Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած աննախընթաց Կոմիտասեան համերգ Դամասկոսի մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած աննախընթաց Կոմիտասեան համերգ Դամասկոսի մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Դամասկոսի մէջ կատարուեցաւ աննախընթաց համերգ մը, 29 հոկտեմբեր 2015-ին, ազգային օփերայի «Տրամա» սրահին մէջ, նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններուն, «Կոմիտաս, նահատակ հանճարը» խորագրով, կատարողութեամբ Սուրիոյ սեմֆոնիք նուագախումբին ու Դամասկոսի երաժշտանոցի սենեկային երգչախումբին, խմբավարութեամբ մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի: Համերգը կազմակերպուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ոգեկոչման Դամասկոսի մարմնին կողմէ, համագործակցութեամբ Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդութեան ու հովանաւորութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան: Համերգին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ արաբ երաժշտասէրներ, մտաւորականներ, խորհրդարանի ու կառավարութեան անդամներ, դեսպաններ, դիւանագէտներ եւ արուեստագէտներ, ինչպէս հանրայայտ դերասան Տորէտ Լահհամն ու տիկինը, գլխաւորութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարար տիար Իսամ Խալիլի ու տնտեսութեան նախարար Հումամ Ժազայիրի, ինչպէս նաեւ համայնքիս հոգեւոր առաջնորդ հայրերուն՝ Տ.Արմաշ եպս. Նալպանտեանի ու Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանի, Գերապատիւ Հ.Գէորգ վրդ. Պահէեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ․ Արշակ Փոլատեանի, քոյր համայնքներու եպիսկոպոսներու ու հոգեւորականներու, դամասկահայ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մեծ թիւով հայորդիներու: Համերգէն առաջ ներկաները առիթը ունեցան այցելելու Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած նկարներու ցուցահանդէսը: Մշակոյթի նախարարը` տեսնելով օսմանեան Թուրքիոյ վայրագութիւնները պատկերող նկարները, հաստատեց թէ, տահէշն ու օսմանցիները վայրագութեան նոյն մշակոյթին կը պատկանին:

d1

Աննախընթաց համերգ մըն էր կոմիտասեան այս երեկոն, որու նպատակը արաբ հանդիսատեսին հայկական երաժշտութեան գոհարները ներկայացնելն էր Կոմիտասի հանճարին ընդմէջէն եւ միեւնոյն ժամանակ հաստատել այն իրողութիւնը որ Հայոց ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդը ֆիզիքապէս բնաջնջելու կողքին, կը հետապնդէր ոչնչացնել անոր մշակութային ժառանգութիւնը, արուեստն ու երաժշտութիւնը: Կոմիտասի աննման երաժշտութիւնը թեւածեց այդ երեկոյ Դամասկոսի օփերայի սրահին մէջ ու պահ մը ներկաները փոխադրեց հեռու պատերազմական մթնոլորտէն, դէպի բարի ու մաքուր հորիզոններ: Կոմիտասի երգերն ու մանրանուագները կատարուեցան արաբ երաժիշտներու կողմէ, որոնք բարձր մակարդակով, մեծ ապրումով ու ճշգրիտ առոգանութեամբ ներկայացուցին ստեղծագործութիւնները:

Ելոյթը սկսաւ Կոմիտաս վարդապետի մշակած Ս. Պատարագի շարականներու կատարումով: Արական խումբի ընկերակցութեամբ՝ երաժշտանոցի աշակերտ հալէպահայ Լեւոն Ապաճեան հայ հոգեւորականի տարազով, խոր ապրումով կատարեց «Խորհուրդ Խորին» ու «Տէր Ողորմեա» շարականները, որուն յաջորդեց «Քրիստոս ի մէջ»ը արական խումբին կատարողութեամբ: Աղջկանց կազմն ալ միանալով խումբին՝ կատարեցին «Սուրբ Սուրբ» եւ «Քրիստոս Պատարագեալ» շարականները: Ներկաները լիացած էին ստեղծուած հոգեպարար մթնոլորտով: Շատերու համար նորութիւն էր հայկական շարականներու ունկնդրութիւնը: Հաճոյքով լսելի դարձան երգչախումբի կատարմամբ Կոմիտասի ժողովրդական երկու երգերը, «Գութաներգ» ու «Անձրեւն եկաւ», մենակատարութեամբ Լունա Մուհամմատի:

Այնուհետեւ բեմին վրայ իրենց տեղերը գրաւեցին նուագախումբին անդամները գործադրութեան դնելով յայտագրի երրորդ բաժինը` ժողովրդական երգեր նուագախումբի ընկերակցութեամբ: Սեմֆոնիք նուագախումբի երիտասարդ մենակատարներէն Մանար Խուէյս իր Սոփրանօ ջինջ ձայնով մեծ յաջողութեամբ մեկնաբանեց «Ծիրանի ծառ»ն ու «Քելէ Քելէ»ն, ապա Ղատա Հարպ ներկայացուց «Հոյ Նազան» ու «Կաքաւի երգ»ը յաջող երգեցողութեան միացնելով բեմական պատշաճ ու արտայայտիչ շարժումները: Սուզան Հատտատ` իր թաւ ու տպաւորիչ Ալթօ ձայնով, վարպետութեամբ կատարեց «Չինար ես» երգը: Սենեկային երգչախումբի անդամները միանալով նուագախումբին միասնաբար կատարեցին «Հաբրբան»ը: Ներկաները ջերմ ծափերով կ’ընկալէին ամէն մէկ կատարումը: Համերգի այս պահին ներկաները դիտեցին կարճ տեսաժապաւէն մը ուր տողանցեցին Կոմիտաս վարդապետի կեանքի զանազան հանգրուանները ու ստեղծագործութիւնները ներկայացնող լուսանկարներ, ընկերակցութեամբ վարդապետի 1912-ին կենդանի ձայնով արձանագրուած «Մոկաց Միրզէ» երգի ունկնդրութեան: Այս կարճ տեսաժապաւէնը վերջ գտաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ներկայացնող լուսանկարներով, անգամ մը եւս ներկաներուն յիշեցնելով թուրքերու ահաւոր ոճիրը ու հայ ժողովուրդի կամքը վերապրելու ու յաղթելու: Համերգը վերջ գտաւ «Գարուն ա» ու «Կռունկ» երգերով, որոնք իրենց մէջ կը ցոլացնեն Կոմիտասի ոգին, հայու տառապանքը ու սէրը առ հայրենիք:

d2

Ներկաները յոտնկայս երկարատեւ ծափերով ողջունեցին կատարողները, խմբավարը` մայեսթրօ Միսակը եւ բոլոր մենակատարները որոնք մասնակցեցան համերգին: Այստեղ նշենք թէ բոլոր գործերու փոխադրումներն ու սեմֆոնիք կազմի համար մշակումները կատարած էր Միսակ Պաղպուտարեանը: Այս առթիւ, ինչպէս սովորութիւն է, օփերայի տնօրէնութիւնը պատրաստած էր որակեալ տպագրութեամբ գրքոյկ մը, ուր տեղ գտած էին համերգին յայտագիրը, Կոմիտաս վարդապետի կենսագրական ամփոփ տուեալները ու խմբավարի, նուագախումբի ու մեներգիչներու կենսագրութիւնները: Նաեւ տպուած էր խօսք մը Արմաշ եպս. Նալպանտեանի, ուր կը բացատրուէր սոյն համերգը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին յիշատակութեան ծիրէն ներս կատարելու նպատակը, քանի Կոմիտաս վարդապետ թուրքերու մշակութային ցեղասպանութեան զոհերէն մէկն էր եւ երբ այսօր կը նշենք Կոմիտաս վարդապետի յիշատակը, վկան հայոց ցեղասպանութեան ու անոր սուրբ նահատակներէն մէկը, կը հաստատենք թէ թուրքը ձախողած է իր մշակութային ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ: Այստեղ Դամասկոսի մէջ, կը նշէ Արմաշ Սրբազան, սուրիական օրհնեալ, յարութեան ու կեանքի հայրենիքին մէջ, Ս. Նահատակներու երկրին վրայ, ահա Կոմիտասի երաժշտութիւնը ու երգերը կը կատարուին սուրիացի երաժիշտներու կողմէ: Խորին շնորհակալութիւն մշակոյթի նախարարին, օփերայի տնօրէնութեան ու սեմֆոնիք նուագախումբի պատասխանատուներուն, որոնք ամէն ինչ ըրին սոյն համերգը յաջողցնելու համար: Խօսքեր չեմ գտներ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար, միմիայն կրնանք գոչել՝ շնորհակալութիւն Սուրիա, ամփոփելով ամէն ինչ:

Նկատելով համերգին գտաժ մեծ ընդունելութիւնը, մշակոյթի նախարարութեան համամտութեամբ համերգը կրկնուեցաւ 5 նոյեմբերին, նոյն սրահին մէջ, միեւնոյն յաջողութեամբ ու բազմաթիւ երաժշտասէրներու ներկայութեամբ: Այստեղ տեղին է նշել թէ 29 հոկտեմբերի համերգը, մշակոյթի նախարարութեան թելադրանքով ուղղակի սփռուեցաւ պետական «Թալաքի» հեռուստակայանէն, իսկ տեղական մամուլը, ինչպէս նաեւ արաբական լրատուական այլ միջոցներ, յաջորդող օրերուն մեծ դրուատիքով արտայայտուեցան համերգի մասին ու յայտնի մտաւորականներ յօդուածներ ստորագրեցին մեծարելով հայ մշակոյթը ու Կոմիտաս վարդապետի հանճարը:

ՇԱՆԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ