ԴԱՄԱՍԿՈՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ ՇՈՒՔՈՎ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԲ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԿՏԱԿԻՆ

ԴԱՄԱՍԿՈՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ ՇՈՒՔՈՎ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԲ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԿՏԱԿԻՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102 ամեակը Դամասկոսի մէջ նշուեցաւ արժանավայել շուքով։ Ի հեճուկս տիրող անապահովութեան, դամասկահայութիւնը յանձնառու գտնուեցաւ իր յարգանքի տուրքը մատուցելու սուրբ Նահատակներու յիշատակին, աղօթքով խնդրելով անոնց բարեխօսութիւնը, Հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը միշտ վառ պահելու վճռակամութեամբ։ Այս առթիւ կատարուած ձեռնարկները կազմակերպուած էին յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, մասնակցութեամբ դամասկոսահայ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հովանաւորութեամբ քաղաքիս հայ համայնքապետերուն:

Կիրակի 23 ապրիլին, Հայ Առաքելական առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ նախատօնակ։ Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Նահատակաց յուշակոթողին դիմաց Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան կատարեց Սրբոց Նահատակաց նուիրուած բարեխօսական կարգը, շրջապատուած քահանայ հայրերով ու հայորդիներով։ Աղօթքին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանը ու դեսպանատան աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը։ Այս առթիւ, Սրբոց Նահատակաց դամասկոսահայ ժառանգորդներու անունով զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ մը յուշակոթողին առաջ, մինչ ՀՄՄ-ի շեփորախումբը կը կատարէր ազգային նուագներ։ Երեկոն շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ դասախօսութեամբ մը պրն. Սարգիս Պուրունսուզեանի, նիւթ ունենալով Ցեղասպանութեան հասցուցած վնասները հայ ժողովուրդին։ Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Սրբազան Հօր տիրամայրը որ խոր ապրումով արտասանեց Սիամանթոյի «Պար»ը։ Արուեստագէտ Լեւոն Ապաճեան կատարեց երկու շարականներ։ Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց ներկաներու մասնակցութեամբ։ Երեկոն եզրափակեց Սրբազան Հայրը իմաստալից խօսքով մը ու Պահպանիչով։

Երկուշաբթի 24 ապրիլի առաւօտեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու, ներկայութեամբ բարձրաստիճան հոգեւորականներու, գլխաւորութեամբ Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ Լահհամ Պատրիարքին ու Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աֆրամ Պատրիարքին։ Ներկայ էին նաեւ Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Յովսէփ Եպս. Առնաութեանն ու համայնքիս ժողովըդապետ Հ. Գէորգ վրդ. Պահէեանը, ինչպէս նաեւ Վարուժան Արք. Հէրկէլեան, նախկին առաջնորդ Կիպրոսի Հայոց որ մասնաւորապէս հրաւիրուած էր մասնակցելու Ցեղասպանութեան յիշատակութեան միջոցառումներուն, Դամասկոսի համայնքապետեր ինչպէս նաեւ ՀՀ դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանը ու երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը։ Արմաշ Սրբազան արաբերէն լեզուով տուաւ օրուայ պատգամը:

Ս. Պատարագի աւարտին Սրբոց Նահատակաց յուշակոթողին առաջ տեղի ունեցաւ բարեխօսական կարգ, մասնակցութեամբ Պատրիարք հայրերու, ներկայ հոգեւորականներու ու Գերապայծառ Տիրոջ։

Կէսօրէ ետք, դամասկոսահայ միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ հոգեւոր առաջնորդներու, այցելութիւն մը տուին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, հանդիպում մը ունենալով պրն. Դեսպանին հետ, որ անգամ մը եւս շեշտեց Հայ դատի անժամանցելիութիւնը ու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան վճռակամութիւնը հետեւողական կերպով հետապնդելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու արդարութեան վերականգնումը։ Այս առիթով պրն. դեսպանը իր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ յանձնարարութեամբ, դեսպան դոկտ. Լեւոն Սարգիսեանի նոր պատրաստած՝ սուրիացի մտաւորական Ֆայէզ Ղուսէյնի Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսի վկայութիւններու մասին գիրքը նուիրեց ներկաներուն։

D2

Երեկոյեան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ, զոր մատուցանեց ու պատշաճօրէն քարոզեց Հայր Գէորգ վրդ. Պահէեանը։ Աւարտին ներկաները գլխաւորութեամբ հոգեւոր հայրերու թափօր կազմած, հետեւելով ՀԿՄի ու համայնքիս «Սիրոյ Ընտանիք» սկաուտական խումբի միացեալ շեփորախումբին ազգային նուագներուն, ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյս Հայոց ցեղասպանութեան Նահատակներու յուշակոթողը, որուն առաջ կատարուեցաւ մասնաւոր աղօթք վասն Նահատակաց։ Ապա եկեղեցւոյս Ամինեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման հանդիսութիւն նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 102 ամեակին։ Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին, Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանը ,Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանը, իսկ օրուայ բանախօսն էր Լիբանանէն մասնաւորապէս ժամանած Բարձրշ. Վարուժան Արք. Հէրկէլեան, նախկին առաջնորդը Կիպրոսի Հայոց թեմի, որ ներկայացուց իր մտորումները սրբացեալ Հայոց ցեղասպանութեան Նահատակներու մասին։ Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան պատանիները ու երիտասարդները, ներկայացնելով Սիամանթոյի «Խաչը» քերթուածի հիման վրայ կենդանի պատկեր մը։ Ասմունքով հանդէս եկաւ Տիկին Անուշ Մարաշլեան կատարելով Սիամանթոյի «Յոյսին համար» քերթուածը։ «Իմ Անի» երգը կատարեց օրդ․ Սարին Գաթքլեան, դաշնամուրի վրայ նուագակցութեամբ տիկին Նարին Առաքելեանի։ Օրդ․Սիւզի Բարսեղեան ջութակի մենանուագով ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի Կռունկը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Տիկին Արմենուհի Բարսեղեանի։ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան «Մեղրի» պարախումբի պարմանուհիները ներկայացուցին երկու պար։

Հանդիսութեան աւարտին Տ․ Արմաշ Եպս․ Նալպանտեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը ու բեմ հրաւիրելով օրուայ բանախօս Տ․ Վարուժան Արքեպիսկոպոսը, զայն պատուեց յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին յատուկ յուշանուէրով։ Այսպէս վերջ գտաւ ոգեկոչման երեկոն ու ներկաները մեկնեցան Նահատակաց յիշատակը վառ պահելու հաստատակամութեամբ, յուսալով որ խաղաղութիւնը կը տիրէ Սուրիոյ մէջ ու սուրիահայութիւնը կարելիութիւնը կ՚ունենայ պահելու ու պահպանելու իր սրբութիւնները այս օրհնեալ երկրին մէջ։

 

ՇԱՆԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ