ՓԱԿԵՆՔ ՎԱՐԱԳՈՅՐՆԵՐԸ` ՄԱՀԱՑԱՒ ԴԱՒԻԹ ԷՎԵՐԵԿԼԵԱՆԸ

ՓԱԿԵՆՔ ՎԱՐԱԳՈՅՐՆԵՐԸ` ՄԱՀԱՑԱՒ ԴԱՒԻԹ ԷՎԵՐԵԿԼԵԱՆԸ

Մոնրէալի մէջ, ուր շատերու նման՝ ծանօթ պայմաններու ստիպողութեամբ փոխադրուած էր 1978-ին, 17 Յուլիս 2016-ին, յառաջացած տարիքին՝ իր աչքերը ընդմիշտ փակած է Դաւիթ Էվերեկլեանը, հաւանաբար 1940-70-ական տարիներու լիբանանահայ մշակութային եռուն կեանքին կարօտը սրտին։ Թերեւս այսօր քիչեր կը յիշեն Էվերեկլեան բեմադրիչը, դերասանը, թատերագիրը, մշակոյթի գործիչը, որ իր դրոշմը ձգած է լիբանանահայ թատերական կեանքին վրայ։ Ափսոս որ քիչեր կը յիշեն մանաւանդ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ջերմ հաւատացեալ եւ համայնքին նուիրեալ արուեստագէտ զաւակը, խանդավառ Հ.Կ.Ե.Մ.ականը, ընդհանրապէս Հայ մամուլի եւ մասնաւորաբար «ՄԱՍԻՍ»ի առաքելութեան ջատագով հայորդին, ինչպէս կը վկայէ Քանատա տեղափոխութենէն ետք «ՄԱՍԻՍ»ին ուղարկած իր յետագայ գրութիւնը, զոր կը կցենք հայրենի գրականագէտ, սփիւռքագէտ, դասախօս Սուրէն Դանիէլեանի վկայութեան  որ լոյս տեսած է «Ազգ»ի մէջ, Դաւիթ Էվերեկլեանի մասին «Փակենք Վարագոյրները» խորագրին տակ։

 

Այս անգամ տխուր լուրը հասաւ Մոնրէալէն: Հայ բեմի, հայ թատրոնի պատմութեան, հայ թատերագրութեան մէջ իր ձեռագիրը եւ առաւելապէս դիմագիծը ստեղծած ու պահած Դաւիթ Յակոբի Էվերեկլեանը այս տարուայ Յուլիսի 17-ին կնքեց իր մահկանացուն: Լիբանանահայ մշակոյթի յորձանքին մէջ անցեալ դարի 40-ական թուականներուն ասպարէզ նետուած երիտասարդ գործիչը դրամատուրգ էր, բեմադրիչ եւ դերասան. կազմած էր թատերախումբեր, սկիզբը Պէյրութի մէջ մաս կազմած էր «Ռուբէն Մամուլեան» թատերախումբին (1940-ական թուականներուն), մինչեւ 1953-ը գործընկերներու հետ վարած է «Լիբանանահայ թատերախումբը»ՙ տալով 18 ներկայացում, 50-60-ականներուն «Պետրոս Ադամեան», «Գերմանիկ» թատերախումբերու ղեկավարն էր, իսկ 1961-էն սկսեալ վարած է «Պէյրութահայ քուլիսականներու թատերախումբ»ը:

Նոյն եռանդն ու ոգեւորութիւնը ան տարաւ նաեւ ովկիանոսէն անդին, երբ 1978-ին, անցնելով Մոնրէալ, առաջին ջութակի դեր խաղաց «Արմէնեան» թատերախումբին մէջ, ուր կը տանէր վարչական-կազմակերպական մեծ աշխատանք: Չմոռնանք, այստեղ եւս ան կ’ապրէր եւ կ’ապրեցնէր բեմը` բեմադրիչ էր, ե՛ւ ի հա՛րկէ, դերասան: Քանատայի մէջ ան երկար տարիներ կը վարէր «Արձագանգ հայ աշխարհէն» հեռուստատեսային հաղորդումներու շարքը, որ բարձր վարկանիշ ունէր տեղի հայութեան շրջանակներէն ներս:

Անոր գործունէութեան, գրական անվիճելի ձիրքերու մասին բարձր արտայայտուած են Սիմոն Սիմոնեանը, Յակոբ Այվազը, Պախտիար Յովակիմեանը եւ բոլոր անոնք, որոնք ուժ կը տեսնէին եւ առանձնապէս կը հիանային թատերագրի մտաւորական հանրագիտարանային աշխարհընկալմամբ, անձանձիր նուիրումով: Ժամանակակիցները առայսօր կը պահպանեն արւեստասէր պէյրութցիներու հիացմունքը Դ. Էվերեկլեանի գրած ու բեմադրած ողբերգութիւններով եւ տրամաներով, ի մասնաւորիՙ շուրջ 70 տարի առաջ անոր շարադրած ու բեմադրած «Պատճառը ես եղայ» ողբերգութիւնը:

40-60-ականներուն անոր գրած թատերական գործերէն կարելի է յիշատակել հրատարակուած կամ անտիպ գործեր, ինչպէս «Ծաղկավաճառուհին», «Ոճիր-ոճիրներ», «Մռայլ կեանքեր», «Մեր հայելին» եւ ուրիշներ: Էվերեկլեանը թատերագիտութեան մէջ նոյնպէս գտաւ իր արահետը: Ճանաչողական խոր բնութագրումներով կ’առանձնանան անոր գիտական աշխատութիւնները, որոնց շարքին` «Թատերայուշեր եւ նիւթեր լիբանանահայ թատրոնի պատմութեան» (Պէյրութ, 1971), «Թատերական կեանքիս ճամբուն վրայ…» (Լոս Անճելըս, 1989) եւ «Միշտ… թատերական կեանքիս ճամբուն վրայ» (Լոս Անճելըս, 1999) գիրքերը, որոնցմէ վերջինը կը վկայէր թատերագրի ու թատերագէտի սկզբունքներու ու բնաւորութեան ամուր գիծերու մասին:

Ամբողջական նկարագրի համար աւելցնենք, որ Մոնրէալի մէջ 1995-ին լոյս տեսաւ «Պահ մը Դաւիթ Յ. Էվերեկլեանի հետ…» ստեղծագործական յիսնամեայ հանրագումարի խորհուրդով շարադրուած աշխատասիրութիւնը, իսկ այսօր տխրութեամբ կրնանք աւելցնել, որ 90 ամեակի շեմը նոր նոր հատելու պատրաստ Դ. Էվերեկլեանը դարձաւ «պահ մը» յոյս, «պահ մը» լոյսի շող հայ թատրոնի եւ հայ թատերագրութեան պատմութեան մէջ:

ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ