Որպէս երկարամեայ ընթերցողը Հայ կաթողիկէ պարբերաթերթին, կը շնորհաւորեմ անոր 70 ամեակը։ 1947-էն ի վեր «Մասիս» պատնէշի վրայ կանգնած է որպէս զէն ունենալով ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ։ Այս նշանաբանին ներքեւ ան կը լուսաբանէ հայ ընթերցողը։ Անոր կը ջամբէ հայրենասիրութիւն, ազգասիրութիւն, եկեղեցասիրութիւն, քաջալերելով մեր ինքնուրոյն բարեմասնութիւնները:
«Մասիս»ին ծանօթացած եմ մանաւանդ յայտնի մտաւորական, հայագէտ, հրապարակագիր Հայր Անդրանիկ ծ․վ․ Կռանեանի խմբագրութեան օրերուն։ 1993-էն ի վեր եղած եմ համեստ մէկ աշխատակիցը այս պատկառելի պարբերաթերթին։ Ամէն անգամ որ «Մասիս»ի մէկ օրինակը ձեռքերուս մէջ ունենամ ուրախութիւնս կ՛աշխուժացնէ սրտիս տրոփիւնը, որովհետեւ աչքերուս դիմաց կը պարզուի մեր Մայր Հայրենիքը, Հայաստան լեռնաշխարհը։ Որովհետեւ, Աստուած, աշխարհի արարիչը, իր ստեղծագործութեամբ Հայ Ազգին պարգեւած է բնական կոթող մը իր երկու գագաթներով՝ Մասիս եւ Արարատ։ Ակամայ կ՛արտասանեմ «Աշխարհն անցիր Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ։ Ես իմ Մասիս սարն եմ սիրում» անզուգական Յովհաննէս Շիրազի տողերը։
Աշխարհի գիտութիւնը, արհեստագիտութիւնը որքան ալ զարգանայ, համացանցը, համակարգիչը եւ ասոնց յարակից միջոցները չեն կրնար ժողովուրդին տալ այն ինչ որ կու տան թերթը եւ գիրքը։ «Մասիս»ի եօթանասունամեակին առիթով կը քաջալերենք բոլոր հայկական թերթերուն զինուորագրեալները, որոնք շառաւիղներն են Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանին, որ հրատարակեց հայկական առաջին թերթը, «Ազդարար»ը 1794-ին, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ։
Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ «Մասիս»ի եօթանասունամեակը, անոր մաղթելով բարի երթ եւ յարատեւութիւն։
ԳԷՈՐԳ ՍՈԼԱՔԵԱՆ