Չարաբաստիկ օրեր

Չարաբաստիկ օրեր

Սոսկալի իրադարձութիւններն ու սարսափելի դէպքերը որոնք կ՛արձանագրուին համարեա ամէն օր աշխարհի գրեթէ բոլոր կողմերը՝ հետզհետէ աւելի կը շեղեցնեն մարդը իր գոյութեան իմաստէն ու նպատակէն։ Բազմաբնոյթ արգելքներ կը շղթայակապեն մարդ արարածը, զինք մատնելով անորոշ եւ անկարող վիճակի։ Բնական է որ ամէն ժողովուրդ, ամէն ազգ, պայքար մղէ ի խնդիր իրեն հայող հարցերու բարւոք լուծումին, որպէսզի կարենայ արժանավայելօրէն գոյատեւել. այսօր սակայն կը գտնուինք այնպիսի հիմնախնդիրներու ու խոչընդոտներու առջեւ, որոնք համայն մարդկութիւնը կը համախմբեն մռայլ ու տարտամ փապուղիներու մէջ։

Այս յաճախ մահասփիւռ հարցերուն յաջորդականութեան առաջին դիրքը կը գրաւէ միտքերու ապականացումը։ Կը բաւէ ակնարկ մը ուղղել մեր շուրջ անցուդարձող եղելութիւններուն որպէսզի անդրադառնանք այսօրուան մարդը շրջապատող ապականած վիճակին։ Ամենուրեք պատերազմ, մարդասպանութիւն, արիւնախանձ հասարակութիւններ, անբարոյ կենցաղ, անպատասխանատու կեցուածքներ։ Լիբանանը որ անցեալին Արեւելքի Զուիցերիան կը նկատուէր, այսօր դարձած է աղբերու լեռնաշղթայ մը։ Կենսոլորտային մտահոգիչ եւ անընդունելի վիճակ մը ստեղծելէ ետք, զարմանքով հարց կու տանք թէ այս բոլորին պատճառը ինչ բանի մէջ կը կայանայ։ Վիճակը կը ստեղծենք եւ կը զարմանանք։ Թերեւս մարդուն մտքին ու սրտին ապականացումը հիմնական պատճառն է այս վատառողջ իրավիճակին։ Պետական իշխանութիւնները կը յաւակնին ըլլալ հասարակութեան կամ գէթ իրենց քաղաքացիներուն առաջնորդող միտքը, եւ ասիկա կը պարտադրեն «ժողովրդավարութեան» անուան տակ։ Կը յաւակնին իրենց մտածումը ներկայացնել իբրեւ ամէնէն ճիշդը եւ ուղիղը։ Միւս կողմէ, հաղորդակցութեան միջոցները, եւ հիմնականը՝ համացանցը, կը ծառայեն միացեալ միտք ու մտածելակերպ ստեղծելու, եւ այս պատճառաւ այսօրուան մարդը դժուարութեան առջեւ կը գտնուի ինքնուրոյն որոշում կամ կարծիք տալու։ Համոզուած է թէ այն ինչ որ կը լսէ` այդ է իրեն համար ճշմարիտը ու լաւագոյնը։ Արդեօք հեռատեսիլէն սփռուող դաստիարակչական յայտագիրները որքանո՞վ կը համապատասխանեն իրապէ՛ս առողջ դաստիարակչութեան պահանջներուն։ Կամ համացանցին վրայ գոյութիւն ունի՞ այնպիսի հակակշիռ մը որ մաղէ անցընէ անոր միջոցաւ սփռուող կարծիքները։ Ամէն կարծիք որ կը տրուի որդեգրուելի՞ք է։ Ինչպէ՞ս զատորոշել առողջն ու վատառողջը։ Այս հարցադրումներէն կը յառաջանան նաեւ այլ հարցեր, որոնք կը վերաբերին կրօնական ազատութեան, հանդիպման մշակոյթին, բարոյական խնդիրներուն։ Որպէս եկեղեցականներ, երբ հրաւիրենք հաւատացեալները խոստովանանքի, անոնք յաճախ կ՛ըսեն. «Ի՞նչ ըրած եմ որպէսզի խոստովանիմ»։ Ճիշդ է․ մարդը այլեւս կարող չէ բարին չարէն զանազանել, կամ ճիշդը՝ սխալէն։ Իրեն համար ամէն բան արտօնուած կը նկատէ, եւ ոչ մէկ բան սահման ունի։

Հիմնախնդիրներուն երկրորդ տեղը կը գրաւէ ապագայի անապահովութիւնն ու անորոշութիւնը։ Երբ միտքերն ու սրտերը կ՛ապականին, մարդ ինքնաբերաբար ինքզինք կը գտնէ անապահով վիճակի մէջ։ Ինքնութեան անապահովութիւն, ապրուստի անապահովութիւն, ներկայի եւ ապագայի անապահովութիւն։ Պահ մը հարց կու տայ ինքնիրեն. «ո՞վ եմ ես եւ ինչո՞ւ գոյութիւն ունիմ»։ Մեր ներկան կ՛ապրինք մէկ կողմէն անցեալի փառքերուն վրայ հիմնուելով, իսկ միւս կողմէն ներկայի իրավիճակէն փախչելով։ Որով, կը նշանակէ թէ ապագայ մը չի կերտուիր։ Միջին Արեւելքի ժողովուրդը կը գաղթէ ոչ թէ ապագայ կերտելու համար այլուր, այլ՝ վախի ու սարսափի ազդեցութեան տակ փախուստ տալու մահէն։ Այսօրուան մարդը չի փորձեր ապագան նախատեսել, որովհետեւ կարող չէ։ Քաղաքական ու տնտեսական երեւոյթները անորոշութեան կը մատնեն զինք, եւ յուսախաբ կը թողուն ապագայի տեսլականով։

Իսկ երրորդ հարցականը որ այսօր մեր ուշադրութեան կը յանձնուի՝ այն մարտահրաւէրներն են որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր ընտանիքը։ Ամուսնութիւն, ապահարզան, միասեռականութիւն, վերամուսնութիւն, գաղթականութիւն, աղքատութիւն, դաստիարակութիւն, ծնողական պատասխանատուութիւն. խնդիրներ որոնք հետզհետէ կը բարդանան փոխանակ լուծումի հասնելու։ Անհրաժեշտ նկատելով սահմանել այսօրուան ընտանիքին կոչումն ու առաքելութիւնը, Կաթողիկէ Եկեղեցին յարմար տեսաւ Սիւնհոդոս մը կատարել ընտանիքին մասին, որուն առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ անցեալ տարուան հոկտեմբեր ամսոյն, որպէս խորագիր ունենալով. «Ընտանիքին հովուական մարտահրաւէրները աւետարանացման ծիրէն ներս», իսկ երկրորդ բաժինը տեղի կ՛ունենայ այս տարի դարձեալ հոկտեմբեր ամսոյն, որպէս խորագիր ունենալով. «Յիսուս Քրիստոս կը յայտնէ խորհուրդը եւ կոչումը Ընտանիքին»։ Ազգի մը գոյատեւման անհրաժեշտ պայմանն է ընտանիքին գոյութիւնը, ինչպէս որ ազգ մը քանդելու ամենահեշտ միջոցն է ընտանիքներու քայքայումը։ Այսօր հայ քրիստոնեայ ընտանիքը հետզհետէ սկսած է կորսնցնել իմաստը իր ինքնութեան, գոյութեան եւ առաքելութեան։ Անցեալին ցեղասպանը ջարդելով ուզեց մեզ բնաջնջել, այսօր ան կարիքը չունի անգամ մը եւս որպէս ջարդասպան ներկայանալու աշխարհին, ան աւելի դիւրին միջոց մը կ՛օգտագործէ․ հայ քրիստոնեայ ընտանիքներուն մէջ ներմուծել իր քայքայիչ մշակոյթը։ Թուրքը ամէն տուն մտաւ հեռատեսիլի միջոցաւ. մեզի հրամցուց իր տեսաերիզները, իր խոհանոցը, իր երգն ու երաժշտութիւնը, իր սկզբունքներն ու գաղափարախօսութիւնը։ Եւ մենք անուղղակիօրէն, եւ առանց անդրադառնալու քօղարկուած չարիքին` կը հետեւինք արդէն մեր լսածին եւ տեսածին։

Միտքի ու սրտի ապականացում, անապահով ու անորոշ ապագայ, ընտանեկան մարտահրաւէրներ, ահաւասիկ երեք ահաբեկող ու մահազանգային խնդիրներ որոնք այսօր մարդկութեան դուռը կը բախեն։ Որպէս «Մարդ», պահ մը կանգ կ՛առնեմ, եւ հարց կու տամ թէ ո՞ւր եմ ես այս բոլորին մէջ եւ ի՞նչ ունիմ ընելիք։

 

Ս.Կ.