Աղեքսանդրիոյ, Երուսաղէմի ու Յորդանանի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ Արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս Եպիսկ. Գուսան ՚՚Télé-Lumière-NourSat՚՚ հեռուստակայանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան Եգիպտոս, յայտնեց թէ Քահանայապետին այցելութիւնը Եգիպտոս կը սատարէ խաղաղութեան գործընթացի շարունակումին եւ իրականացումին ազգերու միջեւ սիրոյ եւ արդարութեան, ինչպէս նաեւ բարգաւաճումին։
«Նորին Սրբութեան Եգիպտոս այցելութիւնը խաղաղութեան այցելութիւն մըն է ուղղուած Արեւելքին ու համայն աշխարհին, որովհետեւ աշխարհը կարիքը ունի անձերու որոնք թիկունք կը կանգնին ու կը քաջալերեն խաղաղութեան սերմանումը ու խաղաղութեան մշակոյթը, յատկապէս այս օրերուն երբ ականատես ենք բազմաթիւ տագնապներու ու ահաբեկչական արարքներու» ըսաւ Արհիապատիւ գերապայծառ Գուսան, որ անդրադարձ կատարելով անցեալ 9 ապրիլին` Ծաղկազարդի տօնին օրը, Եգիպտոսի ղպտի երկու եկեղեցիներու դէմ գործադրուած ահաբեկչութիւններուն, մեծապէս գնահատեց Սրբազան Քահանայապետին վճռակամութիւնը` այցելելու Եգիպտոս հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Ան ապա հաստատեց թէ «մենք եւս Քահանայապետին հետ միասին կ՛ուզենք խաղաղութիւն կառուցել, որպէսզի յաջորդ սերունդներուն ապահովենք սիրոյ, նուիրումի ու խաղաղ կեանք մը»։