Աշխարհասփիւռ իմ սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Այսօր աշխարհի շատ ժողովուրդներ կը տօնեն «ԵՈՒՆԵՍԿՕ»ի կողմէ հաստատուած Մայրենիի օրը: Հայաստանի մէջ այն պետական տօն է, տօն, որ կ’ամփոփէ մեր ինքնութեան ու լինելիութեան մեծագոյն խորհուրդը, եւ ես սիրով եւ հպարտութեամբ կը շնորհաւորեմ բոլորս այս սրբազնագոյն տօնին առթիւ:
Մայրենին հայ ժողովուրդի յաւերժութեան խօսուն վկան է, անոր առջեւ ծագած բոլոր մարտահրաւէրներու անպարտելի յաղթաթուղթը, քանզի լեզուն զէնքի ուժ ու զօրութիւն ունի: Լեզուն այն երջանկութեան բանալիներէն մէկն է, որմով շատ դռներ կը բանանք, ինչպէս Պարոյր Սեւակ ըսած է. «…Երջանիկ է նա, ով քեզ կարող է կոչել Մայրենի, երանելի է, ով քեզանով է խօսում ու դատում»:
Յիրաւի, մեր Մայրենին բանալի է դէպի դարերու խորքը, դէպի հայ գրչութեան ու դպրութեան մատեաններն ու հազարամեակներէն եկող տաճարներու առեղծուածն ու պատմութեան քառուղիները: Մենք այդ հարստութեան տէրն ենք, Արարչագործի մեծ պարգեւին արժանացած հնամենի ժողովուրդ, որ բիւր թշնամեաց դէմ կռիւներ տուած` յանուն հաւատի, յանուն Մայրենիի եւ մատեաններ փրկած է աւերածութիւններէն ու հրօ ճարակէն:
Դարերու խորքէն կու գայ եւ կ’երթայ դէպի դարերը մեր լեզուն: Եւ բանաւոր եւ գրաւոր մշակոյթի բոլոր կոթողներուն մէջ հայերէնը կատարեալ է: Մեր Մայրենին պարզ ու անմիջական է Գողթան երգերու ու վիպերգութեան մէջ, շքեղ ու կանոնաւոր` Խորենացիի ու Նարեկացիի ձեռագիր մատեաններուն մէջ, ճկուն ու բազմաշերտ` Շիրակացիի ու Հերացիի գործերուն, յուզական ու սիրառատ` Քուչակի ու Սայաթ-Նովայի քերթուածներուն, հզօր ու առնական` Վարուժանի ու Չարենցի երկերուն մէջ… Եւ օտարը Աստուծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն համարած է հայերէնը… Իր բոլոր դրսեւորումներով հայոց լեզուն մշակութային մեծագոյն արժէք է, հազարամեակներու ընթացքին սերունդներու լեզուական արարումի արդիւնք ու գանձարան:
Այսօր, առաւել քան երբեք, անհրաժեշտ է համայն հայութեան ողջ ներուժն ուղղորդել Մայրենիի պահպանման ու տարածման, քանի որ համաշխարհայնացուող աշխարհին մէջ լեզուն է ազգային ինքնութեան պահպանման գրաւականն ու աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան ազգային պատկանելութեան վկայութիւնը, մեր միասնականութեան գլխաւոր կռուանը:
Դիմելով Ձեզ` աշխարհասփիւռ իմ հայ երիտասարդներ, հարազատօրէն կոչ կ’ընեմ.
Թանկագիններս, սորվէ՛ք մեր ոսկեղինիկ լեզուն, խօսէ՛ք հայերէն, սիրէ՛ք ու պաշտէ՛ք Մայրենին` իբրեւ սրբութիւն սրբոց, իբրեւ մեր ազգային ինքնութեան եւ լինելիութեան վկայական: Եկէ՛ք ազգովին պահենք ու պահպանենք մեր լեզուն` մեր Հայրենիքը:
Կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորս այս ոգեղէն տօնին առթիւ: Փառաբանենք ու պահպանենք մեր Մայրենին` մեր ինքնութեան վահանը, մեր գոյութեան առհաւատչեան:
Մենք կանք, քանի դեռ կը խօսինք հայերէն…