Ինչ որ ունիս, ինչ որ մօտդ է՝ հասողութեանդ մէջ, չես գնահատեր ըստ արժանւոյն։ Զանոնք կորսնցնելէդ կամ անոնցմէ բաժնուելէդ ետք, կ՛անդրադառնաս անոնց արժէքներուն իրապէս, եւ մերթ կ՛ափսոսաս…։
Նոյն ապրումներուն մէջ գտնուեցայ նաեւ ես, երբ անուղղակի պարտադրանքներով հարկադրուած զգացի Լիբանանէն հեռանալու, գէթ առժամապէս։
Ու հիմա, ցուրտն ու ձիւնը, ջերմաչափի սլաքին ցոյց տուած նուազ 5-6 թիւերը՝ կարծես ա՛լ աւելի միտքս կը փոխադրեն հոն ուր հարազատներու բոյնն էր եղած վաղուց ի վեր։ Կ՛երեւակայեմ անոնց դէմքերը մէկ առ մէկ, սիրալիր ու խանդավառ, բարեացակամ ու ընտանի, ու հոգիս կը ջերմանայ անոնցմով։
Եւ ահա դիմացս կը տեսնեմ մեր երիտասարդ խմբագիր վարդապետը՝ բարի, համբերատար, նստած՝ Սբ. Եղիայի իր գրասենեակին մէջ, աչքերը սեւեռած պատուհանէն դուրս, ուր Տըպպաս հրապարակը կ՛առնէ իր սկզբնաւորութիւնը։ Սահմռկած դէմքով, հոգեխռով, կը պատմէ իր իսկ աչքերուն առջեւ պատահած՝ անպատմելի պատահարները։ Շաբաթական յաճախակի այցելութիւններուս մէջ, այդ ահաւոր օրուան տպաւորութիւնը կը մնայ էութեանս մէջ, անմոռանալի։
Ահա կը տեսնեմ առաքելատիպ եղբայր Քաջարենցը, վաստակաւոր ու անձնազոհ խմբագիրը մեր շաբաթաթերթին, որուն ի սպաս՝ բնաւ չխնայեց, այլ սպառեց իր համակ շունչը ու իր ընտիր գրիչով դաստիարակեց ու կոփեց սերունդներ ամբողջ։ Իբրեւ պարտիզման մը բծախնդիր, մեր Մայրենին արատաւորող տատասկները պոկեց, խարանեց, անաչառօրէն քննադատելով հայ մամուլին մէջ երեւցող բոլոր լեզուական, քերականական սայթաքումները։
Մէկիկ մէկիկ աչքերուս առջեւ կը պատկերանան ու կը տեսնեմ նոյնպէս մեր սիրելի ընթերցող բարեկամները, որոնք զանազան առիթներով կը փութային յայտնել իրենց գնահատանքները «ՄԱՍԻՍ»ին ու անոր աշխատակիցներուն, շեշտելով որ հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ ու հաճոյքով կը հետեւին մէն մի թիւին, յօդուածին, յօդուածագրին։
Ահա, Պուրճ Համմուտ, Սրբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ենք։ Աւարտած է ձայնաւոր պատարագը։ Դէմքերու վրայ՝ ծաղկած է ժպիտը։ Հոգիներուն վրայ կ՛իշխէ գերբնական անդորրութիւն մը։ Բարեկամներ կազմած են խմբակներ ու հոն բոլորին մէջ՝ վեթերան Հ.Կ.Ե.Մ.ական պրն. Յովհաննէս Քէշիշեան կը վկայէ։ Կը յայտնէ իր գնահատանքը եւ հետզհետէ աճող իր հետաքրքրութիւնը։
Ուրիշ կիրակի մը Զմմառու վանքն ենք ու գաւիթին մէջ արհի. Գրիգոր եպիսկ․ Ղապրոյեանի կարճատեւ այցելութեան առթիւ բարեկամներ փութացեր են այնտեղ։ Ու հոն եւս խնդրոյ առարկայ կը դառնայ «ՄԱՍԻՍ»ը եւ պրն. Ժոզէֆ Ագըլեան կը յայտնէ իր մաղթանքները։
Առաւօտ մը՝ բազմաժխոր Պուրճի հրապարակն եմ։ Բանջարեղէնի շրջուն վաճառողներ, փլատակներու քովն ի վեր ցուցադրուող պէսպիսուն ապրանքներ կ՛ողողեն հրասայլերն ու բանակայինները, որոնք կը հսկեն անդորրութեան։ Հոն, ճամբու եզրին կ՛այցելեմ խանութը պրն. Հայկարամ Գալինճեանի, որ թողած իր խօսակից յաճախորդները, քաջալերական ջերմ խօսքերով կը գնահատէ շաբաթաթերթն ու զայն հրատարակողները։ Սովորական շաբաթ երեկոյ մըն է։ Սակայն դէպք մը Լիբանանի հայութիւնը մեծով պզտիկով խմբած է ի մի։ Սբ․ Եղիա-Սբ․Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կ՛օրհնուի սուրբ պսակը պրն. Միսաք Թերզեանի։ Վարը՝ սրահին մէջ, շնորհաւորական ընդունելութեան ընթացքին, պրն․ Աբրահամ Նարկիզեան՝ վաղեմի ատենապետը Հ.Կ.Ե.Մ.ի կը ներկայացնէ իր գնահատանքները ու մաղթանքները։
Ազնիւ ընթերցողներ, ձեր համբերութիւնը կը սպառեմ գուցէ այս տողերով, սակայն փարսախներով հեռու գտնուելուս ձեզմէ, մէն մի դէպք, փոքր պատահար, մեծցած ու խոշորցած կ՛երեւի աչքիս, ու մեծադղորդ արձագանգներով կու գայ զարնուիլ ականջներուս, ու տեղի կու տամ անոնց ազդեցութեան։
Անհատնում ու երկար վերյիշումներուս սանձ կը դնելով, թոյլ տուէք փակել գրութիւնս սրտագին մաղթանքով մը.-
Թող հիմնուի մնայուն «ՄԱՍԻՍ-ի բարեկամներու շրջանակ» մը, որուն նպատակը ըլլայ սատարել թերթին բարգաւաճման, տարածման, թեւ ու թիկունք կանգնելով խմբագրութեան աշխատանքներուն, ամէն տեսակ մարզերէ ներս, որպէսզի սիրուած «ՄԱՍԻՍ»ը հասնի ոչ միայն Աշրաֆիէէն Անթիլիաս եւ Լիբանանի բոլոր կողմերը, այլ եւ առաքուի, ինչպէս առաջ, համայնքին աշխարհացրիւ զաւակներուն, որոնք զուրկ իրենց երկրին՝ կեդրոնին խապրիկներէն եւ հայեցի շունչէն, օտար ու ցուրտ երկինքներու տակ կը տուայտին, որ աննման Լիբանանը ունենայ միշտ ընտիր առաջնորդներ, մաքրուի իր փտածութիւններէն, ունենայ ուժ, դարմանէ իր վէրքերը, որպէսզի իր ջինջ արեգակը միշտ շողայ իր պայծառ երկինքին վրայ եւ առինքնէ հուսկ իր արտերկրի միլիոնաւոր զաւակները…։
«Մասիս», 22 յունուար 1978
ԴԱՒԻԹ ԷՎԵՐԵԿԼԵԱՆ