ՅԱՆՁԻՆ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻ՝ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԵՒ ԻՍԼԱՄՆԵՐԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼԸ

ՅԱՆՁԻՆ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻ՝ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԵՒ ԻՍԼԱՄՆԵՐԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼԸ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ միաժամանակ Եգիպտոսի նախագահին, ղպտի կաթողիկէներուն եւ Ալ Ազհարի մեծ Իմամին հրաւէրով Եգիպտոս այցելել որոշած ըլլալով, ուրբաթ, 28 ապրիլի առաւօտեան Գահիրէ ժամանումին, յանձին Պապին՝ երկրին քրիստոնեաներն ու իսլամները, պետական ու հոգեւոր իշխանութիւնները դիմաւորեցին Խաղաղութեան Քահանայապետը՝ անոր մէջ տեսնելով խաղաղութեան իրենց ձգտումին հզօր զօրակցութիւն մը։ Եգիպտական իշխանութիւնները երկրին ապահովութեան բոլոր ուժերը զօրաշարժի ենթարկած եւ ապահովութեան բոլոր միջոցները ի գործ դրած էին որպէսզի ահաբեկչական արարք մը չպղտորէ Պապին այս 18-րդ առաքելական այցելութեան մթնոլորտը։ Մինչեւ իսկ արգիլած էին բջիջային հեռաձայններու մուտքը մարզադաշտ ուր Պապը պիտի մատուցանէր մեծաշուք Պատարագը, մինչ բանակային ուղղաթիռներ վահանի դեր կը կատարէին բարձրէն։

Արդարեւ, հակառակ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբակին կողմէ 9 ապրիլին, Ծաղկազարդի կիրակի օրը,  ուղղափառ ղպտի երկու եկեղեցիներու դէմ կատարուած արիւնալի ոճրափորձերուն հետեւանքով (45 մեռեալ եւ աւելի քան հարիւր վիրաւոր) Պապին համար ստեղծուած խիստ վտանգալից պայմաններուն, այցելութիւնը անպայման նախատեսուած թուականին կատարելու  Ֆրանչիսկոսի  հաստատակամութիւնը աննկատ չէր կրնար անցնիլ Եգիպտոսի պետական եւ հոգեւոր իշխանութիւններուն, եւ մանաւանդ եգիպտացի հասարակութեան  կողմէ։ Պապը կու գար զիրենք գօտեպնդելու եւ անգամ մը եւս ձաղկելու պատերազմները հրահրող զէնքի վաճառականները եւ ահաբեկչական խմբակները սանձելու միջազգային ընտանիքին անզօրութիւնը։ Եգիպտական իշխանութիւններուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Պապը ըսաւ որ «Եգիպտոս՝ շրջանէն ներս խաղաղութիւնը ամրապնդելու աշխատանքին մէջ յատուկ պարտականութիւն մը ունի»։  Առանց անուններ տալու, Ֆրանչիսկոս  դատապարտեց Իսլամական պետութիւնը եւ իսլամութեան անունով գործող ահաբեկչական բոլոր կազմակերպութիւնները։

Pope 2

Եգիպտոս առաքելական այցելութեան երկու օրերուն,  նախագահ  Ալ Սիսիին, Ալ Ազհար Համալսարանի մեծ Իմամին՝ շէյխ Հմէտ Ալ Թայեպին, ուղղափառ ղպտիներու Թաուատրոս պապին եւ պաշտօնական այլ հանդիպումներու ընթացքին ունեցած ելոյթներով Ֆրանչիսկոս անգամ մը եւս յայտնուեցաւ խաղաղութեան ու մարդու իրաւունքներու պաշտպան, ամէն ձեւի ու տեսակի բռնութեան դէմ ծառացող  Քաջ Հովիւի խաչակիր մականով։  «Ո՛չ մէկ բռնութիւն կրնայ կատարուիլ Աստուծոյ անունով, որովհետեւ ան կը պղծէ Անոր անունը» գոչեց Ֆրանչիսկոս սիւննիներու Ալ Ազհար հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած  խորհրդաժողովի մը ընթացքին արտասանած ճառին մէջ։ Ան կոչ ըրաւ իսլամներուն յստակ եւ աներկբայ «Ո՛Չ» մը ըսելու ամէն ձեւի բռնութեան, ատելութեան եւ վրիժառութեան որ կը կատարուի կրօնքին կամ Աստուծոյ անունով։ Կոչ  ըրաւ միասին պայքարելու զէնքերու վաճառքին ու տարածումին դէմ ըսելով որ «եթէ զէնքերը կը շինուին ու կը վաճառուին, անոնք ուշ կամ կանուխ պիտի օգտագործուին»։ 

Pope 3

Գահիրէի այսպէս կոչուած «Օդային Պաշտպանութեան Մարզադաշտ»ին մէջ մատուցանած պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս զգուշացուց  կեղծ հաւատացեալ ըլլալէ ըսելով որ «նախընտրելի է չհաւատալ քան թէ կեղծ հաւատացեալ մը ըլլալ, կեղծաւոր մը»։ Իր քարոզի եզրափակիչ խօսքին մէջ ան ըսաւ.- «Էմմաուսի առաքեալներուն փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ չþարժեր պաշտամունքի սրահները լեցնել եթէ մեր սիրտերը  պարպուած են Աստուծոյ վախէն եւ Անոր ներկայութենէն։ Չ՚արժեր աղօթել եթէ Աստուծոյ ուղղուած մեր աղօթքը չի վերածուիր եղբայրսիրութեան։ Չ՚արժեր երեւոյթներուն հոգ տանիլ որովհետեւ Աստուած կը նայի հոգիին եւ սրտին, եւ կ’ատէ կեղծաւորութիւնը։ Աստուծոյ համար նախընտրելի է չհաւատալ քան թէ կեղծ հաւատացեալ մը ըլլալ։ Ճշմարիտ հաւատքը այն է որ մեզ աւելի գթասիրտ, աւելի ողորմած, աւելի պարկեշտ եւ աւելի մարդկային կը դարձնէ, այն որ  կը մղէ սիրտերը ձրիօրէն սիրելու ամէն ոք, առանց խտրութեան եւ նախընտրութեան։  Ճշմարիտ հաւատքը այն է որ մեզ կը մղէ ուրիշներուն իրաւունքները պաշտպանելու այն ուժով ու խանդավառութեամբ որ կը պաշտպանենք մեր իրաւունքները։ Հաւատացեալներուն համար ընդունելի միակ ծայրայեղութիւնը ծայրայեղ ողորմածութիւնն է։ Տարբեր ամէն ձեւի ծայրայեղութիւն Աստուծմէ չի գար եւ Անոր հաճելի չէ»։ 

Pope 4

Իր սովորութեան համաձայն,  Եգիպտոս այցելութեան աւարտին, Հռոմ վերադարձի ճամբուն վրայ, Սրբազան Քահանայապետը մտերիմ ասուլիս մը շնորհեց իրեն ուղեկցող  լրագրողներուն, որոնց հարցումները չսահմանափակուեցան Եգիպտոս ճամբորդութեան, այլ շօշափեցին  Հիւսիսային Քորէա-Միացեալ Նահանգներ լարուածութենէն մինչեւ Կաթողիկէ-Օրթոտոքս յարաբերութիւնները անցնելով Եւրոպան տագնապեցնող խնդիրներէն, գաղթականութեան հարցէն, Վենեզուելլայի մէջ ստեղծուած տագնապալի վիճակէն եւ Թրամբի Վատիկան կատարելիք այցելութենէն։ Պատասխանելով Հիւսիսային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստեղծուած պայթուցիկ կացութեան մասին ուղղուած հարցումի մը, Ֆրանչիսկոս պատրաստակամութիւն յայտնեց խաղաղարար միջամտութիւն կատարելու  առընչակից կողմերու ղեկավարներուն մօտ, եւ ընդգծեց  լարուածութիւնը դիւանագիտական երկխօսութեան ճամբով լուծելու անհրաժեշտութիւնը։ «Հարկաւոր է դիմել դիւանագիտական լուծումի եւ ՄԱԿ-ին» ըսաւ Ան, յայտնելով որ ՄԱԿ.ը պարտաւոր է վերստանձնել միջնորդի իր դերը, զոր «քիչ մը նսեմացած» գտաւ։ Ան կրկնեց այն ինչ որ բազմաթիւ առիթներով ըսած է արդէն։ «Այն ինչ որ տեղի ունենալու վրայ է, համաշխարհային պատերազմ է  մասնատուած ձեւով» ըսաւ Ան ակնարկելով Միջին Արեւելքին, Ափրիկէի եւ տարբեր շրջաններու մէջ շարունակուող հակամարտութիւններուն եւ կոչ ըրաւ հարցերը դիւանագիտութեան եւ բանակցութեան ճամբով լուծելու, ըսելով որ ասկէ կախեալ է մարդկութեան ապագան, որովհետեւ այսօր պատերազմ մը բաւարար է բնաջնջելու համար մարդկութեան մէկ մասը։

Յայտնապէս, Եգիպտոս կատարած վտանգալից ճամբորդութիւնը Պապին համար նոր առիթ մը եղաւ զգաստութեան կոչ ընելու միջազգային բեմի մեծ ու փոքր, յայտնի եւ անյայտ դերակատարներուն, առաջին հերթին դադրեցնել տալով զէնքերու տարածումը։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ