Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Միութիւններու Համախմբումի մարդասիրական ծրագիրը

Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Միութիւններու Համախմբումի մարդասիրական ծրագիրը

Սրբազան Քահանայապետ Ֆրաչիսկոս 2016 տարին հռչակեց Ողորմութեան տարի: Այս դիտաւորութենէն մեկնելով, աշխարհատարած կաթողիկէ եկեղեցին որդեգրեց այս հռչակումը եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցին ալ իր կարգին «Հօր Պէս Ողորմած» կարգախօսով սկսաւ ծաւալել հռչակումին համապատասխան աշխատամք:

Այս շրջագիծէն ներս, համամարդկային համոզում դարձած է Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով ուրախացնել բոլորը, ի մասնաւորի չքաւորներն ու կարիքաւորները: Արդարեւ, ողորմած եւ բարեգործ ըլլալու նպատակ հետապնդելով, Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւնը ծրագրեց Ս. Ծննդեան տօնին առիթով միացեալ աշխատանք մը, համագործակցութեան հրաւիրելով հայ կաթողիկէ երիտասարդական միութիւնները՝ ՀԿՄ Պատանեկան Զալքայի մասնաճիւղը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտախումբը, Ս. Մեսրոպի սկաուտախումբը եւ ՀԿՄ Շեփորախումբը:

ՀԿՀՄ-ի եւ վերոնշեալ չորս միութիւններու համախմբումը կոչուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Միութիւններու Համախմբում, որ իր ծրագիրը կոչեց «United for Christmas» (Միասնականութիւն Ս. Ծննդեան առիթով):

Հայ Կաթողիկէ երիտասարդական միութիւններուն համար նորութիւն մը չէր տօնական օրերուն եւ մասնաւորաբար Ս. Ծննդեան տօնին առիթով մարդասիրական ծրագիրներ մշակելն ու գործադրելը: Անոնք ամէն տարի անհատական միջոցառումներով կը կատարէին այդ մէկը, որ սակայն առանց անդրադարձի կ՚անցնէր շատերուն մօտ: Արդ, հաւատալով, որ միութիւնը զօրութիւն է եւ միասին միշտ աւելի զօրաւոր կ՚ըլլանք ու մեր աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ, Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Միութիւններու Համախմբումին աշխատանքները ծրագրուեցան ու գործադրութեան դրուեցան հանգրուանային յաջորդականութեամբ:

Ա. հանգրուան.
Չքաւոր ընտանիքներու սեղանին ճաշ ապահովելու մտադրութեամբ միութենականները մէկ ամսուան տեւողութեամբ, ամէն շաբաթավերջին խմբակներու վերածուելով ներկայ գտնուեցան Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի շարք մը անուանի վաճառատուներու մուտքին եւ անհրաժեշտ ուտելիքներու ցանկով մը ներկայացան այցելու յաճախորդներուն, ստանալով անոնց առատաձեռն օժանդակութիւն-ները:

u2

17 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ հաւաքուած ուտեստեղէնները կարգաւորելու եւ իւրաքանչիւր ընտանիքի համար զանոնք տոպրակներու մէջ դասաւորելու աշխատանքը: Պատրաստուեցան 360 տոպրակներ, որոնք վաստակաշատ ընկերային ծառայող Տիկ. Անի Գալուստի համադրութեամբ պիտի բաժնուէին հայ կաթողիկէ չքաւոր ընտանիքներու: Տիկ. Գալուստ անձամբ ստանձնեց այդ ընտանիքներու ցանկին պատրաստութիւնը եւ անոնց հետ կապ հաստատելը, որոնց եկաւ աւելնալու միութիւններու կողմէ առաջարկուած կարգ մը ընտանիքներու անունները:

Շաբաթ, 19 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11:00-ին այդ ընտանիքները ժամադրուած էին ներկայանալու Պուրճ Համուտի ՀԿՄ-ի սրահը, ուր կազմակերպչական գերագոյն բծախնդրութեամբ, միայն 55 վայրկեաններու տեւողութեամբ կատարուեցաւ 180 ընտանիքներու ուտելիքներու բաժանումը, ուր անոնք կը գտնէին մօտաւոր մէկ ամսուայ բաւարար պահածոյ եւ այլ տեսակի ուտեստեղէններ:

Նշենք նաեւ, որ այս ուտեստեղէններէն բաժին մըն ալ յատկացուեցաւ համայնքի որբանոցներուն մէջ ապաստան գտած փոքրերուն:

Բ. հանգրուան.
Չքաւոր ընտանիքի մը աննպաստ պայմաններու մէջ գտնուող բնակարանը նորոգելն էր Համախմբումի ծրագիրին երկրորդ բաժինը: Երկար փնտռտուքէ ետք կարելի եղաւ ընտրութիւն կայացնել Պուրճ Համուտի Արագած շրջանին մէջ «բնակարան» կոչուող տունի մը շուրջ, ուր կ՚ապրէին տիկին մը եւ իր պզտիկ զաւակը: Այդ տունը կը գտնուէր վատ, անբնակելի վիճակի մէջ. պատուհանները չունէին ապակի, պատշգամը առանց դուռի էր, պատերուն ներկը իրենց իսկական գոյնը շատոնց կորսնցուցած էին, մուտքի դուռը այնքան խրխլած, որ կարծես նման էր տան բաղնիքին, որ առանց դուռի էր: Հարկ է աւելցնել որ այս տան մէջ պահարան իսկ գոյութիւն չունէր:

Համախմբումին ներկայացուցիչները, աշխատաւորներու ընկերակցութեամբ, գործադրեցին այս տան վերանորոգումը: Յունուարին սկիզբ առած աշխատանքը տեւեց մինչեւ ամսուան աւարտը, եւ այդ բնակարանը դարձաւ բնակելի վայր մը:

Նշենք, որ այս մէկը կարելի եղաւ իրականութիւն դարձնել շնոհիւ հայ կաթողիկէ վարժարաններուն եւ եկեղեցիներուն միջոցաւ կատարուած դրամահաւաքին օգնութեամբ:

Այս ծրագիրներու գործադրութիւնը մեծ ուրախութիւն եւ հոգեկան բաւարարութիւն պատճառեց Համախմբումին մաս կազմող եւ անոր աշխատանքին սատարող իւրաքանչիւր միութենականի: Չքաւոր, կարիքաւոր ընտանիքներու դէմքին վրայ գծուած ժպիտն ու մեզի համար Աստուծոյ ուղղած անոնց մաղթանքները արդէն շնորհակալութեան ամենամեծ խօսքերն էին, որոնց կարիքը չէինք զգար արդէն, որովհետեւ հաւատացած եւ անձնուրացօրէն նուիրուած էինք մեր կատարած աստուածահաճոյ գործին: Այս համագործակցութեան հիմքը եղած է «տնանկին ողորմութիւն ընողը Ստեղծիչը կը պատուէ» սուրբ գրային հատուածը, որ կարելի եղաւ իրագործել շնորհիւ միասնական աշխատանքին, որուն ուժին ու կարողականութեան հաւատացած է հայ կաթողիկէ միութենական իւրաքանչիւր անդամ:

u3

Այս տողերը կը գրենք ոչ ինքնագովութիւն կատարելու նպատակով, այլ որպէսզի այս տիպի աշխատանքները օրինակ դառնան բոլորին, մանաւանդ հայ կաթողիկէ նորահաս սերունդին, եւ անոնք քաջալերուին, մղուին ու ծաւալեն բարեգործական գործունէութիւն, միշտ օգնութեան ձեռք մեկնելով կարիքաւորին, եւ այս մէկը կատարել անշահախնդիր միասնական ոգիով:

Գալիք տարիներուն նման աշխատանքներ իրագործելու յոյսով՝ միշտ ձեր տրամադրութեան տակ կը գտնէք հայ կաթողիկէ երիտասարդական միութիւններու անձնուէր ծառայութիւնը:

 

ՀԿՀՄ-ական