ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքը մասնակցեցաւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի համագումարին որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ 29 Ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին համագումարին ներկայ էր նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Խորհուրդի Նախագահ՝ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան։

Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները, Սուրիոյ հայութեան Շտապ Մարմինի անդամները՝ առաջնորդութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Գերպծ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան, Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ երեք կուսակցութեանց, Բարեգործականի եւ ՍՕԽ-ի ներկայացուցիչներ: Համագումարին կը մասնակցէին նաեւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տնօրէնը, Ֆրանսայի, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ատենապետները։ Լիբանանէն կը մասնակցէին Հայկազեան Համալսարանի նախագահը, ԱՖԷՏ-ի ու Հ.Յ.Դ.ի ներկայացուցիչները։

Համագումարը, առաջին հերթին, առիթ մը եղաւ լսելու Նորին Սրբութեան պատկերացումը, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի գծով, հոգեւոր պետերուն ողջոյնի ու քաջալերանքի խօսքերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յանձնախումբին կողմէ վերջին չորս ամիսներուն ընթացքին կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին։ Ապա, տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում ու արժեւորում եւ ճշդուեցան յառաջիկայ ամիսներուն կատարուելիք աշխատանքին առաջնահերթութիւնները, ընթացքն ու հանգրուանները։

Համագումարը ողջունելով անցնող շուրջ հինգ տարիներու ընթացքին համահայկական տարողութեամբ Սուրիոյ հայութեան կատարուած օժանդակութիւնը, մաղթեց որ նո՛յն ոգիով ու մօտեցումով շարունակուի համահայկական զօրակցութիւնը Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն։ Համագումարը չորս բնագաւառները նկատեց հիմնական առաջնահերթութիւններ վերականգնումի գործընթացի ծիրէն ներս.- 1) Միջին «պիզնըս»ներու օժանդակութիւն ու փոխատուութիւն կատարելու ծրագիրի մշակում եւ անմիջական գործադրութիւն. 2) Ազգային կառոյցներու վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման աջակցութիւն. 3) Վնասուած շէնքերու վերանորոգում. 4) Կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւն։

Համագումարը առաջարկեց, որ յիշեալ չորս մարզերէն ներս ցարդ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքները երկրէն ներս տիրող պայմաններու լոյսին տակ ամբողջացուին՝ մասնագիտական ու իրապաշտ մօտեցումով։ Համագումարը նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ վերականգնումի աշխատանքները համադրող ու հետապնդող յատուկ գրասենեակ մը հաստատուի Հալէպէն ներս՝ կեդրոնական ու մասնագիտական յանձնախումբերու կողքին։

Որոշուեցաւ Օգոստոս 2017-ի առաջին կիսուն համահայկական տարողութեամբ համագումար մը կազմակերպել՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի Պետութեան, հայկական գաղութներու, թեմերու, կազմակերպութիւններու ու բարերարներու։ Սոյն համագումարին նպատակը պիտի ըլլայ ընդհանուր զեկոյց մը ներկայացնել կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին ու ներկայացնել պատրաստուած ծրագիրները, որպէսզի անոնք որդեգրուին ներկաներուն կողմէ։

Յիշեալ սկզբունքները ճշդելով ու անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարելով, համագումարը նաեւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, թէ անհրաժեշտ է միշտ նկատի ունենալ Սուրիայէն ներս տիրող քաղաքական ու ապահովական պայմաններուն հոլովոյթը։