն տարի 15 հազար գիտնական կ’այցելէ Հռոմի Սուրբ Աթոռի գրադարան ու արխիւներ՝ վայր, ուր կը պահպանուի աշխարհի ամենահին ձեռագիր աւետարանը՝ գրուած պապիրուսի վրա, վայր, ուր կը պահպանուի մարդկութեան յիշողութիւնը:
«Մարդկութիւնը ոչնչացնելու համար անոր մարմինը կը սպաննեն: Բայց երբ կ’ուզեն ոչնչացնել անոր հոգին, արխիւներն ու գրադարաններն են որ կը վառեն: Իմ եզրակացութիւնը հետեւեալն է՝ այն անձը, որ կորսնցուցած է իր յիշողութիւնը, չի կրնար քալել դէպի ապագայ: Ասիկա ճիշդ է նաեւ ժողովուրդներու համար, ասիկա ճիշդ է նաեւ պետութիւններու համար: Այն որ կը մոռնայ իր անցեալը, դատապարտուած է զայն կրկնելուն», ճեմարանականներուն ըսած է Արհի. Եպս. Ժան-Լուի Պրիւկէս:
Հայաստան գալէ առաջ Սուրբ Աթոռի արխիւավարը խնդրած է առանձնացնել հայերուն վերաբերող փաստաթուղթերը: Ան չափազանց կարեւորներէն կ’առանձնացնէ 15-ը. ամենահին փաստաթուղթը թուագրուած է 11-րդ դարով՝ 1080 թուականով: Այդ փաստաթուղթերուն մէջ են նաեւ Ցեղասպանութեան ժամանակ Հռոմի Պապին նամակները` ուղղուած Թուրքիայի իշխանութեան ու հայերուն: Արխիւի հայկական հատուածը քիչ է ուսումնասիրուած:
«Ես նաեւ այստեղ եմ, որպէսզի բոլորին համար բացայայտեմ, որ Վատիկանի գրադարանն ու արխիւները, որ այդքան հարուստ են նիւթերով, բաց են բոլորին առաջ: Եթէ կան երիտասարդ գիտնականներ, որոնք կը ցանկան աշխատիլ մեզ մօտ, ես զանոնք գրկաբաց կ’ընդունիմ: Եւ եթէ գտնուի այդ խիզախը, որ կու գայ ու կ’աշխատի մեզ մօտ, ես անոր ցոյց կու տամ յատկապէս ձեռագրերու ֆոնտին մէջ առանձնացուած երկու բաժինները՝ Բորջիանի Արմենի եւ Վատիկանի Արմենի: Այնտեղ դեռ ամէն ինչ չէ որ դասակարգուած է եւ ուսումնասիրուած», – նշած է Արհի. Ժան-Լուի Պրիւկէս եպիսկոպոսը: