Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Մարտին նահանգի Տերիք շրջանին մէջ, ուր ժամանակին ապրած է աւելի քան 400 հայ ընտանիք, այսօր մնացած է վերջինը` Տեմիրճիներու ընտանիքը, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` չեն գաղթած եւ չեն կրօնափոխուած, – կը գրէ «Թերթ․ամ»ը՝ վկայակոչելով թրքական Gazetesujin.com կայքը:
Եուրշալին Տեմիրճին, որ այստեղ մնացած է իր ամուսինին հետ, տխրութեամբ կը փաստէ, որ շրջանին մէջ հայ բնակչութեան բացակայութեան պատճառով այլեւս չի գործեր Տերիքի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին:
«Մեր հարեւանները երբեմն կ՛ըսեն` նամազ ըրէ: Ես նամազ չեմ գիտեր: Մենք` հայերս, հարսանեկան արարողութիւնը եկեղեցւոյ մէջ կ՛ընենք, սակայն իմս տունը ըրինք, որովհետեւ այդ ժամանակ այստեղ քահանայ չկար արդէն: Մինչեւ վերջերս փոխպատրիարքի օգնականը կու գար, սակայն ճնշումներու հետեւանքով ան ալ հեռացաւ», – կը պատմէ տիկին Տեմիրճին` աւելցնելով, որ կը հպարտանայ իր ազգային ու կրօնական պատկանելիութեամբ ու չի պատրաստուիր փոխելու զայն:
Եուրշալին կ՛ընդգծէ, որ դեռ 50 տարի առաջ Մարտինի մէջ կարելի էր գտնել քրիստոնեայ հայ ընտանիքներ, որոնց մեծ մասը, սակայն, ընկերային եւ կրօնական բռնաճնշումներու հետեւանքով արտագաղթած են Պոլիս եւ միացած Պոլսոյ համայնքին, ուր կրնան իրականացնել մկրտութեան եւ հարսանեկան ծէսերն ու երեխաները հայկական դպրոց ուղարկել:
«Ասկէ 50 տարի առաջ եկեղեցւոյ զանգերը դեռ կը ղօղանջէին, եկեղեցին կը լեցուէր հայ քրիստոնեաներով: Կը կարօտնամ հին օրերը, բայց արդէն ընտելացած եմ մենակութեան: Այստեղ ծնած ենք, այստեղ մեծցած եւ չենք ուզեր լքել մեր հողը: Երջանիկ եմ, որ այստեղ եմ»,- կ՛ըսէ Մարտինի վերջին հայուհին:
Նշենք, որ Մարտինը, որ ներկայիս համանուն նահանգի կեդրոնն է, վերին Միջագետքի հին բերդաքաղաքներէն էր: Կը գտնուէր Ետեսիա եւ Մծբին քաղաքներու միջեւ, բարձր եւ ապառաժոտ լեռան զառիվայր լանջին:
Ցեղասպանութեան տարիներուն Մարտինէն բռնի աքսորուած է 4.663 հայ:
Ծ.Խ.- Մարտինէն տեղահանուած եւ աքսորուածներուն մասին վերոյիշեալ թիւը կասկածելի է, նկատելով որ քաղաքի յիսուն հազար բնակչութեան շուրջ կէսը քրիստոնեաներ էին, մեծամասնութիւնը Հայ կաթողիկէ։ Մարտինի Հայ կաթողիկէ թեմին առաջնորդ եպիսկոպոսն էր Իգնատիոս Մալոյեան, որ 11 յունիս 1915-ին Մարտինէն տեղահանուածներու առաջին կարաւանին մէջ կը գտնուէր, 417 հաւատացեալներու հետ, 16-ը կուսակրօն քահանաներ։ Մինչեւ իր նահատակութիւնը Սիրտ Յիսուսի տօնին, ան իրական գողգոթա մը կ’ապրի։ Հակառակ տաժանալի չարչարանքներուն որոնց կ’ենթարկուի աքսորի ճանապարհին վրայ, Մալոյեան կը մերժէ կրօնափոխ դառնալ եւ կը նահատակուի։ Իգնատիոս Մալոյեան Երանելի հռչակուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ 7 Հոկտեմբեր 2001-ին։ Մարտինը տուած է նաեւ չորս ուրիշ նահատակ կուսակրօն քահանաներ՝ Ստեփան ծ.վ. Հոլոզեան, Յակոբ վրդ. Ֆարճոյեան, Օգոստինոս վրդ. Պաղտասարեան,Վարդան վրդ. Սապպաղեան։
Տերիքը կը գտնուի Մարտին քաղաքէն շուրջ 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Անոր Սբ. Գէորգ եկեղեցին ամբողջութեամբ աւերուած է։ Իսկ Մարտինի մէջ ներկայիս կ’ապրին 8-10 հայ կաթողիկէ ընտանիքներ։ Անոնք ունին իրենց սուրբ Յովսէփ եկեղեցին, ուր տարին քանի մը առիթներով միայն եկեղեցական արարողութիւններ կը կատարուին։