13 մայիս 1917-ին, Աստուածամայրը իր առաջին երեւումը կատարեց Փորթուկալի Ֆաթիմա գիւղին մէջ երեք մանուկներու, երեք փոքրիկ հովիւներու՝ Լուչիա (10 տարեկան), Ֆրանչիսկոս (9 տարեկան) եւ Յակինթա (7 տարեկան), որոնք իրենց հօտով կը զբաղէին: Կէսօրուայ ժամերուն, անոնք կը տեսնեն կին մը որ աւելի լուսաւոր էր քան արեւը, ամբողջովին ճերմակ հագած եւ ձեռքը ճերմակ վարդարան մը շալկած: Այս կինը կը խնդրէ իրենցմէ ամէն օր վարդարանը աղօթել եւ ամէն ամսոյն 13-ին, միեւնոյն ժամուն, միեւնոյն վայրին մէջ գտնուիլ: Եւ այսպէսով հինգ ամիսներ շարունակ անոնք կը վայելեն երեւումներու այս խորհուրդը, եւ վերջինին՝ 13 հոկտեմբեր 1917-ին, ներկայ կ՛ըլլան նաեւ 70000 հոգի: Աստուածամայրը անոնց կը յայտնէ թէ ինք «Վարդարանի Տիրամայր»ն է, եւ կը խնդրէ որ իրեն ի պատիւ մատուռ մը կառուցանեն:
Ֆաթիմայի մէջ պատահած երեւումները մարգարէաշունչ երեւոյթ մը ունէին: Աստուածամայրը փոքրիկներուն ցոյց կու տայ երեք տարբեր գաղտնիքներ: Յետագային, Լուչիան, որ կը դառնայ մայրապետ, կ՛ըսէ թէ այս երեւումներուն նպատակն էր յորդորել մեծնալ եւ աճիլ հաւատքին, յոյսին ու սիրոյ մէջ:
28 ապրիլ 1919-ին, Աստուածամօր խնդրանքին համաձայն, կը կառուցուի Երեւումներու մատուռը, եւ սկսեալ այդ օրէն Ֆաթիման կը հիւրընկալէ մեծ թիւով ուխտաւորներ, բոլոր կրօնքներու պատկանող:
Այսօր Ֆաթիմա քաղաքը մեծ ծրագիրներով ու հանդիսութիւններով կը պատրաստուի տօնակատարելու 100 ամեակը երեւումներուն: Այս առթիւ, «Մասիս» իր 2017-ի թիւերուն մէջ յատուկ անդրադարձ մը պիտի կատարէ աստուածային այս յատուկ պարգեւին որ մեզի յայտնուեցաւ երեք փոքրիկ հովիւներու ընդմէջէն: Ֆրանչիսկոս Պապը յայտարարած էր որ 2017-ին պիտի այցելէ Ֆաթիմա ուխտատեղին, ըսելով. «Եթէ Աստուած ինծի կեանք տայ ու առողջութիւն՝ պիտի փափաքիմ գտնուիլ Ֆաթիմա տօնելու համար 100 ամեակը»:
ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ