Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ

Շաբաթ, 24 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Զմմառու վանքի մէջ, Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցին առիթով, տեղի ունեցաւ Մարգարէութեանց ընթերցում եւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ Պատարագ, զոր մատոյց գերյարգելի Հ. Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան: Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան խորհուրդին, որուն միջոցաւ երկինքն ու երկիրը իրար կը միանան: Յիսուսի ծնունդով պատմութեան նոր էջ մը բացուեցաւ, սէրն ու արդարութիւնը տարածուեցան աշխարհի չորս ծագերուն: Այդ սիրոյ վրայ հիմնուեցաւ քրիստոնէական կրօնքը: Եթէ Քրիստոս չծնէր, քրիստոնէութիւնը գոյութիւն չէր ունենար, եւ մենք չէինք ապրեր այս խորհրդաւոր պահը Զմմառու վանքի այս դարաւոր յարկին ներքեւ եւ Տիրամօր հովանիին տակ: Ս. Պատարագի աւարտին, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան փոխանորդ ՝ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան օրհնեց Մանուկ Յիսուսի մսուրը «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականի երգեցողութեան միջոցին: Ապա խթման ընթրիք տեղի ունեցաւ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծաւոր Հայրը, վարչական վարդապետները, դպրեվանքի սաները եւ ժառանգաւորաց հարազատները: Այս առթիւ ներկայացուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը որուն ընթացքին Ս. Ծննդեան երգեր երգուեցան եւ ընտանեկան այս ջերմ մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ:

BZ2

Ս. Ծննդեան Ս. Պատարագ

Կիրակի, 25 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Զմմառու վանքի մէջ, Ս. Ծննդեան սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցանեց Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան: Պատարագին ներկայ գտնուեցան վարչական հայրեր, ժառանգաւորներ եւ հաւատացեալներ: Իր քարոզին մէջ Գերապայծառ Հայրը անդրադարձաւ Քրիստոսի Ծննդեան խորհուրդին, որ համայն քրիստոնեայ աշխարհը կը տօնախմբէ այսօր: Ապա ան իր խօսքը ուղղելով՝ ներկաներուն ըսաւ. «Բեթղեհէմի քարայրին մէջ ծնած Մանուկ Յիսուսի լոյսը լուսաւորեց համայն աշխարհը: Այսօր հակառակ որ աշխարհը, մանաւանդ Միջին Արեւելքը, կը խարխափին պատերազմներու մէջ, մենք քրիստոնեաներս մեծ շուքով կը տօնախմբենք այս սուրբ տօնը, որովհետեւ Աստուած իր անհուն սէրը մեզի պարգեւեց Յիսուսի հրաշափառ ծննդեամբ եւ ամէն տարի Քրիստոսի Ծնունդը մեզմէ իւրաքանչիւրին նոր յոյս կը ներշնչէ, ապրելու համար Աստուծոյ շնորհքով լեցուած քրիստոնեավայել կեանք մը: Յիսուս երկինքէն իջաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ, որպէսզի մեզի սորվեցնէ թէ ինչպէս պէտք է իրարու հետ ապրինք՝ սիրով եւ ներողամտութեամբ: Սիրելինե՛ր իմ մաղթանքն է, որ Մանուկ Յիսուսը աշխարհը ողողէ իր աստուածային սիրով եւ սիրով լեցնէ մեր սրտերը, մեր ընտանեկան յարկերը, որովհետեւ առանց անկեղծ սիրոյ՝ ո՛չ խաղաղութիւն եւ ոչ ալ երջանիկ կեանք կայ, այլ կայ միայն անարդարութիւն եւ մահ»: Ս. Պատարագի աւարտին, ներկաները թափօրով ուղղուեցան դէպի Մայրավանքի դահլիճը, ուր յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ եւ փոխադարձ մաղթանքներ կատարուեցան, ըսելով. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս»: