ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՐԳԱՆՔ ՄԱՂԹԵՑ ՊԱՊԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՐԳԱՆՔ ՄԱՂԹԵՑ ՊԱՊԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ

Վրաստան եւ Ատրպէյճան ուղեւորութենէն (30 սեպտեմբեր – 2 հոկտեմբեր) վերադարձին՝ այս ճամբորդութեան մէկ հաշուեկշիռը կատարելով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մաղթեց որ «հրատապ խնդիրները լաւ լուծումներ գտնեն եւ Կովկասի բոլոր ժողովուրդները ապրին խաղաղութեան եւ փոխադարձ յարգանքի մէջ»։ Ան յատկապէս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց համայն Վրաստանի պատրիարք Իլիա Բ.ին, որ զինք դիմաւորեց օդակայանին մէջ, ինչ որ «շատ կարեւոր նշան մը» նկատուեցաւ։ «Անոր վկայութիւնը շատ լաւ տպաւորութիւն գործեց սրտիս եւ հոգիիս մէջ» ըսաւ Պապը, աւելցնելով որ իրենց զանազան հանդիպումները շատ յուզիչ եղած են։

«Այս ուղեւորութիւնը շարունակութիւնը եւ լրացուցիչը եղաւ Հայաստան այցելութեանս անցեալ յունիսին, ըսաւ Պապը։ Այս կերպով, շնորհիւ Աստուծոյ, կրցայ իրագործել Կովկասի այս երեք երկիրները այցելելու ծրագիրս՝ ամրապնդելու համար հոն ապրող կաթողիկէ Եկեղեցին եւ քաջալերելու անոնց ժողովուրդներուն երթը դէպի խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն, ինչպէս որ ընդգծեցին այս վերջին ուղեւորութեանս երկու նշանաբանները, Վրաստանի համար՝ «Խաղաղութիւն ձեզի» եւ Ատրպէյճանին համար՝ «Բոլորս եղբայրներ ենք»։

Նշելով որ 20-րդ դարու կարեւոր մէկ շրջանին խորհրդային վարչակարգին ներքեւ գտնուելէ ետք այս երկու երկիրները կը նշեն իրենց անկախութեան 25 ամեակը, Պապը ըսաւ որ ներկայ հանգրուանին անոնք կը դիմագրաւեն կարգ մը դժուարութիւններ ընկերային կեանքի զանազան ոլորտներէն ներս, եւ կաթողիկէ Եկեղեցին կոչուած է ներկայ ըլլալու, ըլլալու մօտիկ՝ մասնաւորաբար մարդասիրութեան եւ մարդկային զարգացման նշանին ներքեւ։

«Վրաստանի մէջ այս առաքելութիւնը բնականաբար կը կատարուի համագործակցութեամբ մեր ուղղափառ եղբայրներուն հետ, որոնք կը կազմեն ժողովուրդին ստուար մեծամասնութիւնը։ Ահա թէ ինչու, շատ կարեւոր նշան մըն էր այն որ Թիֆլիս ժամանումիս, օդակայանին մէջ Հանրապետութեան նախագահին հետ ներկայ էր նաեւ Պատրիարք Իլիա Բ.ը, զիս դիմաւորելու համար։ Յետմիջօրէին անոր հետ հանդիպումը յուզիչ եղաւ, ինչպէս՝ յաջորդ օրուան այցելութիւնը պատրիարքական տաճար, ուր կը մեծարուի Յիսուսի պատմուճանին մասունքը, խորհրդանիշ Եկեղեցւոյ միութեան։ Այս միութիւնը ամրապնդուած է քրիստոնեայ զանազան դաւանանքներու բազմաթիւ մարտիրոսներու արեամբ։

«Վրաստանի կաթողիկէ եւ լատին, հայ եւ ասորի-քադէացի եւ հաւատացեալներուն հետ պատարագը մատուցուեցաւ՝ ի յիշատակ առաքելութիւններու պաշտպան Սրբուհի Թերեզա Յիսուս Մանուկին։ Սրբուհին մեզի կը յիշեցնէ թէ իսկական առաքելութիւնը երբեք մարդորսութիւն չէ, այլ գրաւչութիւն դէպի Քրիստոս, սկսելով սերտ միութեամբ Անոր հետ՝ աղօթքի, երկրպագութեան ու շօշափելի սիրոյ միջոցաւ, որ ծառայութիւն է՝ մատուցուած Քրիստոսի, որ ներկայ է մեր եղբայրներու ամէնէն փոքրին մէջ։ Այդ է որ կը կատարեն կրօնաւորները եւ կրօնաւորուհիները, որոնց հանդիպեցայ Թիֆլիսի մէջ, ինչպէս այնուհետեւ Պաքուի մէջ։ Անոնք կը ծառայեն աղօթքով, իրենց մարդասիրական եւ զարգացման գործերով։ Զիրենք քաջալերեցի ըլլալ հաստատուն հաւատքի մէջ՝ յիշողութեամբ, քաջութեամբ եւ յոյսով։ Ապա կան նաեւ քրիստոնեայ ընտանիքները. որքան թանկ է անոնց հիւրընկալ, ուղեկից, ընտրեալ եւ համարկուած ներկայութիւնը համայնքէն ներս։

«Աւետարանական ներկայութեան այս ոճը՝ իբրեւ սերմ Աստուծոյ Արքայութեան, եթէ հնարաւոր է՝ աւելի կարեւոր է Ատրպէյճանի մէջ, ուր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը իսլամ է եւ ուր կաթողիկէները միայն քանի մը հարիւր հոգի են։ Սակայն Աստուծոյ շնորհքով անոնք լաւ յարաբերութիւններ ունին բոլորին հետ, եւ մասնաւորաբար եղբայրական յարաբերութիւններ կը պահեն ուղղափառ քրիստոնեաներու հետ։ Ահա թէ ինչու, Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ ապրեցանք երկու պահեր, զորս հաւատքը ուղիղ յարաբերութեան մէջ կը դնէ՝ Սուրբ Պատարագը եւ միջկրօնական հանդիպումը։ Կաթողիկէ փոքր համայնքին հետ Սուրբ Պատարագը՝ ուր Հոգին կը ներդաշնակէ զանազան լեզուները եւ վկայելու ուժ կու տայ, եւ այս հաղորդութիւնը ի Քրիստոս՝ ոչ միայն արգելք չէ, այլ ընդհակառակը կը մղէ որոնելու հանդիպումը եւ երկխօսութիւնը բոլոր անոնց հետ, որոնք կը հաւատան Աստուծոյ՝ միասնաբար կառուցելու համար աւելի արդար եւ եղբայրական աշխարհ մը։ Այս հեռանկարով, դիմելով ազերի իշխանութիւններուն, մաղթեցի, որ անլոյծ մնացած հարցերը գտնեն լաւ լուծումներ եւ Կովկասի բոլոր ժողովուրդները ապրին խաղաղութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով։

pope2

«Թող Աստուած օրհնէ Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը, եւ ընկերակցի այս երկիրներուն մէջ ուխտաւոր Իր սուրբ ժողովուրդի ճանապարհին։

ՇԱՏ ԿԱՐՃԱՏԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՔՈՒ
Պապը՝ երեք ամիս առաջ Հայաստանէն սկսած Կովկաս ուղեւորութիւնը եզրափակեց շատ կարճատեւ (հազիւ 6 ժամ) այցելութեամբ մը Պաքու, ուր ժամանումին միայն փոխ վարչապետ Հասանովին մակարդակով եղած դիմաւորութիւնը ցոյց կու տար Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պետին հանդէպ Ատրպէյճանի (ան)տրամադրութիւնները։ Այս այցելութեան կարեւորագոյն պահերէն մէկը եղած է անոր հանդիպումը երկրէն ներս ներկայ զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ուղղած խօսքին մէջ շեշտած է « միասնաբար հանդիպումի եւ խաղաղութեան մշակոյթ մը կերտելու անհրաժեշտութիւնը»։ «Այլապէս, ի՞նչ հեռանկար կրնանք տալ ապագայ սերունդներուն» ըսած է ան։ «Հակամարտութիւններու գիշերուան մէջ՝ զորս կ’ապրինք, կրօնքներուն դերը խաղաղութեան արշալոյսներ ըլլալ է»։

Պապը ըսած է թէ բիրտ եւ յանկարծահաս լուծումներու ժամանակները անցած են եւ հաշտութեան համբերատար գործընթացներու ձեռնարկելու շտապ ժամանակը եկած է։ Պապը ուղղակիօրէն չէ յիշատակած Ղարաբաղը, սակայն Շէյխ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ իրմէ առաջ արտասանած խօսքին մէջ ընդգծելով երկու կրօններու ներկայացուցիչներուն ճիգերը ի խնդիր ղարաբաղեան խնդրի խաղաղ լուծումին, ըսած է. «Հայ կրօնապետերուն հետ միասին յայտարարեցինք թէ կրօնական հակամարտութիւն մը չէ»։