Պատահական Հայ կնոջ մը մասին այս վկայութիւնը կատարողը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն է, չորեքշաբթի, 2016-ի Հոկտեմբերի 26-ի առաւօտեան, սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հրապարակային ունկնդրութեան ժամանակ բազմատասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներուն ուղղած քարոզին մէջ, որուն արձագանգեցին (ինչպէս Պապի բոլոր քարոզներուն) ոչ միայն վատիկանեան, այլ համաշխարհային լրատուամիջոցները։ Հակառակ անոր որ այս քարոզը նշանակալից էր հայ ժողովուրդին համար, ան գրեթէ աննկատ անցաւ հայաստանեան եւ աշխարհասփիւռ հայկական լրատուամիջոցներուն կողմէ։ Ափսոս։ Որովհետեւ, ան Պապին կողմէ կատարուած նորագոյն վկայութիւն մըն էր Հայոց 1915-ի Գողգոթայի մասին եւ աշխարհին ուղղուած բազմախորհուրդ պատգամ մը։
Արդարեւ, Յիսուսի «Պանդուխտ էի, եւ դուք ընդունեցաք զիս, մերկ էի եւ դուք զգեցուցիք ինծի» խօսքի խորապատկերին վրայ, Ֆրանչիսկոս անդրադարձաւ արտագաղթի համաշխարհային երեւոյթին, ըսելով որ այսօր, տնտեսական ճգնաժամը, զինուած հակամարտութիւնները եւ մինչեւ իսկ կլիմայական փոփոխութիւնները շատ մը մարդոց կը ստիպեն արտագաղթել, սակայն գաղթը նոր երեւոյթ չէ, այլ ան մարդկութեան պատմութեան մէկ մասն է։ Պատմական յիշողութեան պակասի հետեւանք նկատելով այն մտածողութիւնը թէ երեւոյթը միայն մեր օրերուն յատուկ է, Պապը ըսաւ որ Աւետարանը գաղթի շատ օրինակներ կու տայ եւ իբրեւ օրինակ յիշատակեց Աբրահամը, որ ընդառաջելով Աստուծոյ կոչին հեռացաւ իր երկրէն եւ գնաց ուրիշ երկիր, Իսրայէլի ժողովուրդը, որ ճամբայ ելաւ Եգիպտոսէն, ուր ստրուկ էր, եւ քառասուն տարի քալեց անապատին մէջ մինչեւ որ հասնի Տիրոջ Խոստացած Երկիրը։ Ան իբրեւ օրինակ յիշատակեց նաեւ Սուրբ Ընտանիքը, Մարիամը, Յովսէփը եւ փոքրիկ Յիսուսը, որոնք Հերովդէսի սպառնալիքին հետեւանքով փախան Եգիպտոս, ուր մնացին մինչեւ Հերովդէսի մահը։
Ընդգծելով գաղթականներուն զօրակցութիւն ցուցաբերելու քրիստոնեաներու յանձնառութեան կարեւորութիւնը, Ֆրանչիսկոս կոչ ըրաւ թեմերուն, ժողովրդապետութիւններուն, նուիրեալ կեանքի հաստատութիւններուն, միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ անհատ քրիստոնեաներուն միասնաբար ընդունելու պատերազմէն, սովէն, վայրագութիւններէն եւ կեանքի անմարդկային պայմաններէն մազապուրծ մարդիկը՝ «մեր եղբայրներն ու քոյրերը, ըսաւ ան։ Բոլորով միասին, մենք աջակցութեան հզօր ուժ ենք անոնց համար, որոնք կորսնցուցած են իրենց հայրենիքը, ընտանիքը, աշխատանքն ու ինքնութիւնը»։
Եւ Պապը իբրեւ օրինակ այս «աջակցութեան հզօր ուժին» տուաւ Հայ կնոջ հետեւեալ բազմախորհուրդ արարքը, ամենայն պարզութեամբ նկարագրելով «մի քանի օր առաջ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հետեւեալ դէպքը» ինչպէս ըսաւ ինք։
Կին մը, նկատելով ոտաբոպիկ գաղթական մը յայտնապէս բան մը փնտռելու վիճակի մէջ, կը մօտենայ անոր եւ կը հարցնէ թէ ի՞նչ է փնտռածը։ «Կ’ուզեմ երթալ սուրբ Պետրոսի հրապարակ՝ Սուրբ Դուռէն մտնելու համար» կ’ըսէ օտարականը։ Կինը կը մտածէ թէ ան ինչպէ՛ս կրնայ բոպիկ ոտքերով մինչեւ հոն քալել։ Կը կեցնէ թաքսի մը։ Սակայն, վարորդը տեսնելով որ գաղթականի վրայէն գէշ հոտ մը կու գայ, երկար վարանումէ ետք միայն կ’արտօնէ մարդուն որ իրեն ուղեկցող կնկան հետ մտնէ մեքենան։ Ճանապարհին, որ տասը վայրկեան կը տեւէ, գաղթականի կողքին նստած կինը կը հետաքրքրուի անոր պատմութեամբ։ Մարդը կ’արտայայտէ իր վիշտը, կը նկարագրէ պատերազմի պայմանները եւ կը պատմէ թէ ինչու իր երկրէն փախչած ու գաղթած է։ Երբ կը հասնին հրապարակը, կինը կը բանայ իր դրամապանակը, որպէսզի վճարէ վարորդին։ Այս վերջինը, որ շատ դժուարութեամբ ընդունած էր որ մարդը իր թաքսին նստի որովհետեւ վրայէն հոտ կու գայ, կնոջ կ’ըսէ.- «Ո՛չ, տիկին, ես պէտք է վճարեմ ձեզի, քանի որ ձեր շնորհիւ ես լսեցի այնպիսի պատմութիւն մը, որ փոխեց իմ սիրտը»։ Դէպքին նկարագրութիւնը եզրակացնելով Պապը ըսաւ.- «Այս կինը գիտէր այդ գաղթականին ցաւը, քանի որ ան հայկական արիւն ունէր եւ գիտէր իր ժողովուրդին տառապանքը։ Երբ մենք այսպիսի բան մը ընենք, սկիզբը կը մերժենք, քանի որ ան որոշակիօրէն անհանգստութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ… անոր վրայէն գէշ հոտ կու գար։ Սակայն, յետոյ այս պատմութիւնը բուրմունքով կը լեցնէ մեր հոգին ու կը փոխէ մեզ։ Մտածեցէ՛ք այս պատմութեան մասին եւ եկէ՛ք մտածենք թէ ինչ կրնանք ընել գաղթականներուն համար։
«…Մի՛ մոռնաք այդ կինը, մի՛ մոռնաք այդ գաղթականը՝ որուն վրայէն գէշ հոտ կու գար, եւ մի՛ մոռնաք այն վարորդը, որուն հոգին այդ կնոջ ու փախստականին միջոցով փոխակերպուեցաւ»…։
Հայ կնկան վերաբերմունքը տառապահար գաղթականին հանդէպ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ այնքան յանկերգուած եղբայրսիրութեան, գթասրտութեան եւ ողորմածութեան շօշափելի օրինակ է, որ ցոյց կու տայ Սրբազան Պապին Հայոց տառապանքի մասին իրազեկուածութիւնը։ Ինչո՞ւ Հայ Կինը, եւ ոչ այլազգի մը, «որովհետեւ «ան Հայու արիւն ունէր եւ գիտէր իր ժողովուրդին պատմութիւնը»։ Հարցումը եւ անոր «որովհետեւ Հայու արիւն ունէր» բացատրութիւնը Պապին կողմէ, վստահօրէն պիտի մղէ զինք ունկնդրող տասնեակ հազարաւորներէն շատ-շատերը հետաքրքրուելու Հայոց Գողգոթայի պատմութեամբ։
Պապին վկայակոչած Հայ կնկան օրինակը դարձեալ հրաւէր մըն էր քաղաքակիրթ աշխարհին յիշելու Հայոց Գողգոթան՝ կանխելու համար իրենց անտարբերութեան հետեւանքով ցեղասպանական արարքներու կրկնութիւնը։ Աւելին, օրինակը անգամ մը եւս արտայայտութիւնն էր Պապի զօրակցութեան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցման պահանջին։ Նաե՛ւ անոր սիրոյն ու հիացումին հանդէպ Հայ Ազգին։
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ