Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու արտահերթ Սիւնհոդոսը կայացաւ Հռոմի մէջ

Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու արտահերթ Սիւնհոդոսը կայացաւ Հռոմի մէջ

Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու արտահերթ Սիւնհոդոսի նիստերը տեղի ունեցան Հռոմի Լեւոնեան վարժարանին մէջ, 2015 սեպտեմբերի 1-10: Սեպտեմբերի 7-ին հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսները Ամենապատիւ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին գլխաւորութեամբ Սրբազան Պապին հետ միասին Սբ. Պատարագ մատուցանեցին Հռոմի Սուրբ Մարթայի տաճարին մէջ: Սրբազան Քահանայապետին եւ Պատրիարքին միասնական հաղորդութիւնը Սուրբ Զոհին՝ լրումն ու արտայայտութիւնն էր անոնց միջեւ եկեղեցական հաղորդութեան հաստատման: Սրբազան Պապը նորընտիր Պատրիարքին եկեղեցական հաղորդութիւնը շնորհած էր դեռեւս 2015 յուլիսի 25-ին:

Նոյն օրը, ինչպէս տեղեկացուց Ռատիօ Վատիկանը, Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որ ներկայ էր Սբ. Պատարագին, «Մեծն Սուրբ Գրիգոր» շքանշանով պարգեւատրեց Գրիգոր Նարեկացիի մատենագրութեան ֆրանսացի ուսումնասիրող, մեծ հայագէտ Ժան Փիեռ Մահէն:

Սիւնհոդոսական նիստերու ընթացքին եպիսկոպոսները քննարկած են Հայ կաթողիկէ համայնքներու հրատապ լուծում պահանջող հարցեր, որդեգրած են որոշումներ, որոնց մասին յետագային կը կատարուին առանձին յայտարարութիւններ եւ կարգադրութիւններ: Կատարուած են եպիսկոպոսական ընտրութիւններ: Առայժմ պաշտօնապէս յայտարարուած է Գերյ. Հ. Գէորգ ծ.վ. Ասատուրեանի եւ գերպ. Հ. Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի եպիսկոպոսական ընտրութեան մասին: Նորընտիր եպիսկոպոսներուն ձեռնադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2015 նոյեմբերի 21-ին:

Նիստերու ընթացքին սիւնհոդոսական հայրերը իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են յատկապէս հետեւեալ կէտերուն վրայ. –

1. Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու վիճակը, անոնց օգնութիւն տրամադրելու հարցերը, գաղթականութեան հետեւանքով գաղութներէն ներս ստեղծուող ճգնաժամային դրութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:

2. Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մասնայատուկ կանոնագրքի վերանայման կարեւորութիւնը,

3. Միջհամայնքային եւ միջեկեղեցական երկխօսութեան զարգացման հեռանկարները: Արհի. Տ. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանին հրաւէրով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ սիւնհոդոսական հայրերը 2015 սեպտեմբերի 24-ին կը մասնակցին Կիւմրիի նորակառոյց Սրբոց Նահատակաց առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութեան: Հոգեւոր Տէրը նաեւ կը տեսակցի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ.ի, Հայաստանի պետական պաշտօնատարներու հետ, կը մասնակցի Սբ. Էջմիածնի մէջ տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնէքի արարողութեան,

4. Հայ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը 2016 յուլիսին Լեհաստանի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կազմակերպելիք Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան եւ այլ հարցեր: