ՀԱՅՐ ՍԵԶԱՐ ԷՍԱՅԵԱՆ՝ ԼԱՏԻՆՆԵՐՈՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ

ՀԱՅՐ ՍԵԶԱՐ ԷՍԱՅԵԱՆ՝ ԼԱՏԻՆՆԵՐՈՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լատիններու Պէյրութի Առաքելական Փոխանորդ նշանակած է Ֆրանչիսկեան Հայրերու Միաբանութեան Լիբանանի մեծաւոր՝ հայր Սեզար Էսայեանը, միաժամանակ անոր շնորհելով եպիսկոպոսական աստիճան։ Հայր Էսայեան կը յաջորդէ գերապայծառ Փօլ Տահտահին, որ տարիքի բերումով ներկայացուցած հրաժարականը Սրբազան Քահանայապետին կողմէ ընդունուած է 2 օգոստոս 2016-ին։

Նորանշանակ Առաքելական Փոխանորդը ծնած է 27 մայիս 1962-ին Սայտա։ 1986-ին անդամակցած է Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան ու աստուածաբանութեան ուսումները կատարած Հռոմի մէջ։ 8 սեպտեմբեր 1988-ին կատարած է իր ժամանակաւոր ուխտերը, ապա քահանայ ձեռնադրուած է 17 ապրիլ 1993-ին։ Ան մշտնջենաւոր ուխտերը կատարած է նոյն տարուան սեպտեմբերի 21-ին։