Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատունը 2017-ի յունուարի 16-ին հրապարակած է Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան (1817-1900) 200 ամեակին նուիրուած 10.000 դրամ արժողութեամբ արծաթեայ դրամանիշ մը, որուն մէկ երեսին վրայ ներկայացուած է աշխարհահռչակ ծովանկարիչին դիմանկարը, միւս երեսին՝ անոր «Իններորդ ալիք» պաստառին մէկ մասը։
Այվազովսքին 1844-ին ընտրուած է Ռուսիոյ Գեղարուեստից Ակադեմիայի անդամ։ 1857-ին ֆրանսա զինք պարգեւատրած է Պատուոյ Լեգէոնի շքանշանով։ Ան հռչակաւոր է իր ծովանկարներով։ Հռչակաւոր են նաեւ անոր հայկական թեմաներով պաստառները, մանաւանդ «Նոյի Արարատ էջքը»։ 1890-ական տարիներուն Այվազովսքին ստեղծագործած է նաեւ բարեսիրական նպատակներով, օգնելու համար Արեւմտեան Հայաստանէն Խրիմ ապաստանած հայերուն։ Անոր շուրջ 6000 գործերը կը գտնուին երկրագունդի մեծագոյն թանգարաններուն մէջ։ Հայաստանի Ազգային ցուցասրահը եւս ունի բազմաթիւ Այվազովսքիներ։
Ի ՊԱՏԻՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐ ԿՂԶԻԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԻ 300 ԱՄԵԱԿԻՆ
Դարձեալ 16 յունուարին, Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատունը յիշատակի դրամով մը ուզած է պատուել Մխիթարեան Հայրերու Կաթողիկէ Միաբանութեան 300 ամեակը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մխիթար Սեբաստացիին կողմէ հիմնուած միաբանութիւնը Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ հաստատուած է 1717-ին։ 1732-ին կղզիին վրայ բացուած է դպրոց մը եւ 1789-ին հիմնուած է տպարան մը։ Հայաստանին, Հայ ազգին, Հայ Եկեղեցւոյ, հայկական մշակոյթին նուիրուած մխիթարեան հայրերու հրատարակութիւնները ցայսօր կը մնան անգերազանցելի։ Սուրբ Ղազար կղզին ճանչցուած է իբրեւ հայկական սփիւռքի մշակոյթային մեծագոյն օճախը։
Մխիթարեան միաբանութեան նուիրուած դրամանիշը արծաթեայ է 10000 դրամ արժէքով։ Անոր մէկ երեսը կը ներկայացնէ Սուրբ Ղազար կղզին Վենետիկի քաղաքի զինանշանով եւ հայերէն ու իտալերէն գրութիւններով։ Միւս երեսը՝ Սուրբ Ղազարի եկեղեցւոյ զանգակատունը Մխիթար Աբբահօր արձանով։
ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ՄԱՆԹԱՇԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 175 ԱՄԵԱԿԻՆ
Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատունը 16 յունուարին հրապարակած է հայ մեծահարուստ գործարար եւ մեծանուն բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանի ծննդեան 175 ամեակին (1842-1911) նուիրուած 10.000 դրամ արժողութեամբ արծաթեայ դրամանիշ մը։ Դրամին մէկ երեսը կը ներկայացնէ Մանթաշեանի դիմանկարը, միւս երեսը՝ Երեւանի մէջ կանգնեցուած անոր արձանը։
Ալեքսանդր Մանթաշեանը որ ծանօթ է նաեւ Մանթաշէֆ մակդիրով, եղած է ճարտարարուեստագէտ մը որ հարստացած է 19-դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարուն սկիզբը նաֆթային գործառնութիւններու շնորհիւ։ Անոր հիմնադրած «A.I.Mantacheff and Co» ընկերութիւնը, որ նաֆթի առեւտուրով զբաղած է, ճիւղեր ունեցած է Ռուսիոյ, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Անգլիոյ, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի, Եգիպտոսի, Իրանի եւ Հնդկաստանի մէջ։ Ալեքսանդր Մանթաշեան եղած է միաժամանակ մեծ բարերար։ Ան Կովկասի, Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ հոգատարած է հայկական դպրոցներ, որբանոցներ, եկեղեցիներ եւ հայկական այլ հաստատութիւններ։ Ան հոգացած է աւելի քան 200 հայ ուսանողներու ուսումնառութիւնը Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի բարձրագոյն վարժարաններուն եւ համալսարաններուն մէջ։ Այս ուսանողներու շարքին գտնուած են Աթոնցը, Ալեքսանդր եւ Կոնստանդին Խատիսեանները, Ստեփան Շահումեանը, Կոմիտասը, Սիամանթոն եւ Յակոբ Մանանդեանը։ Անոր բարերարութեամբ կատարուած է Սուրբ Էջմիածնի վերանորոգումը եւ Փարիզի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ բարենորոգումը։ 1904-ին Ֆրանսա զինք պարգեւատրած է Պատուոյ Լեգէոնի շքանշանով։
ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 25 ԱՄԵԱԿԻՆ
2017-ի յունուարի 16-ին, Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատունը հրապարակած է 10.000 դրամ արժողութեամբ արծաթեայ դրամ մը նուիրուած Շուշիի ազատագրութեան 25 ամեակին։ 19-րդ դարուն Շուշին եղած է մեծ մշակոյթի կեդրոն մը Կովկասի մէջ։ 1921-ին սովետական իշխանութիւնները Լեռնային Ղարաբաղին հետ զայն յանձնած էին Ատրպէյճանին։ 9 Մայիս 1922-ին, հայ ազատամարտիկները՝ Արկադի Տէր Թաթեւոսեանի հրամանատարութեամբ զայն ազատագրեցին ազերիական լուծէն։