Հայաստանի Մատենադարանը, որ հնագոյն ձեռագիրներու հիմնարկն է, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի աջակցութեամբ 2017 թուականին պիտի կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ` նուիրուած հայերէն Աստուածաշունչի առաջին հրատարակութեան 350-ամեակին: Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեան NEWS.am-ին ըսած է, որ 2016-ի վերջը Մատենադարանը շահած է այդ ծրագիրը:
Վահան Տէր Ղեւոնդեան նշած է որ հայերէնով Աստուածաշունչի հրատարակումը մեծ իրադարձութիւն է ոչ միայն հայ, այլեւ համաշխարհային մշակոյթին համար: Տօնակատարման ծրագիրը երեք բաղկացուցիչ ունի` հնատիպ գիրքերու ցուցադրութիւն, 350-ամեակին նուիրուած «պատկերագիրք-ուսումնասիրութեան» տպագրութիւն եւ գիտաժողով:
Հիմնական ձեռնարկները պիտի սկսին Յունիսին եւ պիտի տեւեն մինչեւ տարեվերջ:
Հայերէնով առաջին տպագիր Աստուածաշունչը 1666-1668 թուականներուն Ամսթերտամի մէջ հրատարակած է Ոսկան Երեւանցին: Սա հայերէնով տպագրուած հնագոյն գիրքերու լաւագոյն օրինակներէն մէկն է եւ աշխարհի մէջ հրատարակուած Աստուածաշունչի աւելի արժէքաւոր վաղ հրատարակութիւններէն մէկը:
Մատենադարանին մէջ կը շարունակուի ձեռագիր վիթխարի ժառանգութեան «գոյքագրումը»
Հին ձեռագրերու պահոց «Մատենադարան»ին մէջ կը շարունակուի ձեռագիր վիթխարի ժառանգութեան «գույքագրումը»։ Պիտի հրատարակուին երկու «ֆունդամենտալ» մատենաշարեր ՝ «Մատենագիրք հայոց» եւ «Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց»։ Ասոնց զուգահեռ կը պատրաստուին այլ լեզուներով ձեռագրերու ցուցակները։
NEWS.am-ի թղթակցին հետ զրոյցի ընթացքին, Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան նշած է որ ձեռագրերը պահպանելը ինքնին շատ կարեւոր է, բայց նուազ կարեւոր չէ աշխարհին այդ ձեռագրերը պատշաճ ձեւով ներկայացնելը։
Անոր խօսքով «Մատենագիրք հայոց»ը ֆունդամենտալ աշխատութիւն է, որ կ’ընդգրկէ 5-18-րդ դարերու հայ մատենագիրներու աշխատութիւնները։ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի աջակցութեամբ արդէն հրատարակուած է ձեռագրերու 20 հատոր, իսկ ընդհանուր առմամբ հրատարակուելու է մօտ 70 հատոր։
Ինչ կը վերաբերի մայր ցուցակին, ապա այն, ի մի բերուելով, պարունակելու է Մատենադարանին մէջ պահուող աւելի քան 16 հազար հայերէն ձեռագրերու մանրակրկիտ նկարագրութիւն։
Բայց Մատենադարանին մէջ հայերէն ձեռագրերէն բացի կան նաեւ այլ լեզուներով բազմաթիւ ձեռագրեր։ Ժամանակին նկարագրուած են միայն լատիներէն ու յունարէն ձեռագրերը։ Անցեալ տարի կազմուած է Մատենադարանի արաբատառ ֆոնդի առաջին նկարագրութիւնը՝ ձեռագիր Ղուրաններու ցանկը (ասոնք աւելի քան 100 են): Հրատարակութեան համար պատրաստ է Մատենադարանին մէջ պահուող 450 պարսկերէն ձեռագրերու նկարագրութիւնը, նաեւ պատրաստուած է եբրայերէն ձեռագրերու ցանկը։ Կը շարունակուի քրիստոնէական բովանդակութեամբ արաբերէն ձեռագրերու հետազօտութիւնները։
«Մեր օտարերկրեայ գործընկերները կը պատրաստեն ասորերէն եւ վրացերէն ձեռագրերու նկարագրութիւնը։ Կը ծրագրուի կազմել նաեւ օսմաներէն ձեռագրերու ցանկ։ Ունինք եթովպերէն ձեռագրեր, բայց քանի որ մենք մասնագէտներ չունինք, կը ներգրաւենք օտարերկրեայ գործընկերներ։ Ասիկա մեծածաւալ աշխատանք է, բայց զայն աւարտին հասցնելէ յետոյ մենք կը կարողանանք աշխարհին ներկայացնել մեզ մօտ պահուող ամբողջ ժառանգութիւնը», ըսած է Տէր Ղեւոնդեան։