«ԳԱԼԻՔ ՏԱՐԻՆԵՐՆ ԸԼԼԱՆ ԹՐԾՈՒԱԾ ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՄԲ»

«ԳԱԼԻՔ ՏԱՐԻՆԵՐՆ ԸԼԼԱՆ ԹՐԾՈՒԱԾ ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՄԲ»

Ս. Պատարագը կրկնութիւնը եւ յիշատակումն է Յիսուսի փրկագործական խաչամահին, զոհաբերումին, որ պատմականօրէն տեղի ունեցաւ Գողգոթայի վրայ:

«Պատարագ» բառը կը նշանակէ «զոհ, ողջակէզ», ինչպէս ալ «նուէր, ընծայ, նուիրում»: Այս բառական նշանակութիւններուն Յիսուս տուաւ հոգեւոր ու հոգեկան իմաստը՝ անոնցմէ ամէն մէկուն դառնալով արիւնատառ, գլխագիր Իմացութիւնը:

Այո՛, Յիսուս Քրիստոս՝ Ի՛նքն է Պատարագը, Զոհը, Ողջակէզը, Նուէրը, Ընծան, Նուիրումը՝ Վերնատունին մէջ, Վերջին Ընթրիքէն սկսեալ, Գողգոթայի վրայ, Խաչամահով, եւ եկեղեցիին մէջ, Գոհութեան Խորհուրդին կատարումով:

Ա՛յս է հաւատացածն ու դաւանածը մեր խորհրդատետրին, որուն այս սահմանումը ամբողջական ճշմարտութիւնն է եւ դաւանութիւնը՝ մեր նախահայրերուն եւ նախամայրերուն, մեր սուրբերուն եւ մարտիրոսներուն, մեր վարդապետներուն եւ մատենագիրներուն: Անոնց խօսքը, որ ուղղուած է երկնաւոր Հօր, անլռելի փառատրանքն է հայ դարերուն եւ սրտերուն:

«Մեր բոլոր մեղքերուն դատավճիռը ջնջելով՝ մեզի տուիր Քու Միածին Որդիդ որպէս Պարտապան ու Պարտք, Զոհ եւ Օծեալ, Գառն ու երկնաւոր Հաց, Քահանայապետ եւ Պատարագ, որովհետեւ Ի՛նքն է, որ կը բաշխէ, եւ Ի՛նքն է, որ կը բաշխուի մեր մէջ՝ միշտ անծախապէս», այսինքն՝ անսպառօրէն ու անվերջանալիօրէն՝ մեզի համար:

Իր սքանչելապատում բովանդակութեամբ այս իմաստագեղ մէջբերումը կատարեցի այն երկար աղօթքէն, զոր պատարագիչը, ձեռքերը խաչաձեւ ու բազկատարած դիրքով, լռելեայն կ՚ընէ «Առէ՛ք-Կերէ՛ք»-ի Գոյացափոխութեան Խօսքերէն առաջ:

«Սո՛ւրբ, սո՛ւրբ, սո՛ւրբ ես ճշմարտապէս եւ ամենասուրբ» օրհնաբանական դաւանութեան բառերով սկսող այս աղօթքն ունի գրաբարի մէջ «բարեգորովութիւն» բառը, որ աշխարհաբարի մէջ չենք գործածեր՝ ի հեճուկս անոր տուած իմաստին խորութեան:

«Բարեգորովութիւն» կազմուած է «բարի» ու «գորով» բառերէն եւ «-ութիւն» վերջածանցէն: Կը նշանակէ «բարեսիրութիւն», եւ անոր հոմանիշներէն են «բարեգթութիւն», «ողորմութիւն», «ողորմածութիւն», «մարդասիրութիւն», «գորովանք», «խանդաղատանք» առումները, որոնք բացարձակօրէն կը պատշաճին միայն ու միայն Աստուծոյ:

Այս իմացութիւններով օժտուած, մանաւանդ թէ, ասոնց Ակնաղբիւրն ըլլալով՝ Աստուծոյ կ՚ուղղենք մեր հարցումը, որ, խորքին մէջ, ներբողական գովքն է Աստուծոյ անսահման բարութեան, սիրոյն եւ գթութեան.«Ո՞վ կրնայ խօսքով արտայայտել անչափօրէն անբաւ զեղումները Քու բարեգորովութեանդ», որուն մնայուն արդիւնքն է Ս. Պատարագը:

Ներկայիս, Աստուծոյ բարեգորովութեան յարակոչ առաքեալն է Փրանկիսկոս Քահանայապետը, որուն խօսքը կը լուսաւորէ մեր միտքն ու կը ջերմացնէ մեր սիրտը. «Եկեղեցիին կեանքը, ամբողջ մարդկութիւնն ու տիեզերքը պիտի յանձնենք Քրիստոսի Տէրութեան, որպէս զի Ան իր ողորմութիւնը սփռէ առաւօտեան ցօղին պէս, բեղուն պատմութիւն մը գրելու համար՝ շնորհիւ բոլորին յանձնառութեան ի սպաս մեր մերձաւոր ապագային:

Որքա՜ն պիտի փափաքէի, որ գալիք տարիներն ըլլան թրծուած ողորմութեամբ, որպէս զի իրարու հանդիպինք եւ Աստուծոյ բարութիւնն ու գուրգուրանքը ընծայենք իրարու: Թող Աստուծոյ ողորմութեան բալասանը հասնի բոլորի՛ն, հաւատացեալին թէ հաւատքէն հեռացածին, որպէս նշան մեր միջեւ արդէն ներկայ Աստուծոյ թագաւորութեան»:

Կը մաղթեմ եւ կ՚աղօթեմ, որ Սրբազան Հօր փափաքը իրականանայ նախ՝ մեզի համար, ու երկրորդ՝ ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ այն՝ Ս. Սեղանէն ելած սիրով եւ լոյսով, որ ճառագայթներն են Տիրոջ անեզր ողորմութեան ու մշտագոյ բարեգորովութեան:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ