ՀԻԱՆԱԼ ՈՒ ՑԱՒԻԼ

ՀԻԱՆԱԼ ՈՒ ՑԱՒԻԼ

Գերգնահատելի գանձարան մըն է Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան նստավայր Ս. Ղազար կղզին: Մարդ կրնայ միայն զմայլիլ, հիանալ ու միեւնոյն ժամանակ ցաւիլ, որ 17-18-19-20-րդ դարերու փայլքը օրէ օր կը նուազի այս օրհնառատ ու օրհնաբաշխ կղզիէն: Ինչե՜ր չկան այս կղզիին մէջ: Հայոց առաջին տպագիր գիրքէն մինչեւ հայոց վերջին թագաւոր Լեւոն Զ.ի սուրը, Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք»էն, մինչեւ հնադարեան ձեռագրեր, հարուստ գրադարան, արուեստի իւրայատուկ նմոյշներ, վարպետ գեղանկարիչներու բնօրինակներ, արեւելքէն ու արեւմուտքէն հաւաքուած գանձեր, արեւմտահայաստանէն բերուած մասունքի համազօր իրեր, եգիպտական արժէքներ, ինչե՜ր ու ինչե՜ր:

Ցաւալին սակայն այն է, որ Եւրոպայի սրտին մէջ նմա՛ն հարստութիւն, նմա՛ն կոթող, նմա՛ն արժէք, ուրիշներուն երազած ու չգտած գանձը ունինք, սակայն համազգային մակարդակի վրայ լիարժէքօրէն չենք օգտագործեր Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին ընձեռած հնարաւորութիւններն ու առիթները:

Երբեմն հասկնալի, երբեմն կամքէ անկախ ու երբեմն նաեւ գիտակցուած թերութիւններու պատճառներով, ընդունելու ենք, թէ Մխիթարեան Միաբանութիւնը իր անցեալի փառքի օրերը չ՛ապրիր: Այստեղ այս մասին քննարկում պիտի չկատարուի: Այդ քննարկումը աւելի համապարփակ ու առարկայական սերտողութեան կը կարօտի:

Այսօրուայ տիրող պատկերը սակայն, երեք-չորս ժամուայ կարճ այցելութիւն մը տուողի տպաւորութեամբ հետեւեալն է: Մխիթարեան Միաբանութեան նստավայր Վենետիկի Ս. Ղազար կղզին պահելով իր վանական հանգամանքը վերածուած է մաքուր ու կոկիկ, հարուստ ու հրապուրիչ զբօսաշրջութեան կեդրոնի: Գնահատելի քայլ մըն է կատարուածը, որ քարոզչութեան ու կղզիին կենսունակութիւնը պահելու իմաստով նշանակալից է: Աշխարհի տարբեր անկիւններէ Վենետիկ ժամանած ու քիչ մը պատմութեան ու մշակոյթի հանդէպ սէր ունեցող մարդիկ կ՛այցելեն, բովանդակալից տեղեկութիւններ կը քաղեն, անցեալին ու Մխիթարեան Միաբանութեան անուրանալի վաստակին հետ կը հաղորդուին: Եթէ հայեր են այցելողները, ապա անոնք կը հպարտանան, քիչ մըն ալ կը յուզուին:

Երբ հարց կու տաս, թէ այսօր քանի՛ հոգի ուսում կը ստանայ այս պատմական գիտական կեդրոնին մէջ, տեղեկութիւններ փոխանցող յոյն աղջիկը` «11 հոգի» կը պատասխա֊նէ…:

Քիչ ետք, բակը շրջած ու Հայ Դատի նուիրուած խօսուն նկարներու ցուցահանդէսը դիտելու ժամանակ, սքեմաւոր արեւելահայերէն խօսողներու կը հանդիպիս ու մտքովդ կ՛ըսես թէ.  «Լաւ է, եթէ արեւմտահայերէն խօսող վանականներ ճարելը այսօր աւելի դժուարացած է քան երբեք, գոնէ հայաստանաբնակ մեր հայրենակիցները տէր ու պաշտպան կը կանգնին մեր կառոյցներուն…»: Յետոյ յուշանուէրներու սենեակը կ՛անցնիս, այնտեղ ցուցադրուած գիրքերուն ու գրենական պիտոյքներուն կողքին, Դամասկոսէն բերուած վարդերով ու վանաբնակ միաբաններուն կողմէ պատրաստուած վարդի անուշի տուփերու կը հանդիպիս:

Դուրսը, երբ նաւակը կը սպասես դէպի Վենետիկի կեդրոն` Սան Մարքօ կղզի վերադառնալու, եռագոյն ու իտալական դրօշներ ունեցող ու վրան մեծատառ ԱՐՄԵՆԻԱ գրուած նաւակին կը հանդիպիս:  Այս առագաստանաւը Կիլիկիոյ առագաստանաւն է կարծես, որ վերջին տարիներուն աշխարհով մէկ շրջապտոյտ կատարեց:

Ինչեւէ, վերադարձի ճամբուն մտորումները կը շարունակուին: 21-րդ դարու ժամանակակից աշխարհին մէջ, աշխարհատարած հայ գիտնականներուն, հետազօտողներուն, փորձագէտներուն, վարպետներուն, պատմաբաններուն, արխիւագէտներուն եւ այլ այլ մասնագիտութիւններու տէր մարդոց մնայուն ժամադրավայրը ըլլալու է Վենետիկի Ս. Ղազար կղզին: Այս կղզիէն մեր օրերու գիտական պահանջքներուն յագեցում տուող լոյսեր պէտք է ճառագայթեն, ինչպէս օրինակ ել. գիրքերու, ել. շտեմարաններու, թուայնացած աղբիւրներու, ժամանակակից ուսումնասիրութիւններու, մշակութային ստեղծագործութիւններու, հրապուրիչ հրատարակութիւններու եւ այլն եւ այլն: Պէտք է նոր սերունդի գիտական միտք ունեցողներուն տեղ ու ստեղծագործելու հնարաւորութիւններ ստեղծել: Միայն զբօսաշրջութեան կեդրոններու վերածուելու արժանի չե՛ն այս իւրօրինակ կառոյցները: Նոյն խօսքը կը վերաբերի նաեւ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան պատկանող պատկառելի կառոյցին:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առնչակից նախարարութիւնները` (Սփիւռքի, Գիտութեան ու Կրթութեան, Մշակոյթի) համատեղ ծրագիրներ մշակելու են Մխիթարեան Միաբանութեան ղեկավարութեան հետ: Ծրագիրներ կրնան մշակել նաեւ աշխարհի զանազան անկիւնները հաստատուած հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնները, Կիւլպէնկեան Հիմնարկը, Լիբանանի Հայկազեան Համալսարանը եւ այլ սփիւռքեան կառոյցներ: Ծրագիրները կրնան կարճաժամկէտ ըլլալ, ինչպէս օրինակ  գիտաժողովներու կազ֊մա֊կեր֊պում, մի֊ամս֊եայ ամառ֊նա֊յին դպ֊րոց, սե֊մի֊նար֊ներ, գի֊տաշ֊խա֊տա֊նոց֊ներ եւ եր֊կա֊րա֊ժամ֊կէտ` ինչ֊պէս օրի֊նակ թուայնացման, թարգմանական, հետազօտական աշխատանքներ: Բնականաբար, այստեղ հիմնական երկու մտահոգութիւններ կը ծագին: Առաջինը` նման ծրագիրներու իրականացման համար ֆինանսներու ապահովումն է, երկրորդը համագործակցելու ձեւն ու եղանակը, որքանո՞վ Մխիթարեան Միաբանութիւնը պատրաստ է նման նախաձեռնութիւններու տանտիրութիւն ընելու: Երկու մտահոգութիւններն ալ կրնան փարատիլ, եթէ փոխադարձ որոշում առնուի վերակենդանացնելու, վերաշխուժացնելու այս կառոյցներուն գործունէութիւնը:

 

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

«Գանձասար» Յուլիս 25, 2016