Ճշմարտութիւն, արհեստավարժութիւն եւ յարգանք մարդոց արժանապատւութեան հանդէպ – Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս երեք ուղղութիւններուն մէջ կը տեսնէ «ընկերութեան բարելաւումին» ի խնդիր «հանդիպման մշակոյթի մը» ի սպաս գործող լրագրութեան մը համար անհրաժեշտ խառնուրդը։ Այս կերպով է որ լրագրութիւնը կը հանդիսանայ իբրեւ «հասարակաց բարիքի կերտումի գործիք եւ հաշտութեան գործընթացի արագացուցիչ»։
Թէեւ Պապին այս խօսքը ուղղուած է Իտալիոյ Լրագրողներու Կարգի Խորհուրդի 400 լրագրողներուն, զորս 22 սեպտեմբերին ընդունած է Վատիկանի Քլեմանթին սրահին մէջ, սակայն ան ի զօրու է լրագրութեան եւ լրագրողներուն ընդհանրապէս, նաե՛ւ հայերուս։
Պապը ամէն բանէ առաջ անոնց յորդորած է «սիրել ճշմարտութիւնը», այսինքն, ըսած է ան, «ըսել ճշմարտութիւնը եւ ապրիլ զայն» այսպէսով օգնելու համար կեանքին եւ աշխատանքին միջեւ «ներդաշնակումին», ինչ որ ինքն իր հետ եւ ուրիշներուն հետ «պարկեշտութեան» խնդիր է, որովհետեւ, շարունակած է ան, «ոչ մէկ յարաբերութիւն կրնայ ժամանակին տոկալ ու տեւել եթէ հիմնուած է անպարկեշտութեան վրայ»։
Պապը յորդորած է «հնարաւորին չափ մօտենալ եղելութեանց ճշմարտութեան եւ չըսել ու չի գրել այն ինչ որ գիտենք թէ սխալ է»։
Սրբազան Քահանայապետը ապա յանձնարարած է իտալացի լրագրողներուն ըլլալ «արհեստավարժ», այսինքն ոչ միայն յարգել լրագրողի պարտականութիւնները (deontologie), այլ մանաւանդ «այս արհեստավարժութիւնը չենթարկել քաղաքական ու տնտեսական շահերու»։ «Պէտք չէ բաւարարուիլ արձագանգելով դասակարգի մը արդար մտահոգութիւններուն, այլ առաջնորդուիլ ժողովրդավար ընկերութեան մը սիւներէն մէկը ըլլալու նախանձախնդրութեաբ» կ՛ըսէ Պապը։
Ապա Պապը կը յորգորէ միշտ յարգել մարդոց արժանապատուութիւնը։ «Եթէ նոյնիսկ ջնջենք թերթերը, զրպարտութիւնը չանհետանար։ Եւ նոյնիսկ արդար քննադատութեան կամ բացայայտումին պէտք է ուղեկցին յարգանքը ուրիշին հանդէպ։ Լրագրութիւնը պէտք չէ փչէ կործանարար կրակին վրայ»։
Ֆրանչիսկոս Պապը՝ զրոյցներու, տարաձայնութիւններու կամ վախի վրայ հիմնուած լրագրութիւնը «ահաբեկչութիւն» կը նկատէ։ Ան կը պահանջէ լրագրողներէն չի հրահրել մանաւանդ «գաղթականներուն վախը»։
Ափսոս որ Ֆրանչիսկոս՝ «Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր» ուխտագնացութեան օրերուն, անցեալ Յունիսին, առիթը չունեցաւ հայրենի մամուլի ներկայացուցիչներուն վերապահուած հանդիպում մը ունենալու եւ անոնց փոխանցելու իր յորդորները, որովհետեւ Հայաստանի մէջ ունեցած իր համարեայ բոլոր ելոյթներուն ընթացքին ուղղակի եւ անուղղակի ակնարկութիւններով առաջին քրիստոնեայ երկրին անվայել երեւոյթներուն, ան զգացուցած էր հայկական պետութեան եւ հայ հասարակութեան ներքին եւ արտաքին խնդիրներուն իր իրազեկուածութիւնը։ Պապին կատարած ակնարկութիւնները կոչ էին լրագրողներուն հետամտելու այդ երեւոյթները սրբագրելու պահանջը՝ զինուելով Ճշմարտութեամբ եւ առաջնորդուելով միայն «ժողովրդավար ընկերութեան մը սիւներէն մէկը ըլլալու նախանձախնդրութեամբ» զգուշանալով զրպարտութիւններէ եւ «կործանարար կրակին վրայ փչելէ»։
Թէ՛ հայրենի եւ թէ սփիւռքի մեր գործընկերները հետաքրքրուած ըլլալ կը թուէին առաւելաբար Պապի բերնէն անգամ մը եւս «ցեղասպանութիւն» եզրը լսելով, մինչդեռ այդ բառը եւ աւելին ան հնչեցուցած էր 2015-ի ապրիլին համայն աշխարհի լսափողերէն եւ լուսարձակներուն դիմաց, մինչդեռ հազիւ տարի մը ետք Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր անոր այցելութիւնը եւ այս առթիւ ունեցած ելոյթները համազգային հրաւէր մըն էին առաջին քրիստոնեայ երկրէն ակնկալուած վարքագիծը, վարքն ու բարքը արդարացնելու։ Հայ լրագրութիւնը կոչուած էր պատշաճ ուշադրութիւնը եւ արձագանգը ընծայելու Ֆրանչիսկոսի խօսքերուն, որոնք կը բխէին Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ անոր ունեցած սէրէն ու համարումէն։
30 / 09 / 2016
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ