Երկուշաբթի 7 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սանդա Մարթա հիւրանոցի մատրան մէջ իր առաւօտեան սուրբ Պատարագին մասնակից դարձուց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, եկեղեցական հաղորդութիւն շնորհելով անոր:
Ինչպէս ծանօթ է, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը, իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք, եւ ինչպէս 1742 թուականէն ի վեր սովորութիւն է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարքներուն, յատուկ նամակով մը եկեղեցական հաղորդութիւն խնդրած էր Սրբազան Քահանայապետէն, եւ Քահանայապետը արդէն 25 յուլիս 2015 թուակիր գրաւոր նամակով մը հաստատած էր զայն: Այս սուրբ Պատարագը եկաւ աւելի հաստատելու, ի տես Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ ամբողջ աշխարհին, միութեան կապը, որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին՝ յանձին իր գլխուն եւ պետին, ունի Պետրոս առաքեալի յաջորդին հետ:
Այս ուրախալի առիթին մասնակցեցան նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի անդամները, ինչպէս նաեւ այլ հոգեւորականներ:
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը յատուկ ունկնդրութեան մը ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց տախտակի վրայ զետեղուած ոսկիէ խաչքար մը, որ զարդարուած էր փայլուն քարերով: Այնուհետեւ, բոլոր մասնակիցներուն առիթ տրուեցաւ ողջունելու եւ ստանալու Սրբազան Քահանայապետին օրհնութիւնը:
Նշենք որ Սրբազան Քահանայապետին այս սուրբ Պատարագին մասնակցեցան նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Համաժողովի նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի եւ նոյն համաժողովին քարտուղարներն ու ենթաքարտուղարը: