՚՚Յիշատակենք հայերը, ասորիներն ու միւս բոլոր քրիստոնեաները որոնք սպաննուեցան առաջին աշխարհամարտի ջարդերու ընթացքին ու յիշենք նաեւ Նահատակ Երանելի Ինգնատիոս Եպիսկոպոս Մալոյանը՚՚։ Այս եղաւ աղօթքի դիտաւորութիւններէն առաջինը որ արտասանուեցաւ շաբաթ 22 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ, Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքային մէջ կազմակերպուած, 20-րդ եւ 21-րդ դարերու մարտիրոսներու ոգեկոչումի արարողութեան ընթացքին, որուն նախագահեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի ներկայութեան այլ քրիստոնեայ կրօններու ներկայացուցիչներուն ու բազմաթիւ հաւատացեալներու, ինչպէս նաեւ մի քանի ժամանակակից հաւատքի վկաներու ազգականներուն։
Յուզիչ էր արարողութիւնը՝ որ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի նախօրեակին եւ որուն ընթացքին ներկաները աղօթեցին բոլոր այն քրիստոնեաներուն դիտաւորութեան որոնք իրենց կեանքը զոհեցին կառչած ու հաւատարիմ մնալով իրենց հաւատքին ու Աւետարանին։ Օրուան աւետարանական ընթերցումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը արտասանեց յաւուր պատշաճի քարոզը որուն մէջ ըսաւ մասնաւորաբար.-
՚՚Ուխտագնացութեամբ եկած ենք Սուրբ Բարթողոմէոսի Պազիլիքա, վայր մը ուր մարտիրոսութեան հինաւուրց պատմութիւնը կը միանայ նոր նահատակներուն, այդ բազմաթիւ քրիստոնեաներուն` որոնք սպաննուեցան անցեալ դարու խելագար գաղափարախօսութեան պատճառաւ, պարզապէս որովհետեւ Յիսուսի աշակերտներ էին։
«Այս հերոս վկաներու յիշատակը մեզի կը հաւաստիացնէ թէ Եկեղեցին մարտիրոսներու Եկեղեցի է եւ մարտիրոսները անոնք են որոնք շնորհապարգեւը ունեցան խոստովանելու Յիսուսը` մինչեւ վերջ, մինչեւ մահ։ Անոնք կը տառապին. իրենց կեանքը կու տան. ու մենք անոնց վկայութեան շնորհիւ կ՛ընդունինք Աստուծոյ օրհնութիւնը՚՚։
Նորին Սրբութիւնը ապա յիշատակեց ՚՚բազմաթիւ թաքուն մարտիրոսները, այրեր ու կիներ, որոնք հաւատարիմ սիրոյ հլու զօրութեան ու Սուրբ Հոգիի ձայնին, ամենօրեայ կեանքին մէջ կը ջանան օգնել իրենց եղբայրներուն ու սիրել զԱստուած անվերապահօրէն՚՚։ Ան ապա դիտել տուաւ թէ ՚՚իւրաքանչիւր հալածանքի ետին, միշտ կայ այս աշխարհի իշխանի ատելութիւնը, հանդէպ բոլոր անոնց որոնք Յիսուսէն փրկուեցան՚՚ ինչպէս կարդացուեցաւ աւետարանական հատուածին մէջ ՚՚Մի Վախնաք։ Աշխարհը ձեզ պիտի ատէ։ Սակայն իմացէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց՚՚։
Եկեղեցին այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունի մարտիրոսներու, վկաներու, այսինքն ամենօրեայ սուրբերու, ու նաեւ անոնց որոնք քաջութիւնն ունին ընդունելու շնորհքը վկաներ դառնալու` մինչեւ մահ։ Այս բոլորը` Եկեղեցւոյ կենդանի արիւնն են։ Վկաներն են որոնք յառաջ կը տանին կեղեցին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ ապա անդրադարձաւ Լեզվոս կղզի այցելութեան ընթացքին ունեցած մէկ հանդիպումին մահմետական մարդու մը հետ, որ իրեն պատմած է իր քրիստոնեայ կնոջ մասին, որ սպաննուած է Սուրիոյ մէջ ծայրայեղականներու ձեռքով, որովհետեւ մերժած էր իր վիզին կրած խաչը հանել։ ՚՚Այդ կնոջ յիշատակը, որուն անունը չեմ գիտեր, սակայն վստահ եմ որ մեզի կը դիտէ երկինքէն, կ՛ուզեմ այսօր թողուլ այս յիշողութեան վայրին մէջ, որպէս յատկանշական խճանկար՚՚ ըսաւ Քահանայապետը։ Ապա ան շարունակեց. «Յիշել հաւատքի այս վկաները ու աղօթել այս վայրին մէջ մեծ շնորհք մըն է»։ Հուսկ Ան հայցեց մարտիրոսներու բարեխօսութիւնը որպէսզի անոնց կենդանի ժառանգութիւնը` խաղաղութիւն ու միութիւն պարգեւէ։
՚՚Անոնք մեզի կը սորվեցնեն թէ սիրոյ ու հեզութեան զօրութեամբ է որ կարելի է պայքարիլ ահաբեկչութեան ու բռնութեան, ինչպէս նաեւ պատերազմի դէմ, ու այդ սիրոյ եւ հեզութեան զօրութեամբ կարելի է իրականացնել խաղաղութիւնը՚՚ ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց աղօթել որպէսզի Տէրը պահպանէ հալածուած քրիստոնեաները, ու համայն աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն։
Քարոզէն ետք Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Պազիլիքային երկու կողմերը գտնուող խորաններ, որոնցմէ ամէն մէկը նուիրուած է մէկ ցամաքամասի մարտիրոսներու յիշատակին, այնտեղ վառեց մոմեր եւ աղօթեց, ու երբ հասաւ Միջին Արեւելքի յատկացուած խորանին առջեւ, ուր կը պահպանուի նաեւ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի մէկ ձեռագիր նամակը, Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց պղինձէ աղաւնի մը զոր իրեն ներկայացուց հալէպահայ երիտասարդ մը որ շնորհիւ Սանդ էճիտիօ հասարակութեան կրցած է փախչիլ Հալէպէն ու առ այժմ հաստատուած է Իտալիոյ մէջ իր ընտանիքին հետ։
Հալէպի Յոյն կաթողիկէ աւերակ եկեղեցիէ մը բերուած` խաղաղութիւնը յատկանշող առանց թեւի այդ աղաւնին ապա զետեղուեցաւ Միջին Արեւելքի մարտիրոսներուն նուիրուած խորանին վրայ որպէս խորհրդանիշ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեաներու տառապանքին ու նաեւ յոյսին։ Բեկանուած խաղաղութիւն մը որ կը լուսաւորուի մարտիրոսներու լոյսով։