ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` հայրենադարձներուն նուիրուած շաբթուան ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Փետրուար 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան եւ նախարարութեան քանի մը աշխատակիցներ այցելեցին Երեւանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցի, ուր Սուրիոյ ճգնաժամէն մինչ օրս ապաստան գտած է շուրջ 600 սուրիահայ: Այս պահուն եկեղեցւոյ հիւրատան մէջ կ’ապրի 47 սուրիահայ:
Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ, բարձրաշնորհ Հայր Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանի օրհնութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ, Եկեղեցին՝ համագործակցութեամբ «Հայկական Կարիտաս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան հետ` կը հոգայ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն ոչ միայն ժամանակաւոր կեցութեան հարցը, այլեւ կը լուծէ անոնց սոցիալական բազմաթիւ խնդիրները:
Այցելութեան ընթացքին պարոն Սերժ Սրապիոնեան, փոխանցելով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքերը, կարեւոր համարեց Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը հայկական մշակոյթի պահպանման եւ տարածման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ` սուրիահայութեան խնդիրներու լուծման ուղղուած եւ անով հայրենի պետութեան սատար կանգնելու ջանքերը:
Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ թեմի ընդհանուր տեղապահ Հայր Մեսրոպ վարդապետ Սուլահեան գոհունակութիւն յայտնեց անձամբ տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին` ամէնօրեայ հոգատարութեան եւ ուշադրութեան, ինչպէս նաեւ` սուրիահայութեան խնդիրներու լուծման ուղղուած գործընթացներուն հետեւելու համար:
Ան ընդգծեց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան մէջ առանձնակի սէր եւ հոգի կայ այն բեկորներուն հանդէպ, որոնք սփռուած են աշխարհով մէկ: Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սէրը մեր հայրենակիցներուն հանդէպ առաւել կը մեծնայ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ:
Հայր Սուրբը մասնաւորապէս ընդգծեց, որ այցելած է աշխարհի տարբեր մայրցամաքներ եւ գրեթէ բոլոր համայնքները մեծագոյն սիրով եւ հաւատով կը խօսին սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի մասին` աւելցնելով, որ իրենք կը հաւատան, թէ ապագային առաւել պիտի սերտանայ եւ ընդլայնուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համագործակցութիւնը:
Պարոն Սերժ Սրապիոնեան Եկեղեցւոյ նորաստեղծ գրադարանին նուիրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ հրատարակուած գիրքեր:
Այնուհետեւ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները լսեցին եկեղեցւոյ հիւրատան մէջ ապաստանած սուրիահայերուն եւ խոստացան անոնց խնդիրներուն ու առաջարկութիւններուն անդրադառնալ սուրիահայերուն ուղղուած նախարարութեան յետագայ աշխատանքներուն մէջ: