Ս. Պատարագին ձեր ջերմեռանդ մասնակցութիւնը պաշտամունքի եւ սիրոյ ամէնէն գեղեցիկ, հարազատ ու պտղաբեր հանդիպումն է Եռանձնեայ Աստուծոյ հետ, որ Քրիստոսի մէջ ներկայ է Ամենասուրբ Հաղորդութեամբ:
Այս ճշմարտութեան անդրադառնալու լոյսը եւ գիտակցելու ժամանակն երանի՜ ունենային քրիստոնեաները…: Յիսուս, Էմմանուէ՛լ՝ «Աստուած մեզի՛ հետ է» իրականութիւնը ամէնէն աւելի իրական ու ճշմարիտ կ՚ըլլայ Ս. Պատարագին ընթացքին:
Սուրբ Պատարագով՝ «Աստուած մեզի՛ հետ է» այս իրողութիւնը, այս հանդիպումը թէ՛ ելակէտն է եւ թէ՛ վերջակէտն է Ս. Եկեղեցիին ընթացքին, ճանապարհորդութեան ու նպատակասութեան, «որովհետեւ անոր մէջ Քրիստոս Իր Եկեղեցին եւ անոր անդամ-անդամուհիները մասնակից կ՚ընէ Իր գովաբանութեան ու գոհութեան Զոհին, զոր խաչին վրայ մէկ անգամ ընդմիշտ ընծայեց Իր Հօր: Այս Զոհով՝ Ան փրկութեան շնորհքները կը սփռէ Իր Մարմինին վրայ, որ Եկեղեցին է», որ մենք ենք իբր Աստուծոյ Ընտանիքը:
Մեր փրկութեան համար շնորհքներուն սփռումը գորովազեղ ապացոյցն է Աստուածային Ողորմութեան, որուն արժանի կը դառնանք առաջնահերթօրէն Ս. Պատարագին մեր սիրահաւատ մասնակցութեամբ ու մտացի ամփոփումով:
Աստուածային Զոհին ծիսակարգային ամէնէն իմաստագեղ աղօթքներէն մէկուն մէջ սրտանց կը խնդրենք պատարագո՛ղ եւ պատարագուո՛ղ Տիրոջմէն, որ ընդունի մեր «բազկատարած աղաչանքները» եւ խղճայ մեր վրայ «մեծ գթասրտութեամբ»:
«Ս. Աստուած»ին յաջորդող երկար աղօթքին այս համառօտ կցորդին մէջ, որով պատարագիչը «Տէր Աստուած մեր»ին կը դիմէ «ձեռքերը տարածելով», տրուած են այն ստորոգելիները, որոնք կը հային Աստուածային Ողորմութեան, ինչպէս՝ գութը, գթասրտութիւնը, մարդասիրութիւնը, բարեգթութիւնը:
Ս. Պատարագին մասնակցողները այս նուիրական պահուն է, որ ամէնէն աւելի կը կազմեն Աստուծոյ ժողովուրդը, «որ առատ ողորմութիւն կ՚ակնկալէ Քեզմէ», ո՜վ Տէր:
Իր աղօթակիցներուն այս ակնկալութիւնը կը հիմնաւորէ պատարագիչը՝ նաեւ իր սրտով ու մտքով.«Որովհետեւ Աստուած ըլլալով՝ բարեգութ եւ մարդասէր ես»: Այսինքն՝ քանի Աստուած ես, ո՜վ Տէր, ուրեմն, ողորմա՛ծ ես, գթասի՛րտ ես, քաղցրագո՛ւթ ես:
Այս ողորմած, գթասիրտ, քաղցրագութ Տէրը, որ սիրախենթօրէն Մարդասէրն է, մինչ կը հաստատէր Ամենասուրբ Հաղորդութիւնը եւ Ս. Պատարագով կը հրահանգէր շարունակումը Գոհութեան Խորհուրդին «որպէս Իր Յարութեան յաւէտ յիշատակ, Ան … այս գերագոյն արարքը խորհրդանշաբար կը զետեղէր ողորմութեան լոյսին ներքեւ»:
Այս իր խօսքով՝ Սրբազան Պապը կ՚ակնարկէ թիւ 135 սաղմոսին, զոր Յիսուս Վերջին Ընթրիքին աղօթեց իր հետեւորդներուն հետ: Ստեղծողին հասցէին լիթանիանման օրհներգութիւնն է, որուն 26 համարները կ՚աւարտին այս ուղիղ պատճառաբանութեամբ.«Որովհետեւ Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է», այսինքն՝ մնայո՛ւն եւ անսահմա՛ն է:
Սրբազան Պապը կը յստակեցնէ իր միտքը.«Այս ողորմութեան նոյն հեռանկարով՝ Յիսուս Իր չարչարանքն ու մահը կ՚ապրէր՝ գիտակցելով սիրոյ այն մեծ խորհուրդին, որ խաչին վրայ կ՚իրագործուէր: Գիտնալ, թէ նոյնինքն Յիսուս աղօթեց այս սաղմոսը, քրիստոնեաներուս համար զայն աւելի կարեւոր կը դարձնէ ու մեզ կը հրաւիրէ զայն մեր ամէնօրեայ գովասացութեան կրկներգի վերածելու. «Յաւիտեան է Անոր ողորմութիւնը»:
Կը մաղթեմ ու կ՚աղօթեմ, որ անսանք Սրբազան Պապին վերի յորդորին եւ ամէն օր ներքուստ կրկնենք սրտանց. «Յաւիտեան է Անոր ողորմութիւնը»:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ