ԵՐԿՈՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՕԾՄԱՆ ՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒԱԾ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՄԷՋ «ՄԵՆՔ ԿԱ՛ՆԳ, ԿԸ ՄՆԱ՛ՆՔ ՈՒ ԿԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐԵՆՔ ԱՇԽԱՐՀԸ» ԳՈՉԵՑ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

ԵՐԿՈՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՕԾՄԱՆ ՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒԱԾ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՄԷՋ  «ՄԵՆՔ ԿԱ՛ՆԳ, ԿԸ ՄՆԱ՛ՆՔ  ՈՒ ԿԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐԵՆՔ ԱՇԽԱՐՀԸ» ԳՈՉԵՑ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Ոչ միայն Հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու դասին եւ ընդհանրապէս Հայ կաթողիկէ համայնքին համար, այլ համայն լիբանանահայութեան համար ցնծալի ու յիշարժան իրադարձութիւն մը հանդիսացաւ հայ կաթողիկէ երկու քահանաներու եպիսկոպոսական օծման եւ ձեռնադրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 21 Նոյեմբեր 2015, Շաբաթ երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, առընթերակայութեամբ Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերու։

Արդարեւ, Հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանին եւ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Ասատուրեանին եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծումին ուրախութիւնը Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան հետ բաժնելու եկած էին պապական նուիրակը՝ Կապրիէլ եպիսկ. Քաչիա, Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառին ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տէր Շահէ եպիսկ. Փանոսեան, մարոնիթներու Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Ռաիի ներկայացուցիչ՝ մարոնիթներու Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, քոյր եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, Լիբանանի պետական ու պաշտօնական մարմիններու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի դեսպանութիւններուն ներկայացուցիչները, լիբանանեան եւ լիբանանահայ կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ ժողովուրդ մը, որուն համար նեղ կու գար աթոռանիստ եկեղեցին, մինչ աշխարհասփիւռ քրիստոնեայ հաւատացեալ հասարակութիւնը հոգեպարար արարողութեան կը հետեւէր «Թելէ-Լիւմիէր»ին կողմէ կատարուած ուղղակի սփռումին միջոցաւ։ Պաշտօնական անձնաւորութեանց եկեղեցի ժամանումը կը դիմաւորուէր ՀԿՄ.ի շեփորախումբին կողմէ։

o6

Արարողութեան ներկայ ժողովուրդը յոտնկայս ծափահարութիւններով դիմաւորեց «Կռունկ» երգչախումբին կողմէ հնչեցուած «Հրաշափառով» եկեղեցի մուտքը՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ գլխաւորուած եւ երկու եպիսկոպոսութեան կոչեցեալները շրջապատող եպիսկոպոսներու, գերյարգելի, գերապատիւ հայրերու, սարկաւագներու, սպասաւորներու թափօրին։

Ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։

Ձեռնադրակից երկու եպիսկոպոսներ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի առաջնորդ գերապայծառ Միքայէլ Մուրատեան՝ հայերէնով, եւ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ գերապայծառ Յովհաննէս Թէյրուզեան՝ արաբերէնով ընթերցեցին Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Կոնդակը՝ Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի՝ իբրեւ Սպահանի առաջնորդ Իրանի կաթողիկէ Հայոց եպիսկոպոս, եւ Գէորգ ծ.վ. Ասատուրեանի՝ իբրեւ Ամիտայի տիտղոսակիր Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս ընտրութեան մասին Հայ կաթողիկէ Սիւնհոդոսին կողմէ եւ որ արժանացած է Սրբազան Քահանայապետի հաճութեան։

o7

Ներկայ ժողովուրդը բերկրալից յուզումով հետեւեցաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ կատարուած՝ երկու կոչեցեալներու օծման եւ ձեռնադրութեան իւրաքանչիւր մասին, որ տեղի ունեցաւ «Կռունկ» երգչախումբին կողմէ երգուած հայկական շարականներու հնչիւնին ներքեւ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը սրբալոյս միւռոնով օծեց կոչեցեալներուն ճակատներն ու ափերը, ապա անոնց յանձնեց եպիսկոպոսական իշխանութիւնը խորհրդանշող գաւազանը, մատանին, Աւետարանը, բանակէն, եմիփորոնը եւ հուսկ՝ խոյրը։ Ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը ինքնաբուխ ծափահարութեամբ ողջունեց եպիսկոպոսական իշխանութեան յանձնումը երկու նորօծ եպիսկոպոսներուն։

o4Օծման եւ ձեռնադրութեան արարողութեան աւարտին տուած իր պատգամին մէջ, Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը շնորհաւորելէ ետք նորօծ եպիսկոպոսները նշեց կեանքի այն դժուարին, տագնապալի ու տառապալի պայմանները որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին այսօր ժողովուրդներ որոնց ծառայելու կոչուած են եպիսկոպոսները։ Նշելէ ետք որ մարդիկ յուսաբեկ եւ թերահաւատ՝ սկսած են կորսնցնել իրենց հաւատքը հանդէպ Աստուծոյ՝ մտածելով որ Աստուած լքած է զիրենք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յարեց.- «Դուք կոչուած էք յոյս եւ լոյս տալու անոնց։ Պիտի զօրացնէք անոնց հաւատքը եւ զանոնք պիտի մօտեցնէք Աստուծոյ»։

Կոչ ընելով եպիսկոպոսներուն իրենց կեանքին օրինակով եւ Քրիստոսի ուսուցումներով ու լոյսով դառնալու Քրիստոսի վկաները, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ որ «եթէ դուք աղօթքով միացած ըլլաք Քրիստոսի եւ անոր անուշ հոտը բուրէք ու մօտենաք ժողովուրդին, անոր մէջը ըլլաք, անոր առջեւէն քալէք, զայն լսէք, այն ատեն դուք ալ ոմն Քրիստոս կը դառնաք, ձեզմով ուժ կ’առնեն, եւ ձեզի հետ միասին ուղեկից կ’ըլլան դէպի Տէրը՝ Քրիստոս, որ մեր երջանկութիւնն է, մեր ողորմած, մեր գթած հայրն է եւ կը հրաւիրէ մեզ իր յաւիտենական երանութեան։ Մենք ձեզի հետ գօտեպնդուած ենք։ Մէկ սիրտ ու մէկ հոգի պիտի ըլլանք, որպէսզի մեր Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին, հաւատացեալները եւ մեր հայ ժողովուրդը, ուր որ ալ գտնուի՝ Մայր Հայրենիք, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ տարածուած, իսկապէս զգայ որ Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք մեր նահատակներուն շնորհքով ու բարեխօսութեամբ մենք կա՛նգ, կ’ապրի՛նք, կը մնա՛նք, կը լուսաւորենք աշխարհը ու կ՛երթանք, վկաները կ՛ըլլանք մեզ սիրող Աստուծոյ, նախախնամող Աստուծոյ, որ մեզ չի լքեր»։

o5

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, պապական նուիրակը՝ գերապատիւ Կապրիէլ Քաչիա կարդաց Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին ողջոյնի խօսքը։

Հուսկ, իրենց սրտի ու շնորհակալութեան խօսքը արտասանեցին նորօծ եպիսկոպոսները՝ գերապայծառ Սարգիս Դաւիթեան (հայերէն) եւ գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան (արաբերէն)։ Անոնք նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ եւ ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ սիւնհոդոսական հայրերուն, խոստանալով ի դերեւ չհանել իրենց վրայ դրուած յոյսերը եւ խնդրելով ներկաներէն այս նպատակով աղօթել։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին պետական, պաշտօնական, զինւորական մարմիններու ներկայացուցիչներուն, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, տարբեր երկիրներէ ժամանած հիւրերուն ու հարազատներուն, հաղորդամիջոցներուն եւ յատկապէս «Թէլէ-Լիմիէր»ին եւ բոլոր ներկաներուն։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, նորօծ եպիսկոպոսները ներկաներուն շնորհաւորութիւնները ընդունեցին եկեղեցւոյ մէջ։