2017-ի մայիսի 31-ին, ժամը 11.00-ին, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցած է «Հայկական Հարցը» 1894-1896, 1908-1925, փաստավաւերագրական 7 հատորեայ ժողովածուին նուիրուած բանախօսութիւն, զոր ներկայացուցած է վերոնշեալ ժողովածուի հեղինակ` Հռոմի քահանայապետական արեւելագիտութեան կաճառի եկեղեցական իրաւունքի բաժանմունքի դեկան` հ. Ժորժ Անրի Ռուիյսէն:
Հայր Ռուիյսէն վատիկանեան գաղտնի եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի արխիւներէն հաւաքած ու համակարգած է Հայկական Հարցի վերաբերեալ փաստերն ու փաստաթուղթերը այնպէս ինչպէս ընկալուած, հաղորդուած ու մեկնաբանուած էին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ։
Հ. Ռուիյսէն Յիսուսեան կրօնաւոր է։ Մասնագէտ կանոնագիտութեան եւ դասախօս Հռոմի Քահանայապետական Արեւելեան Համալսարանի։
Իր բազմաթիւ կանոնագիտական աշխատանքներուն կողքին ան միշտ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է հայագիտական հարցերու հանդէպ։ Երբեմն նոյնիսկ վրդովում յայտնած է՝ թէ ինչու հայեր տրամադիր չեն եղած Վատիկանի դիւաններուն մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարելու։
Հ. Ժորժ-Անրի Ռուիյսէնի վերոնշեալ աշխատանքը կարող ենք համարել վատիկանեան ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արխիւներուն հայող հայկական հարցի մասին մինչեւ օրս կատարուած ամէնէն ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը որ որպէս աղբիւր ծառայած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին հրատարակուած այլ հատորներու։
Յայտնենք թէ վերոնշեալ ձեռնարկին իրենց ողջոյնի խօսքը ուղղած են նաեւ Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար պրն. Վահան Տէր-Ղեւոնդեան եւ Վատիկանի գաղտնի արխիւներու եւ առաքելական գրադարանի ղեկավար` Գերապայծառ Ժան-Լուի Պրիւկէսը: