Ընտրութիւն երկու Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու

Ընտրութիւն երկու Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը որ կայացաւ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանին մէջ 2015 սեպտեմբերի 1-10` ընտրեց երկու նոր եպիսկոպոսներ` յանձին գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Ասատուրեանի, որ պիտի ստանձնէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոսի պաշտօնը, եւ գերապատիւ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի որ պիտի ստանձնէ Թեհրանի թեմի եպիսկոպոսի պաշտօնը:

Ձեռամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, երկու նորընտիր եպիսկոպոսներուն ձեռնադրութիւնը եւ օծումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2015-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:

«ՄԱՍԻՍ» որդիաբար կ’ողջունէ երկու եպիսկոպոսներու ընտրութիւնը, կը շնորհաւորէ զանոնք եւ արդիւնաշատ առաքելութիւն կը մաղթէ անոնց: