Անծանօթը կը գրէ եկեղեցւոյ պատին վրայ, իսկ ժողովրդապետը կը հակազդէ

Անծանօթը կը գրէ  եկեղեցւոյ պատին վրայ, իսկ ժողովրդապետը կը հակազդէ

Աննշան թուացող  դէպք մը, որ  օրինակելի խորհրդածութեան առիթ դարձաւ:

Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ,  Գորվէդդօ շրջանի Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետ-սրբուհի Ռիթա եկեղեցւոյ պատին վրայ, անծանօթ  մը հետեւեալը արձանագրած է. «Ազատ վիժում՝ նոյնիսկ Մարիամին համար»: Ժողովրդապետը, որ կը կոչուի Տօն Անտրէա Պելլօ, ժողովրդապետութեան դիմատետրի (facebook) էջին վրայ անծանօթ անձին կը գրէ հետեւեալ բաց նամակը .

«Սիրելի անծանօթ գրող պատերու վրայ,

Կը ցաւիմ որ դուն չի գիտցար օրինակ առնել քու մօրմէդ: Ան քաջ էր: Քեզ յղիացաւ, յառաջ տարաւ իր յղիութիւնը եւ քեզ ծնաւ: Կրնար քեզ վիժումի ենթարկել, սակայն չըրաւ: Քեզ ծնաւ, քեզ սնուցանեց, քեզ լուաց եւ քեզի հագցուց: Եւ հիմա ունիս կեանք եւ ազատութիւն: Ազատութիւն մը զոր կը գործածես ըսելու համար մեզի թէ աւելի լաւ պիտի ըլլայ որ նոյնիսկ քեզի նման մարդիկ գոյութիւն չունենան այս աշխարհին վրայ:  Կը ցաւիմ, բայց համաձայն չեմ:  Կը  հիանամ  քու մօրդ վրայ, որովհետեւ ան քաջ գտնուեցաւ: Եւ ան մինչեւ հիմա, նման բոլոր մայրերուն, հպարտ է քեզմով, նոյնիսկ եթէ սխալը կը գործես, որովհետեւ գիտէ թէ քու մէջդ բարին կայ, զոր պէտք է ի յայտ բերես: Վիժումը իմաստազուրկն է ամէն բանի: Ան  կեանքին յաղթող մահն է: Վախն է որ կը յաղթէ սրտի մը, որ կ՛ուզէ տրոփել եւ ապրիլ, եւ ոչ թէ մեռնիլ: Իրաւասութիւն տալու ընտրանքն է թէ ով կրնայ ապրիլ եւ ով չի կրնար, եւ կարծէք թէ այս պարզ իրաւունք մըն է: Գաղափարականն է որ կը յաղթէ մարդկութեան մը, որմէ կ՛ուզենք խլել յոյսը, ամէն տեսակ յոյս: Ես կը հիանամ այն բոլոր կիներուն վրայ, որոնք հակառակ հազարաւոր դժուարութիւններուն, կ՛ուզեն յառաջ երթալ: Դուն ստոյգ քաջութիւնն իսկ չունիս: Տեսայ թէ անծանօթ  մըն ես: Կ՛ուզեմ նաեւ քեզի ըսել թէ մեր թաղամասը ունեցաւ շատ մը խնդիրներ եւ կարիքը չունինք մարդոց, որոնք պատերու վրայ կը գրեն եւ կը քանդեն այն փոքրիկ գեղեցկութիւնը որ մնաց մեզի: Կ՛ուզես ցոյց տալ թէ դուն քա՞ջ ես: Բարելաւէ աշխարհը փոխանակ զայն քանդել փորձելու: Սիրէ փոխանակ ատելու: Օգնէ անոր որ տառապանքի մէջ է, որպէսզի հանդուրժէ իր ցաւերուն: Եւ տուր կեանք, փոխանակ  զայն խլելու: Ասոնք ենք իսկական քաջերը: Բարեբախտաբար որ մեր թաղամասը, զոր ուզեցիր քանդել, լեցուն է քաջ մարդոցմով, որոնք գիտեն նաեւ քեզ սիրել, որոնք գաղափար  անգամ չունին  քու գրածիդ մասին:

Ստորագրեալս՝
Տօն Անտրէա»: 

 

Նորութիւն չէ եկեղեցւոյ մը պատին վրայ նման արհամարհելի արտայայտութիւններու արձանագրութիւնը, որ կրնայ ոմանց հիացումին, իսկ ուրիշներու հիասթափութեան առարկայ դառնալ. նորութիւն չէ որ ժողովրդապետ մը գործածէ ընկերային հաղորդամիջոցը երկխօսութիւն հաստատելու համար նման յանդգնութիւն  ցուցաբերող անծանօթի   մը հետ։ Նորութիւն չէ նաեւ  որ եկեղեցւոյ դէմ պայքարիլ յաւակնող մարդիկ քաջութիւնը չունենան  բացայայտելու իրենց ինքնութիւնը եւ հանդէս գան դիմակներով։ Սակայն դժբախտաբար եւ ցաւօք սրտի, տակաւին կը հանդիպինք այսպիսի  մարդոց, որոնք արժէքը չեն գիտէր թէ՛ իրենց կեանքին եւ թէ ուրիշին կեանքին: Հազար ափսոս։

 

ՀԱՅՐ ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ