ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ Կ՛ԱՆՑՆԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ՝ ԻՐ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՀԱՇՏՈՒԹԵՆԷՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ  ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ Կ՛ԱՆՑՆԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ՝  ԻՐ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՀԱՇՏՈՒԹԵՆԷՆ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան կատարած այցելութեան (24-26 յունիս 2016) լոյսին տակ, այցելութենէն շուրջ շաբաթ մը ետք, Վատիկանի ռատիոկայանէն կատարած մէկ վերլուծումին մէջ, Յիսուսեան հայր Ժորժ-Անրի Ռուիյսէն, որ Հայաստանի եւ հայկական հարցելու մասնագէտ է եւ Հռոմի քահանայապետական արեւելեան կաճառի կանոնագիտութեան դասախօս, ըսած էր թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղութեան գործընթացը կրնայ յաջողիլ միայն Թուրքիոյ հաշտութեամբ իր յիշողութեան հետ։ Ան շեշտած էր 1915-1917 թուականին Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը յարգելու հրամայականը։

Յիսուսեան վարդապետը, որ պելճիքացի է, ողջունած էր «ցեղասպանութիւն» եզրին օգտագործումը Պապին կողմէ։ «Այս բառը շատ ուժեղ է, որովհետեւ կ՛ակնարկէ միջազգային պատժական օրէնքով նախատեսուած ոճիրի մը, որ մաս կը կազմէ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն որոնք ծանրագոյններն են» ըսած էր ան, աւելցնելով որ «Պապը չվախցաւ զայն վերստին օգտագործելէ եւ անգամ մը եւս կոտրեց թապու մը»։ (Ինչպէս գիտենք, Ֆրանչիսկոս ցեղասպանութիւն եզրը արդէն օգտագործած էր 12 ապրհլ 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ)։

Մինչ թրքական կառավարութիւնը՝ Պապին Հայաստան կատարած այցելութեան առաջին օրն իսկ կրկնած այս եզրին մէջ փորձած էր տեսնել «Խաչակիրներու մտայնութիւնը», հայր Ռուիյսէն վստահեցուցած էր թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը «չ՚ուզեր կոխկրտել կամ դատապարտել Թուրքիան», սակայն կը կառչի «պատմական ճշմարտութեան»։ Ան ըսած էր թէ «Պապը կը ցանկայ հաշտութիւն մը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ», աւելցնելով որ «այս հաշտութիւնը նախ կ՛ենթադրէ Թուրքիոյ հաշտութիւնը իր յիշողութեան հետ՝ առանց խնդրոյ առարկայ դարձնելու իր հպարտութիւնը, թուրքերը ազատելու համար իրենց խղճի խայթէն»։

Հայր Ռուիյսէն, որ հեղինակ է հայ ժողովուրդի յատկապէս 1894-1925 երկարող ժամանակաշրջանի պատմութեան մասին, կը վստահեցնէ որ «ջարդերուն ժամանակ Բենեդիկտոս ԺԵ․ եւ Սուրբ Աթոռը ըրին ամէն ինչ որ կրնային դադրեցնել տալու համար ցեղասպանութիւնը, փրկելու քրիստոնեաները եւ օգնելու գաղթականներուն, մինչ միւս տէրութիւնները իրենց նայուածքը շեղած էին»։ Յիսուսեան վարդապետը կ՛ըսէ թէ «ուրիշ քրիստոնեայ ոչ մէկ ժողովուրդ նման նահատակութեան մը ենթարկուեցաւ իր հաւատքին հաւատարմութեան համար»։

Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան եւ Իրաքի ու Սուրիոյ քրիստոնեաներու այսօրուան հալածանքներուն միջեւ զուգահեռականի մասին, յիսուսեան պատմաբանը նկատել կու տայ որ «այսօր, ինչպէս անցեալին, Պապին ձայնը հալածեալներուն պաշտպանութեան ի խնդիր բարձրացող հազուագիւտ ձայներէն մէկն է՝ քրիստոնեայ տէրութիւններու անտարբերութեան դիմաց»։

Ս.Ն.