Խաչը միջոցն է մարդոց փրկութեան։ Քրիստոսի փրկչագործական խաչելութեամբ է որ չարը պարտուեցաւ եւ մարդկութիւնը ազատեցաւ անոր գերութենէն։ Խաչը՝ որ ամօթալիօրէն որպէս գործիք կը գործածուէր մահապարտներուն կեանքերուն վերջ տալու, դարձաւ փրկագործութեան միջոց, մարդկութիւնը մահէն դէպի նոր կեանք փոխադրելով։
Հռոմէական հասկացողութեամբ՝ Խաչը մահուան միջոց էր, սակայն Քրիստոսի յաղթական յարութեամբ ան դարձաւ կեանքի աղբիւր, որ եղաւ գրաւականը անդենական ու երկնային կեանքի ժառանգութեան համար։
Խաչը՝ որ կը ներկայացնէր խաչուած Քրիստոսը, հրեաներուն համար նկատուեցաւ գայթակղութիւն, իսկ հեթանոսներուն համար՝ յիմարութիւն։ Քրիստոնեաներուն համար խաչը եղաւ այն կամուրջը, որ մարդկութիւնը կ’առաջնորդէ մահուընէ դէպի կեանք եւ կը կերպարանափոխէ հին մարդը՝ անոր տալով աստուածային լուսաւոր զգեստը՝ զինք քրիստոնեայ հաւատքին հրաւիրելով։
Հայ ժողովուրդը Սուրբ Խաչին հանդէպ ունեցած իր ջերմեռանդութեան պատճառաւ կոչուած է նաեւ խաչապաշտ ժողովուրդ։ Պատմական Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը եւ այլակրօն պետութիւններէ շրջապատուած ըլլալը հայ ազգը աւելիով կապած է խաչին, որ դարձաւ անոր միակ ապաւէնը արհաւիրքներուն դիմաց։ Խաչը շաղախուած է հայ գիտակցութեան մէջ, դառնալով կեանք բաշխող աղբիւր, որ յագեցուցած է բոլոր անոնք, որոնք դիմած են անոր։
Սուրբ Խաչը՝ հայոց համար կը ներկայանայ որպէս խաւարը լուսաւորող աստղ, երբ պատմութեան ընթացքին խաւարի եւ մշտատեւ վտանգի ենթարկուած եղած է հայ ժողովուրդին կեանքը։ Խաչին ապաւինելով հայը յաղթահարած է ամէն արհաւիրք, որ վտանգի ենթարկած է հայ ժողովուրդին գոյութիւնը։
Խաչին մագնիսական խորհրդաւորութիւնը եղած է մեծագոյն գոհունակութիւնը հայ ժողովուրդին, որ քրիստոնէութեան առաջին դարաշրջանէն իսկ ըմբռնած է խաչին կարեւորութիւնը իր առօրեայ կեանքին մէջ։ Հեթանոսական կուռքերու քանդումով, խաչեր զետեղուած են Հայաստան աշխարհի ամբողջ տարածքին, որպէս նշան քրիստոնէութեան յաղթանակին։
Դարերու ընթացքին, Եկեղեցւոյ հայրերը յօրինած են շարականներ, որոնք հիւսած են Սուրբ Խաչին գովքը։ Հայ ժողովուրդը դիմած է Խաչին, որպէս հոգեւոր եւ մարմնաւոր բժշկութիւն պարգեւող իրականութիւն։ Խաչը եղած է ապաւէն մեղաւորներու, տառապեալներու, զրկեալներու եւ անիրաւուածներու, որոնք իրենց յուսահատ կեանքի մթութեան մէջէն միշտ գտած են յոյսը՝ հետեւելով խաչի լուսաւոր փայլքին։
Մեր շարակնոցին մէջ շարադրուած են Սուրբ Խաչին մասին շարականներ, որոնք պաշտպանած են հաւատացեալները չարէն եւ կրկին հրաւիրած են զանոնք դէպի հաւատքի աղբիւրը, դէպի հաւատքի փարոսը։ Յուսահատութեան խորերը ընկղմած անձեր՝ դիմելով Սուրբ Խաչին, կերպարանափոխուած են վերագտնելով յոյսը։
Երբ կ’աղօթենք` աւելիով կը լուսաւորուինք. երբ կը լուսաւորուինք` կը տեսնենք աստուածային բարութեան ու ողորմածութեան գագաթնակէտը. իսկ երբ այս վիճակին կը հասնինք, կը սիրենք մեր շուրջինները Աւետարանի հասկացողութեամբ։
Մեղքը մեզ կը հեռացնէ աստուածային երանութիւններէն, սակայն, հաւատալով Սուրբ Խաչի զօրութեան եւ դիմելով անոր՝ որպէս փրկութեան կամուրջ, կը փրկուինք իւրաքանչիւրս անխտիր եւ կը միանանք Աստուծոյ, ապրելով մեր քրիստոնեայ կոչումը ամէն օր։
ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ