2016-ի Հոկտեմբեր 28-ին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը իր անդրանիկ այցելութիւնը շնորհեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, ուր նախագահեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նուիրուած դպրոցական հանդիսութեան եւ այդ առիթով իր հայրական խօսքը ուղղեց աշակերտութեան եւ անձնակազմին:
Հոգեւոր Տէրը Մեսրոպեան ժամանեց առաւօտեան ժամը 9-ին: Անոր կ՛ընկերանային Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս Արհի. Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Արհի. Հայր Մանուէլ եպս. Պաթաքեան, ինչպէս նաեւ Զմմառու վանքի պատրիարքական փոխանորդ եւ պատրիարքական կրթական խորհուրդի նախագահ Հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեան: Ընդունելութեան մասնակցեցան Մեսրոպեանի տեսչական ամբողջ անձնակազմը, վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Պերճ վրդ. Սապէ, փոխ ժողովրդապետներ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան եւ Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեան, Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Տ. Ռաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան եւ Մեսորոպեան նախկին սաներու միութեան ատենապետ պրն. Ռաֆայէլ Ումուտեան:
Այցելութեան առիթով Մեսրոպեանի տեսչական բաժանմունքի մուտքին կատարուեցաւ բացումը յուշաքարի մը, որմով նոյն բաժանմունքը կը ստանար Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին անունը, առ ի վաւերացումն այն փաստին, որ նշեալ բաժանմունքը կառուցուած էր բացառապէս Հոգեւոր Տիրոջ ջանքերով, անոր՝ Մեսրոպեանի տնօրէն եղած ժամանակաշրջանին (1961 – 1969):
Այնուհետեւ Հոգեւոր Տէրը այցելեց Մեսրոպեան վարժարանի գրասենեակներն ու բաժանմունքները, ծանօթացաւ այնտեղ կատարուող աշխատանքներուն, գոհաբանական աղօթք կատարեց Մեսրոպեանի մատուռին մէջ, որմէ ետք կայացաւ հանդիպում՝ տեսչական կազմի անդամներուն հետ, Եսայեան հանդիսասրահին մէջ:
Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը ըսաւ, որ թէ՛ որպէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պետ եւ թէ որպէս նախկին տնօրէն, Մեսրոպեանը մեծ տեղ ունի իր սրտին մէջ, եւ որուն գործունէութեան կը հետեւի մեծագոյն ուշադրութեամբ եւ հոգածութեամբ: Ան գոհունակութիւն արտայայտեց այս այցելութեան առիթով եւ մեծապէս գնահատեց վարժարանի մանկավարժական եւ վարչական անձնակազմին կատարած աշխատանքը՝ հայ սերունդներու կրթութեան համար: Հոգեւոր Տէրը շեշտեց սիրոյ կարեւորութիւնը ուսուցչական գործունէութեան մէջ, դիտել տալով, որ սէրն է, որ ամենաշատը կ՛արդիւնաւորէ ուսուցիչի մը ջանքերը՝ աշակերտներու դաստիարակութեան մէջ: Ան կարեւորութեամբ նկատել տուաւ, որ ուսուցչութիւնը սովորական մասնագիտութիւն մը չէ, այլ առաքելութիւն մը՝ սրբազան կոչուելու աստիճանի, առանց որուն գիտակցութեան ուսուցիչ մը չի կրնար իրականացնել իր կոչումը: Գրիգոր Պետրոս Ի. յորդորեց բոլորը զինուելու մեծագոյն համբերութեամբ, մանուկներու առողջ կազմաւորման առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարելու համար:
Այցելութեան առիթով, Հոգեւոր Տէրը, ընկերակից հոգեւորական հայրերուն եւ ընդունելութեան մասնակիցներուն հետ յարգանքի տուրք մատուցեց սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին, ծաղիկներ զետեղելով անոր յուշակոթողին առջեւ: Ան յուշանուէրներ ստացաւ Մեսրոպեանի տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն կողմէ: Այցելութեան աւարտին, ան վարժարանի յուշամատեանին մէջ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Եկայ, տեսայ, հիացայ, սիրեցի. նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթեմ՝ Տիրոջ օրհնութեամբ եւ պատասխանատուներու նուիրումով: Աղօթարար՝ Գրիգոր Պետրոս Ի., 28 Հոկտեմբեր, 2016»:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի