Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ հայկական եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծրագիրի համակարգող իտալացի ճարտարապետ Փաուլօ Վիթթի ըսած է, որ Հայաստան դրական մեծ ազդեցութիւն ունի եւրոպական մշակոյթին վրայ:
«Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ճարտարապետը նշած է. «Ես շատ տպաւորուած եմ Հայաստան կատարած այցելութեամբս, քանի որ ուսումնասիրութիւններ կատարելը տարբեր բան է, գալ եւ տեսնելը` ուրիշ: Ընտանիքիս անդամները Պոլիսէն իտալացիներ են, հոն բազմաթիւ ծանօթներ եւ բարեկամներ ունին. Հռոմի մէջ, ուր ես կ՛ապրիմ, նոյնպէս կը ճանչնամ հայեր, եւ կարելի է ըսել, որ ամբողջ կեանքս հայերով շրջապատուած եմ, Հայաստանը միշտ կեանքիս մէջ ներկայութիւն եղած է: Ես ահա կ՛այցելեմ Հայաստան` աւելի ներգրաւուած զգալով»:
Փաուլօ Վիթթին նաեւ «Եւրոպա Նոսթրա» կազմակերպութեան 7 ամէնէն աւելի վտանգուած յուշարձաններու ծրագիրին գիտական խորհուրդի անդամ է: 42 երկիրներ ներառող «Եւրոպա Նոսթրա» կազմակերպութեան Հայաստան կ՛անդամակցի 2012 թուականէն:
Իտալացի ճարտարապետը տեղեկացուցած է, որ այս տարի ծրագիրի շրջագիծին մէջ կ՛ուզեն ցուցաբերել աւելի ընդհանուր մօտեցում:
«Այդ մօտեցումը կ՛ենթադրէ ո՛չ միայն պահպանել, այլեւ տարածքը աւելի տեսանելի դարձնող համապատասխան ուղիներու տրամադրում, աշխատանք` հոն ապրող մարդոց հետ: Սակայն կ՛ուզէի նշել կարեւոր գործօն մը եւս, որ այդ պահպանման գործընթացը պէտք է կազմակերպուի առանց վնասներ հասցնելու տուեալ կառոյցին, քանի որ վերականգնողական աշխատանքներու ժամանակ շատ մեծ վտանգ կայ սխալելու. այդ պատճառով կեդրոնացած ենք համապատասխան մեթոտաբանութիւն ձեւաւորելու վրայ: Կ՛ակնկալենք, որ ասիկա դառնայ այդ ընդհանուր մօտեցման օրինակ մը Հայաստանի ժառանգութեան մէջ», ընդգծած է ան:
Անդրադառնալով Հայաստանի տարբեր վայրեր կատարած այցելութեան` Փաուլօ Վիթթի նշած է, որ Գիւմրին լաւ նախագծուած քաղաքի տիպար օրինակ է: «Քաղաքը գեղեցիկ ճարտարապետութիւն ունի, եւ կարծեմ, որ պատշաճ վերականգնողական աշխատանքներ տանելու պարագային, եթէ նորոգութիւններ կատարուին առանց անցեալի ժառանգութեան դպչելու, Հայաստան կ՛ունենայ շատ կարեւոր մեծ քաղաք մը: Անին տեսած եմ վերէն, կրնամ ըսել, որ տպաւորուած եմ գեղեցկութեամբ, այդ վայրին կարեւորութեամբ: Պարզապէս կ՛ուզեմ նշել, որ Անին պէտք է վերածուի առանց սահմաններու տարածքի», եզրափակած է Փաուլօ Վիթթին: