ԳՈՀԱՐԸ՝ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱՂԱԽ

ԳՈՀԱՐԸ՝ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ  ՇԱՂԱԽ

Հակառակ հայերէն լեզուի ճոխ բառամթերքին եւ հիացում արտայայտող ածականներուն, ամէնէն պերճաբան վկայութիւններն ու պերճագիր նկարագրութիւններն անգամ եւ ոչ ալ Հայաստանի Առաջին Ալիքին միջոցաւ ելոյթներուն ուղղակի սփռումները կրնային ընթերցող կամ ակնդիր հասարակութեան փոխանցել այն տպաւորութիւնն ու ապրումը զորս ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթներուն ներկայ շուրջ տասը հազար եւ թերեւս աւելի լիբանանահայերը եւ Լիբանանի ոչ֊-հայերը ունեցան անցեալ Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն։ Որովհետեւ այն ինչ որ ԳՈՀԱՐ-ը հրամցուց աննկարագրելի էր պարզապէս։ Պէտք էր տեսնել։

Չտեսնողները զրկուեցան ոչ միայն գեղարուեստական եզակի եւ միջազգային ամէնէն խստապահանջ բեմերուն յատուկ ու նրբաճաշակ հասարակութիւնները բաւարարող մեծասքանչ ու մեծագործ ներկայացման մը պարգեւած հոգեկան անջնջելի վայելքէն, այլ ամէն հայու, եւ նոյնիսկ ոչ անպայմանօրէն գեղարուեստասէր կամ երաժշտասէր հայու, բացառիկ հրճուանք պատճառող ու հպարտութիւնը շոյող հազուադէպ երեւոյթէ մը։

Երեւոյթը՝ երգչախմբային, նուագախմբային, պարային կատարումները, մենակատարումները եւ անոնց գերարդիական մշակումով, բեմադրութեամբ ու ոճով մատուցումը չէր միայն, այլ լիբանանահայութեան բոլոր խաւերը, դասակարգերն ու բազմաշերտ շրջանակները, երեխաները, պատանիները, երիտասարդներն ու մեծահասակները, տղաք ու աղջիկներ, կանայք ու այրեր համախմբող հանդիսատես հասարակութեան ինքնաբուխ ու միաձայն, միաբան ու միասնական ցնծալից հակազդեցութիւնն էր, որոտանման բայց բարեբեր պոռթկումը։ Նոյնացած էին բոլո՛րը իրենց զգացումներուն, ապրումներուն, տենչերուն, ակնկալութիւններուն, պահանջներուն ու կամքին մէջ, որոնց արտայայտութիւնը կը տեսնէին իւրաքանչիւր կատարումին մէջ։ Հազուադէպ էր երեւոյթը՝ որուն մէջ ոչ մէկ արուեստական մղում կար, այլ միայն ինքնաբուխ պոռթկում, որուն մղում տուող ուժը Հայ երգը, երաժշտութիւնն ու պարարուեստն էին, հայկական ժողովրդական արուեստէն բխած պատգամներն էին։ Անոնք դարձած էին միասնականութեան շաղախ, որուն պատրաստութեան գաղտնիքին լաւապէս տիրացած են ԳՈՀԱՐ-ը յղացողներն ու անոր հովանաւորները։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ