Հինգշաբթի, 2015 սեպտեմբերի 24-ին տեղի ունեցաւ Կիւմրիի «Սրբոց Նահատակաց» առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ օծումը՝ նախագահութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի (Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու ժողովի նախագահ) եւ համանախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս 20-րդի: Օծման արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պապական նուիրակ Մարեկ արքեպիսկոպոս Սոլչինսկին, հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներ՝ Արհի. Տ. Նշան արքեպս. Գարաքեհէեանը, Արհի. Տ. Լեւոն արքեպս. Զեքիեանը, Արհի. Գէորգ արքեպս. Խազումեանը, Արհի. Տ. Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսանը, Արհի. Տ. Միքայէլ եպս. Մուրատեանը, Արհի. Տ. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանը, Արհի. Տ. Մանուէլ եպս. Պաթագեանը, Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ ծառայող հայ կաթողիկէ վարդապետները, քահանաները, սարկաւագները:
Օծման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի ներկայացուցիչ բարձրաստիճան հոգեւորականներ՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Գերշն. Տ. Միքայէլ եպս. Աջապահեանը, Գերշն. Տ. Տաթեւ արքեպս. Սարգիսեանը, Գերշն. Տ. Վարդան եպս. Նաւասարդեանը, Հայր Շահէ վրդ. Անանեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գերշն. Տ. Շահան արքեպս. Սարգիսեանը, Կովկասի լատինածէս կաթողիկէներու առաջնորդ Ճիուզեփփէ եպիսկոպոս Պազոտտոն, այլ լատին կաթողիկէ հոգեւորականներ, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւներ, ՀՀ Սփյուռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Հայաստանի մէջ լիազօրագրուած օտար երկիրներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպաններ, միջազգային բարեգործական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ շինարարութեան բարերարները, Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեանը, Կիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանը, հայ կաթողիկէ համայնքներու ղեկավարներ՝ իրենց համայնականներուն հետ միասին, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյրեր, Գթութեան միսիոներ քոյրեր, այլ հասարակական ու մշակութային գործիչներ, Հայաստանի մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքեւ ապաստանած սուրիահայեր:
Հայաստանի եւ Վրաստանի կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններէն եկած հաւատացեալները արարողութեան կը հետեւէին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած պաստառներուն միջոցաւ։
Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը սկսաւ հանդիսաւոր թափօրով։ Եկեղեցւոյ աւագ դրան մօտ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ Վսեմաշուք Կարդինալը օրհնեցին եկեղեցական սպասքը, ապա Սուրբ Խաչի մասունքը վերցնելով՝ ուղղուեցան դէպի Սբ. Խորան: Սբ. Խաչի մասունքը սեղանին դնելէ ետք, քահանաները ջուրով եւ գինիով լուացին Սբ. Խորանին սեղանը, ապա Հայրապետը վերցուց Սրբալոյս Միւռոնը եւ օծեց սեղանին չորս կողմերը փորագրուած խաչերը: Սուրբ Խորանի սեղանի օծումէն ետք, նախ Վսեմաշուք Կարդինալը, ապա պապական նուիրակը եւ յետոյ հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերը հերթով օծեցին եկեղեցւոյ պատերուն վրայ փորագրուած 17 խաչերը՝ սկսելով արեւելեան կողմէն: Եկեղեցւոյ չորս կողմերը օծելէ յետոյ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը երեք անգամ օրհնեց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին:
Պապական նուիրակ Մարեկ արքեպիսկոպոս Սոլչինսկին ընթերցեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անունով Հռոմի Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ուղարկած նամակը այս սրբազան արարողութեան մասնակիցներուն: Նամակին մէջ ըսուած է հետեւեալը․-
«Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր հոգեւոր մօտիկութիւնն ու սիրալիր մասնակցութիւնը կ՛արտայայտէ Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն եւ բոլոր ներկաներուն՝ միանալով հասարակաց ուրախութեան: Սրբազան Քահանայապետը խոր գոհունակութիւնը կ՛արտայայտէ այս նախախնամական արարողութեան համար, որ կը պսակէ ջանքերը բոլոր անոնց, որոնք տարբեր կերպերով մասնակցած են այդ գործին: Ան կը ցանկայ, որ այս հրաշագեղ իրադարձութիւնը սատարէ թեմի վերանորոգ հոգեւոր աշխուժութեան՝ առաջնորդուած արհի. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանին կողմէ, միշտ աւելի հաւատարիմ կապուածութեամբ Տէր Յիսուսին, վեհանձն առաքելական ճիգերով, եղբայրական սիրոյ ճշմարիտ վկայութեամբ, հետեւելով օրինակին սուրբ մարտիրոսներու, որոնց նուիրուած է այս մայր տաճարը եւ որոնք իրենց սիրոյ վկայութիւնը տուած են Քրիստոսի հանդէպ՝ մինչեւ ցհեղումն արեան: Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով ներկայ կրօնական եւ քաղաքական իշխանութիւնները, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եղբայրները եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համայն հաւատացեալները, կը հայցէ Աստուածամայր Սուրբ Կոյս Մարիամի հզօր պաշտպանութիւնը, լիառատ շնորհներ, երկնային մխիթարութիւններ եւ սրբազան արարողութեան մասնակիցներուն կու տայ իր հայրապետական, առաքելական օրհնութիւնը:
Ծիրանաւոր Փիեթրօ Փարոլին, Նորին Սրբութեան պետական քարտուղար»:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ի հետեւեալ ուղերձը ընթերցեց Գերշն. Տ. Վարդան եպս. Նաւասարդեանը.
«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից ողջունում ենք ձեզ եւ յղում մեր հայրապետական օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները: Այսօր ուրախակից ենք Կիւմրիի հայ կաթողիկէ համայնքին, որ հոգեւոր մխիթարութեան օրեր է ապրում՝ իր նորակառոյց եկեղեցու օծման նուիրական առիթով: Եկեղեցին կոչուեց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի՝ ի պատիւ քրիստոնէութեան պատմութեան ընթացքում նահատակուած վկաների, ովքեր չարի փորձութիւնների ու դժուարութիւնների մէջ անսասան պահեցին հաւատքը եւ իրենց կեանքը չխնայեցին Տէր Յիսուս Քրիստոսին: Քրիստոսի փոքր հօտը՝ հայ ժողովուրդը, որը Տիրոջ փրկութեան շնորհին հաղորդ դարձաւ Սբ. Թադէոս եւ Սբ. Բարդուղիմէոս առաքեալների քարոզութեամբ եւ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցու հովուական նախանձախնդիր սպասաւորութեան շնորհիւ, քաջ գիտի գինը նահատակութեան:
Ահաւասիկ, այս տարի մենք ոգեկոչում ենք 100-րդ տարելիցը Հայոց Ցեղասպանութեան՝ խոնարհում բերելով Օսմանեան Թուրքիայում իրականացուած անասելի եղեռնագործութեան մեր անմեղ զոհերի յիշատակի առջեւ, ովքեր հաւատքի նահատակներ դարձան՝ իրենց կեանքը զոհաբերելով հաւատքի եւ Քրիստոսի սիրոյ համար, եւ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցու կողմից կարգուելով սրբոց դասում՝ որպէս խաղաղութեան, արդարութեան եւ մարդասիրութեան բարեխօսներ:
Մխիթարութիւն է ազգիս զաւակների համար, որ ի Քրիստոս եղբայրութեան ոգով մեր եկեղեցու կողքին ցեղասպանութեան անմեղ նահատակների համար աղօթեցին եւ էկումենիկ արարողութիւններ կազմակերպեցին քոյր եկեղեցիները, նաեւ՝ Կաթոլիկ Եկեղեցին՝ գլխաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապի, ով Սուրբ Պատարագ մատուցեց Սբ. Պետրոսի տաճարում եւ աշխարհին ուղղուած ազդու կոչով դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը՝ իր զօրակցութիւնը բերելով Հայաստանեայց Եկեղեցուն եւ հայ ժողովրդին:
Ցաւալի է, որ այսօր էլ շարունակւում են հալածանքները քրիստոնեաների հանդէպ, հազարաւոր անմեղներ զոհ են դառնում ահաբեկչութիւններին: Աւերւում եւ ոչնչացւում են քրիստոնէական սրբավայրերը: Ազգի դէմ ծառացած մարտահրաւէրները, փորձութիւնները նոր հրաւէր են Քրիստոսի Եկեղեցու համար՝ զօրացնելու միասնութիւնը ամբողջ աշխարհի քրիստոնեաների միջեւ…
Մեզ համար գոհունակութիւն է, որ յատկապէս վերջին տասնամեակներին խորանում են յարաբերութիւնները Հայ Առաքելական եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիների միջեւ՝ երբեմնի դաւանաբանական վէճերին եւ փոխադարձ մեղադրանքների երկար ընթացքին այսօր փոխարինելու են գալիս առաւելաբար գործակցութեան գաղափարները… Երիցս փառք ենք տալիս Բարձրեալն Աստծուն, որ Աւետարանական ոգին դրսեւորուած ենք տեսնում մեր երկու՝ հայ եւ կաթոլիկ, ինչպէս նաեւ միւս Եկեղեցիների յարաբերութիւնների մէջ։
Աղօթում ենք Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցու անսասանութեան եւ յաւերժ պայծառութեան համար: Մեր եղբայրական սիրոյ ողջոյնն ենք յղում մեր հոգեւոր եղբօրը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին: Թող Տէրը օգնական եւ ապաւէն լինի Սրբազան Քահանայապետին՝ հովուապետական իր առաքելութեան մէջ, որպէսզի առաւել պայծառանայ Կաթոլիկ Եկեղեցին եւ շարունակի ծառայել քրիստոնէական հաւատքի եւ հոգեւոր արժէքների ամրապնդման եւ ժողովուրդների կեանքում խաղաղութեան եւ համերաշխութեան հաստատման համար: Տիրոջ խնամքն ենք հայցում մեր երկրի եւ հաւատաւոր մեր ժողովրդի համար եւ զօրակցութիւնը՝ հայրենի իշխանութիւններին ի գլուխ ՀՀ նախագահ Տեար Սերժ Սարգսեանի: Սրբոց Նահատակաց եկեղեցու օծման առիթով մեր բարեմաղթանքներն ենք յղում կարդինալ Սանտրիին, Հոգեւոր Տէր Գրիգոր Պետրոս 20-րդ Պատրիարքին, բարձրապատիւ Տ. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանին եւ հայ կաթողիկէ համայնքին՝ հայցելով Բարձրեալն Աստծոյ շնորհներն ու օրհնութիւնները: Հայրապետական մեր օրհնութիւնն ենք յղում Տ. Միքայէլ եպս. Աջապահեանին եւ Շիրակ աշխարհի հաւատաւոր բոլոր մեր զաւակներին…»:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ խօսքը
Ամեն. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքը առանձին-առանձին նշելով բոլոր ներկայ բարձրաստիճան հիւրերուն անունները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք աջակցած են եկեղեցւոյ կառուցումին, ըսաւ.
«…Այսքան գեղեցիկ խօսքեր լսելէ յետոյ… հակիրճ պիտի յայտնեմ երախտագիտութիւնս Աստուծոյ, որ կարելի դարձուց շինութիւնը այս տաճարին: Այս տաճարը, որ նուիրագործեցինք, քարեր են: Մենք չե՛նք պաշտեր քարերը, որքան ալ արիւն, արցունք, աշխատանք պահանջած ըլլան: Մենք կը պաշտենք ներկայութիւնը Աստուծոյ այս տաճարին մէջ: Խաչերը խորհրդանիշն են Աստուծոյ ներկայութեան, մարդացեալ Քրիստոսի ներկայութեան: Այս տունը Աստուծոյ տունն է, բայց բոլորիս տունն է: Մենք, որ Աստուծոյ զաւակներն ենք, Աստուծոյ տաճարներն ենք դարձած Սուրբ հոգիին զեղումով, Սուրբ Մկրտութեամբ: Եւ այս մեր ներկայութիւնը այս տաճարին մէջ եւ տաճարին շուրջ, խորհրդանիշն է Աստուծոյ սիրոյն՝ համայն մարդկութեան հանդէպ: Մենք Քրիստոսի վկաներն ենք: 301 թուականէն սկսեալ, մենք Քրիստոսը ճանչցանք, սիրեցինք, որովհետեւ Ի՛նքը մեզ սիրեց եւ Ինքն Իրեն մեզ նուիրեց: Մեր սէրը փոխադարձ հաւատարմութիւնն է Իրեն: Մենք կը պաշտենք Քրիստոսը, ոչ թէ՝ քարերը, Քրիստոսին հաւատարիմ գտնուեցան մեր միլիոնաւոր վկաները պատմութեան ընթացքին: Այսօր այս սուրբ տաճարին մէջ՝ նուիրուած միլիոնաւոր մեր նահատակաց, անոնց միջնորդութիւնը կը խնդրենք՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, որպէսզի մեր ժառանգած հաւատքը միշտ աւելի զօրաւոր ըլլայ եւ քաջութիւնը ունենանք աշխարհի աչքին առջեւ ապրելու, խոստովանելու քրիստոսաւանդ հաւատքը: Այս եկեղեցին ժամադրավայրը պիտի ըլլայ Աստուծոյ զաւակներուն, ձե՛ր՝ եղբայրներ եւ քոյրեր, որ ամէն կիրակի հաւաքուիք՝ աղօթելու միաբերան: Երախտագիտութիւն պիտի յայտնէք Աստուծոյ, որ արժանի դարձուց հայութիւնը, որ Զինք ճանչցող եւ սիրող առաջինը ըլլայ եւ աշխարհի չորս կողմերուն վկայէ, թէ հայ ժողովուրդը յարութիւն առած է Քրիստոսի հետ, կ՛ապրի եւ պիտի ապրի Աստուծոյ շնորհքով: Եկեղեցին դու՛ք էք, սիրելի հաւատացեալներ:
Դուք կ՛աղօթէք «Հայր մեր», ոչ թէ՝ «Հայր իմ»: Եղբայրաբար մեր աղօթքը բարձրացնենք մեր Հօրը, որ յաւիտենութենէն ի վեր մեզ սիրած է, գոյութեան կոչած է եւ կը հսկէ մեր վրան: Մենք մեր խաչն առած Անոր ետեւէն կը քալենք…
Աղօթեցէ՛ք Տիրոջը՝ ըսելով, շնորհակալ ենք, որ մեր վրայ կը հսկես, չես ձգեր որ թշնամիներդ, որ մեր թշնամիներն են, մեզ ոչնչացնեն: Յիշենք Յիսուսի խօսքերը՝ ուղղուած Պետրոսին՝. ես քեզի համար աղօթեցի, որ սատանան քեզ չճզմէ: Երբ որ Քրիստոս մեզ հետ է, ո՞վ կրնայ մեզի դէմ կենալ: Ո՛չ մահը, ո՛չ մեղքը, ո՛վ որ ալ ըլլայ…: Հետեւինք Քրիստոսին եւ ըսենք. մի՛ ձգեր, որ քեզմէ հեռանանք: Փա՛ռք Քեզ, Տէր, յաղագս ամենայնի, փա՛ռք քեզ»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գերշն. Տ. Շահան արքեպս. Սարգիսեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ․
«Սրբոց Նահատակաց կաթողիկէ հայոց եկեղեցւոյ հաստատումը եւ օծումը հայրենի հողի վրայ՝ մեր ժողովուրդի ամբողջականութեան եւ միութեան գեղեցիկ մէկ արտայայտութիւնն է, Քրիստոնէական եկեղեցիներուն միջեւ միութեան եւ սիրոյ անխառն կապը։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը անսասան կը պահէ մեր հայոց աշխարհը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը եւ սփիւռքի ողջ ժողովուրդը: Կը հաւատանք քրիստոնէական միջեկեղեցական յարաբերութիւններու անխառն միութեան կապին, որուն մէկ արտայայտութիւնն է այսօր Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու ներկայութիւնը, որ նաեւ մեր ժողովուրդի միութեան ցուցանիշն է…: Սրբադասուած մեր նահատակներով միասնաբար կը շարունակենք մեր պահանջատիրական երթը՝ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու եւ քրիստոնէական հաւատքի հաստատման համար: Հայաստանի մէջ եկեղեցի հիմնելը վերանորոգութիւնն է մեր հաւատքին…: Յանուն Վեհափառ Հայրապետին, կ՛ողջունենք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, սիրոյ մեր ողջոյնները կ՛ուղարկենք Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսին եւ կը փոխանցենք մեր սիրոյ զգացումները Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին…»: