Երկուշաբթի՝ 19 Յուլիս 2016-ին, Լիբանանէն դէպի Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւիա ուղղուեցաւ Լիբանանահայ քսանչորս երիտասարդ-երիտասարդուհիներու պատուիրակութիւն մը, Հայ կաթողիկէ Պէյրութի թեմի երիտասարդաց յանձնախումբի հոգեւոր վարիչ՝ հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեանին հետ, մասնակցելու համար Համաշխարհային Երիտասարդաց Օրուան երեսունմէկերորդ հանդիպումին։
Սոյն ուխտագնացութիւնը կը բաղկանար երկու հանգրուաններէ։
1) Թեմական Համաշխարհային օրերու հանդիպումներ
Իւրաքանչիւր խումբ քաղաք մը կը ժամանէր եւ հոն մէկ շաբաթ կ՛անցնէր (19-24 Յուլիս 2016), առ ի պատրաստութիւն մեծ հանդիպումին Սրբազան Քահանայապետին հետ։ Հայ կաթողիկէ խմբակը ժամանեց «Փոցք» քաղաքը ու անոր շրջակայքի արուարձաններէն «Փոյնսք» գիւղաքաղաքը, ուր դիմաւորուեցաւ տեղւոյն Ս. Միքայէլ եւ Ս. Մաքսիմիլեան եկեղեցիներու ժողովրդապետութեան եւ հաւատացեալներուն կողմէ։ Խմբակին անդամները այս քաղաքին մէջ ամբողջ շաբաթ մը անցուցին մասնակցելով հոգեւոր եւ մշակութային յայտագիրներու, որոնց մաս կը կազմէին Ս. Պատարագներու զոհերը, երիտասարդական Ճանապարհ Խաչը, երկրպագութիւն Ս. Հաղորդութեան, ինչպէս նաեւ զանազան մշակութային, ընտանեկան եւ մարզական հանդէսներ։ Անոնք այցելեցին նաեւ նշանաւոր ուխտավայրեր։ Շաբաթ՝ 23 Յուլիս 2016-ին, «Փոցք» քաղաքի գլխաւոր հրապարակին վրայ մեծաշուք համապատարագ մը տեղի ունեցաւ թեմի լեհ Առաջնորդին եւ աշխարհի զանազան շրջաններէն ժամանած կղերականներու եւ երիտասարդ – երիտասարդուհիներու մասնակցութեամբ։ Սոյն Պատարագին ներկայ էր հայկական խմբակը գլխաւորութեամբ, արհիապատիւ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանին։ Պատարագէն ետք մեր երիտասարդները առիթը ունեցան այցելելու Ս. Ֆաուսդինային ապրած վանքը, ուր Յիսուս Քրիստոս առաջին անգամ իրեն երեւցաւ եւ ցոյց տուաւ Ողորմութեան պատկերին առաջին օրինակը։
2) Սրբազան Քահանայապետին ներկայութեամբ Համաշխարհային Օրերու հանդիպումներ Քրաքովիայի մէջ
Երկուշաբթի՝ 25 Յուլիս 2016-ին, բոլոր խումբերը ուղղուեցան դէպի Քրաքովիա՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին եւ Ս. Ֆաուսդինային քաղաքը, աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած երիտասարդներուն հետ համախմբուելու համար Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսին շուրջ։
Հայկական եւ լեհական «Փոցքի» մեծ խմբակները ժամանեցին Վիլքի Քրաքովսքիի բանակավայրը, ուր տեղի ունեցան հայերէն լեզուով քրիստոնէականի պահեր, առաջնորդութեամբ եւ ներկայութեամբ արհիապատիւ Տ. Պետրոս արք. Միրիաթեանին եւ Տ. Միքայէլ եպս. Մուրատեանին։ Նոյն շրջանին Հռոմի Պապը ժամանեց Քրաքովիա եւ հոն, 26-31 Յուլիս 2016, զանազան հանդիպումներ ունեցաւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն ժամանած երիտասարդներուն հետ, մանաւանդ յայտագրին վերջին երեք օրերու ընթացքին, երբ տեղի ունեցան Ճանապարհ Խաչի արարողութիւնը, Շաբաթ օրուան ապաշխարութեան երեկոն եւ Ս. Հաղորդութեան Երկրպագութիւնը, իսկ Կիրակի օր Ս. Պատարագի Զոհին միջոցաւ, որուն ներկայ էին երեք միլիոն երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներ, որոնց սրտին խօսեցան Սրբազան Քահանայապետին քաջալերական խրատներն ու յորդորը քրիստոնէական ճշմարիտ կեանք մը ապրելու մասին։ Վերջաւորութեան Ան յայտարարեց յառաջիկայ Համաշխարհային Երիտասարդաց Օրուան նոր հասցէն ու թուականը՝ Փանամա 2019։
Մեր երիտասարդները այս երկրորդ հանգրուանի յայտագրին ալ իրենց մասնակցութիւնը բերին, ապա խումբը Լիբանան վերադարձաւ երկուշաբթի՝ 1 օգոստոս 2016-ին, բերելով իր հետ անմոռանալի յիշատակներ, նոր խանդ Տիրոջ կամքին ընդառաջելու եւ հասուննալու քրիստոնէական հաւատքին մէջ, միշտ պատրաստակամութիւն ցոյց տալով Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ ծառայելու վերանորոգուած շունչով։
Հ. ՂԱԶԱՐ ՎՐԴ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ