Պարտական ենք մեր ինքնութեան

Պարտական ենք մեր ինքնութեան

Ամէն անգամ որ Տէրունական աղօթքը՝ «Հայր մեր»ը արտասանենք, Աստուծմէ կը խնդրենք թողութիւն մեր մարդկային տկարութիւններուն պատճառաւ գործուած ամէնօրեայ պարտքերուն՝ մեղքերուն համար։ Կ՛երեւի թէ աղօթք մըն ալ պէտք է բարձրացնենք քաւութիւն խնդրելու համար մեր ինքնութեան հանդէպ մեր գործած բոլոր մեղքերուն։ Որպէս Հայ՝ պարտական ենք հաւատարիմ ըլլալու եւ յանձնառու մնալու մեր եկեղեցւոյն, ազգին, հողին, լեզուին, մշակոյթին ու դատին։ Սակայն դժբախտութիւն է տեսնել հայեր, որոնք իրենց անտարբերութեամբ, անպատասխանատուութեամբ եւ ձուլումի տանող ամէն տեսակի միջոցներով, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար կը դրժեն, կը մերժեն եւ կ՛ուրանան իրենց ինքնութիւնը։ Ի՞նչ կը նշանակէ այսօր հայ ըլլալ եթէ ոչ գիտակցաբար ճանչնալ իր արժէքը եւ արժեւորել իր ճանաչումը։

Կը գրեմ այս տողերը ազդուած մի քանի դէպքերէ, որոնք պատահեցան անձամբ հետս։

Կը գտնուէի ճաշարանի մը մէջ, լիբանանցի (ոչ հայ) բարեկամի մը հետ, եւ կը խօսակցէինք անշուշտ արաբերէն լեզուով։ Հեռաձայնս հնչեց եւ պատասխանեցի։ Հայ բարեկամ մըն էր՝ որուն հետ բնականաբար հայերէնով խօսեցայ։ Երբ աւարտեցի խօսակցութիւնս, մեր կողքին նստող ընտանիքի մը հայրը, ինծի դառնալով արաբերէնով ըսաւ. «Ո՞ր լեզուով կը խօսէիր»։ «Հայերէն» պատասխանեցի։ Ան՝ անկեղծ արտայայտութիւններով փորձելով բացատրել ինծի թէ ինչո՞ւ համարձակած էր իր հարցումը ուղղել, ըսաւ. «Պէտք է Լիբանանի բոլոր վարժարաններուն մէջ դասաւանդուի նաեւ հայերէն լեզուն։ Ես պէտք չէ զգամ որ դուն օտար մըն ես, եւ ոչ ալ դուն կարծես թէ ես քեզի կը գերադասեմ իմ լիբանանցիութեամբս։ Լիբանանի մէջ հեռաւոր երկիրներու լեզուները կը սորվինք, բայց մեզ հետ ապրողին լեզուն չենք գիտէր։ Հայերը ամենահամեստ ու խոնարհ ժողովուրդը եղած են այս երկրին։ Անոնք հիմը դրած են Լիբանանի զարթօնքին։ Մենք պէտք չէ ապաւինինք պետութեան, ուր մարդիկ զբաղած են իրենց անձնական շահերով եւ ոչ մէկ ձեւով կը հետաքրքրուին ժողովուրդով։ Մենք պէտք է իրարու ապաւինինք։ Լիբանանը այսօր միմիայն շինարարական գործերու ուժ կու տայ, սակայն կը մոռնայ թէ հիմնականը մարդը շինելն է։ Լիբանանը հարուստ է մշակոյթով եւ համայնքային այլազանութեամբ, եւ երանի մեզի որ այսպիսի շրջանակի մը մէջ ծնած ու մեծցած ենք, դժբախտաբար սակայն արժէքը չենք գիտէր։ Ընդհակառակը, զանոնք կ՛օգտագործենք իրարու դէմ պայքարելու համար։ Շնորհիւ հայերուն է որ այս երկրին տնտեսութիւնն ու մշակութային արժէքները վերականգնեցան։ Դարձեալ կը կրկնեմ, իւրաքանչիւր լիբանանցի պէտք է հայերէն լեզուն սորվի»։ Կողքէս հնչող այս դրուատալի խօսքերու աւարտին, մտածեցի թէ մենք ալ բաւական թերացած ենք, որպէս հայեր, մեր պարտականութեան մէջ, որ է մեր լեզուն ու մշակոյթը ճանչցնել ուրիշին, մանաւանդ այն ուրիշին որուն հետ կ՛ապրինք։ Թերեւս հեշտ չէ, թերեւս հնարաւոր ալ չէ, պարտադրել լիբանանեան բոլոր վարժարաններուն որ դասաւանդեն մեր լեզուն, սակայն զգալի է թէ լիբանանցին, նման տարբեր ազգի ժողովուրդներու, ցանկութիւնն ունի աւելիով ծանօթանալու մեզի։ Գնահատելով հանդերձ այն ճիգերը որոնք կը թափուին կազմակերպելու բազմազան ձեռնարկներ, որոնց նպատակն է ծանօթացնել ուրիշին մեր հարստութիւնները, սակայն յայտնապէս այդ ճիգերը բաւարար չեն մեր անմիջական շրջապատին հետաքրքրութիւնն ու ցանկութիւնը գոհացնելու համար։ Որով տակաւին շատ բան ունինք ընելիք։

Ուրիշ դէպք մը։

Գրասենեակիս մէջ նստած, հանդիպում մը ունեցայ կնոջ մը հետ, որուն զաւակը հանդիսաւորապէս սուրբ Հաղորդութիւնը ստանալու պիտի պատրաստուէր։ Ան խնդրեց արտօնագիր մը, որպէսզի զաւակը կարենար , իր յաճախած վարժարանին մէջ, բարեկամներուն հետ միասին մասնակցիլ այս հոգեպարար արարողութեան, փոխանակ իր ժողովրդապետութեան մէջ կատարելու զայն։ Կինը արաբ էր, ամուսնացած հայ մարդու մը հետ։ Որպէս վարդապետ, անշուշտ փորձեցի խրատել եւ համոզել տիկինը, որ իր զաւակը մեր ժողովրդապետութեան մէջ պատրաստուէր եւ մասնակցէր սուրբ Պատարագին, որպէսզի առիթը ունենար, որպէս հայ, ծանօթանալու իր եկեղեցւոյն, եւ գէթ հայերէնով սկսէր աղօթել։ Կինը տխուր արտայայտութեամբ մը պատասխանեց. «Վարդապետ զիս մի այպաներ, այլ՝ ամուսինս։ Ես տասնմէկ տարիէ ի վեր պսակուած եմ։ Առաջին օրէն խնդրեցի իրմէ որ հայերէն սորվիմ, որպէսզի օտար չի նկատուիմ շրջանակին մէջ, եւ կարենամ յետագային նաե՛ւ զաւակներուս հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել։ Ան մերժեց, որպէսզի կարենար իր ծնողքին հետ ազատօրէն իմ մասիս խօսիլ հայերէնով։ Մի քանի տարի չանցած, երբ անդրադարձան թէ արդէն եւ հակառակ իրենց կամքին սկսած էի մի քանի բառեր հասկնալ, սկսան թրքերէն խօսիլ իրարու հետ, որպէսզի դարձեալ չկարողանամ հասկնալ։ Երբ զաւակ ունեցանք, ան մերժեց հայկական վարժարան արձանագրել զինք։ Վարդապետ, խնդրեմ արտօնագիր տուէք, կ՛ուզեմ որ աղջիկս սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը ստանայ։ Եթէ չտաք, ամուսինս պիտի չի՛ թողու որ ան ժողովրդապետութեան մէջ ստանայ սուրբ Հաղորդութիւնը, եւ այսպէսով զաւակս պիտի զրկուի այս սրբարար արարողութենէն»։

Ընդհանրապէս կը մերժենք խառն ամուսնութիւնը, կարծելով, նաեւ վստահ ըլլալով, թէ օտար կողմը կրնայ պատճառ դառնալ որ զաւակները դադրին հայ ըլլալէ։ Այս պարագային սակայն ո՞վ է յանցաւորը։

Միեւնոյն օրը, նմանօրինակ ուրիշ պարագայի մը առջեւ գտնուեցայ, այն միակ տարբերութեամբ որ այս անգամ հայրը, որ հայ էր, անձամբ ներկայացաւ ըսելու համար թէ ինք յօժար էր որ իր զաւակը ժողովրդապետութեան մէջ մասնակցէր հանդիսաւոր սուրբ Հաղորդութեան արարողութեան, սակայն կինը, որ արաբ էր, կը մերժէր։ Երբ փորձեցի խրատել, ան ըսաւ. «Վարդապետ, կ՛ուզես որ այս գիշեր տունէս դո՞ւրս պառկիմ»։ Աւելի լաւ է չմեկնաբանել, որովհետեւ արդէն լեզուս պապանցեցաւ երբ լսեցի այս խօսքերը հա՛յ տղամարդէ մը։

Թող մեր նախահայրերը ներեն մեր յանցանքները՝ մեր պարտքերը զորս ունինք մեր ինքնութեան հանդէպ։ Չի՛ բաւեր «հայ ըլլալ» միմիայն պետական փաստաթուղթերով, կամ միմիայն հայկական անձնագիրը ձեռք բերելու համար։ Ամէն մարդու չէ վիճակուած հայ ըլլալ, որովհետեւ ամէն մարդ կարող չէ, բայց անոր որ ալ վիճակուած է, թող գիտնայ զայն վեհանձնութեամբ արժեւորել։

Ս.Կ.