Նախագահ Սերժ Սարգսեան 25 Սեպտեմբեր 2015, ուրբաթ ընդունած է Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին ուղեկցութեամբ Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կապրոյեան Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ արհի․ Ռաֆայէլ արք․ Մինասեանին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին մամուլի ծառայութիւնը, Հանրապետութեան Նախագահը ողջունած է հիւրերը եւ գոհունակութեամբ հաստատած, որ Հայաստանի եւ Վատիկանի` աւելի քան 20-ամեայ պատմութիւն ունեցող դիւանագիտական յարաբերութիւնները մշտապէս յատկանշուած են բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեամբ: Նախագահի խօսքով, կարդինալ Սանտրիի այցը վառ ապացոյցն է այն իրականութեան որ հայ-վատիկանեան յարաբերութիւնները մշտապէս երկկողմ հոգածութեան առարկայ են եւ կը շարունակուին ամրապնդուիլ։
Սերժ Սարգսեանը բարձր գնահատած է կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի անձնական մեծ աւանդը երկկողմ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ, նշելով, թէ տեղեակ է՝ որքան ուշադիր եւ հոգատար է կարդինալը հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն նկատմամբ։
Հանդիպման ժամանակ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ, կարդինալ Լէոնարտօ Սանդրին պարգեւատրած է Բարեկամութեան Շքանշանով՝ հոգեւոր արժէքներու պահպանման, Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ երկկողմ կապերու ամրապնդման ի նպաստ ներդրած նշանակալի աւանդի, ինչպէս նաեւ հայանպաստ ակտիւ գործունէութեան համար:
«Շնորհակալ ենք Ձեր անձնական նուիրումի եւ մեծ աջակցութեան համար։ Ընդունեցէք խնդրեմ, Ձերդ Սրբազնութիւն, այս պարգեւը՝ որպէս խորհրդանիշ մեր մեծ երախտագիտութեան։ Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան էջերուն մէջ մեծ ակնածանքով կը պահէ այն անունները, որոնք անտարբեր չեն եղած իր խնդիրներուն նկատմամբ, որոնք երբեւէ մասնակցած են անոնց լուծումին», ըսած է ՀՀ Նախագահը:
Սերժ Սարգսեան նշած է, թէ դժուար է գերագնահատել Վատիկանի դերը ոչ միայն քրիստոնեայ աշխարհի համախմբման ուղղութեամբ, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու, հանդուրժողականութեան, փոխըմբռնման ու խաղաղութեան պահպանման ուղղութեամբ: Ասոր վառ վկայութիւնն է Վատիկանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը, որ պատմական արդարութեան վերականգնումին ուղղուած քայլ էր եւ յարգանքի տուրք այն հայ քրիստոնեաներուն, որոնք զոհ դարձան Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ գործադրուած ահասարսուռ ոճրագործութիւններուն: Հռոմի Պապին կողմէ ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին մատուցուած պատարագի տպաւորութիւնները, ըստ Հանրապետութեան Նախագահին, դեռ երկար տարիներ կը մնան հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ։
Սերժ Սարգսեան նշած է, թէ հայ ժողովուրդին համար մեծ հպարտութիւն է, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ՝ շուրջ 2000-ամեայ պատմութեան ընթացքին «Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ» տիտղոսին արժանացած 36 մեծագոյն մտածողներէն մէկն ալ հայ ժողովուրդի զաւակ, միջնադարեան մտքի հանճար, Աստուածաշնորհ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին է։
Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւորուած է նաեւ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ մշակութային համագործակցութեան զարգացումը: Զրուցակիցները ողջունած են այս ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը՝ գոհունակութեամբ արձանագրելով, որ մշտապէս բարձր մակարդակի վրայ է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ համագործակցութիւնը։
Կարդինալ Սանտրին երախտագիտութիւն յայտնած է իրեն շնորհուած բարձր պարգեւին եւ ջերմ ընդունելութեան համար՝ նշելով, որ իր նկատմամբ ցուցաբերուած նման վերաբերմունքը կ՛ընդունի Հայաստանի վսեմ հողի եւ անոր որդիներու ու դուստրերու նկատմամբ մեծագոյն պատկառանքով եւ բարեկամութեան զգացումով: «Երկար տարիներ ծառայելով որպէս պետական քարտուղարի տեղակալ, իսկ այժմ նաեւ Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ կարդինալ՝ ես առիթը ունեցած եմ մասնակցելու միջոցառումներու, որոնք բարեկամութեան եւ փոխգործակցութեան օրինակ են ձեր երկրի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ. Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունման 1700-ամեակի տօնակատարութիւնը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի յիշարժան ճանապարհորդութիւնը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանի տեղադրումը Սուրբ Պետրոսի տաճարի խորաններէն մէկուն վրայ, նոյն տաճարի բակերէն մէկը ի պատիւ անոր անուանակոչումը, բազում այցեր Սրբազան Քահանայապետին, անոնց շարքին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ, եւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած պատարագը, որ մատուցուեցաւ Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի կողմէ՝ Սուրբ Պետրոսի խոստովանութեան զոհասեղանին մօտ, եւ որուն ականատեսը դարձաւ ամբողջ աշխարհը։
Մենք իսկապէս կրնանք ասիկա կոչել լիաժէք բարեկամութիւն, եւ ես կ՛ողջունեմ այս պատիւը, որ այսօր կը շնորհուի ինծի՝ ի նշան այս սերտ կապի Հայաստանի Հանրապետութեան, Սրբազան քահանայապետին եւ Առաքելական աթոռին միջեւ:
Ես կ՛ընդունիմ, որ ան կը շնորհուի ոչ այնքան իմ անձին, որքան Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին: Անշուշտ, ասիկա մեծ պատիւ է բոլոր անոնց համար, որոնք կը սիրեն Հայաստանը՝ երկիր մը, որ այնքան հպարտ է իր քրիստոնէական ինքնութեամբ եւ նաեւ վեհանձն մարդոցմով ու մշակոյթներու նկատմամբ իր անկեղծութեամբ, յարգալից է մարդու եւ ազգերու համաձայնութեան հարցին մէջ ամրագրուած իրաւունքներուն նկատմամբ», ըսած է կարդինալ Սանտրին ՀՀ Նախագահին հետ հանդիպման ժամանակ:
Կարդինալ Սանդրին իր կարգին ՀՀ Նախագահին յանձնած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին կողմէ իրեն շնորհուած Ոսկէ Մետալը: